Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆՇՄԱՐ.- ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ ՀԱՄԱՐ «ՂՕՂԱՆՋ ԵՂԵՌՆԱԿԱ՞Ն»…

$
0
0


Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարտ 2019

Վերջերս, «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ արտասովոր ծանուցում մը, որ, վստահ ենք, անկատ չմնաց ընթերցողէն, այլեւ (կը յուսանք) ցնցիչ դեր ունեցաւ շատերուն համար։ Կլենտէյլի «Գրատուն Պերճ»ը կոչ կ՛ընէր հայ հասարակութեան, որ գիրք չթափեն, այլ իրեն բերեն…
Ծանուցումը մարմնաւորուած էր երգիծանկարային պատկերով մը, հաւանաբար «թեթեւութիւն» տալու ողբերգութեան մը, որ ազգային աղէտի տարողութիւն սկսած է ստանալ հոս ու այլուր, ու եթէ այսօր Պարոյր Սեւակ ողջ ըլլար, հաւանաբար Կոմիտասի ծննդեանբ 150-ամեակին առիթով, իր «Անլռելի Զանգակատուն»ին մէջ ղօղանջ մը աւելցնէր, ողբալու համար Հայ Գիրքին դիմագրաւած եղեռնը։
Կարելի է բաւականանալ այսքանով, որովհետեւ ծանուցումը, ինքնին, աղաղակող կոչ մըն է հոգածու մնալու մեր մշակոյթին ու անոր գլխաւոր սիւներէն՝ Գիրքին նկատմամբ։ Կարելի է նաեւ սիւնակներ լեցնել, լուսարձակի տակ բերելու համար այս ողբերգութեան փուլերն ու ծալքերը։ Կը բաւականանք հետեւեալ նշումներով։
Նախ այն՝ որ Լոս Անճելըսի, նաեւ Քալիֆորնիոյ մէջ (ուր կը յոխորտանք, թէ արտերկրի ամէնէն հայաշատ ու կենսունակ գաղութը ունինք), ներկայիս կը գործեն միայն… երեք գրատուներ. «Պերճ»ին կողքին, կան «Սարդարապատ»ն ու «Ապրիլ»ը։ Այլ գրատուներ իրենց «Կարապի երգը» երգեցին ու լսող չունեցան։ Կար ժամանակ, երբ երախտաւոր հայորդի մը՝ Գուրգէն Խանճեան, ինքն իրեն առաքելութիւն տուած էր հայերէն գիրք տարածելու իբրեւ «շրջուն գրատուն»։ Անոր հրապարակէն քաշուիլն ալ մնաց աննկատ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսը տարի մը նուիրեց Հայ Գիրքին. մակերեսային եւ յաւուր պատշաճի արձագանգներէ անդին, այդ կոչն ալ դատապարտուեցաւ «ցամքելու»…։ Արդեօք պէ՞տք է մխիթարուած զգանք, ի տես եւ ի լուր Հայաստանի կամ Լիբանանի, մինչեւ անգամ տագնապ ապրող Հալէպի պէս օճախներու մէջ Հայ Գիրքի մոմին վառ մնալուն, այն ալ՝ խաւարին մէջ թոյզն նշոյլի մը տարողութեամբ, կամ՝ ինչպէ՞ս ողբանք գաղութի մը մէջ Համազգային գրադարանին հանդէպ անտարբերութեան իրականութիւնը, որ ի վերջոյ խումբ մը նախանձախնդիրներ մղեց հաւաքածոն Հայաստանի մէկ դպրոցին նուիրելու…
Որպէսզի մեր այս նշումները չմնային միայնակ կոչ մը լուսարձակի տակ բերելու ծիրին մէջ, հաղորդակցութեան մէջ մտանք երեք գրատուներուն պատասխանատուներուն հետ. «Պերճ»ին կոչին ետին ծածկուած մտահոգութիւնն ու ողբերգութեան պատճառած վիշտը համատարած է։ Հայերէն գիրքի սպառումը ո՛չ միայն հսկայական նահանջ արձանագրած է, այլ նաեւ հայերէն գիրքին տուներէ վանումը յարաճուն ախտի վերածուած է։ Եւ սա չի մեկնիր շահու-առեւտուրի մտահոգութենէ…
«Գիրքեր կը բերեն եւ գրատան առջեւ կը թափեն-կ’երթան»։ «Մինչեւ իսկ Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներ սկսած են ձերբազատիլ իրենց գրապահեստներէն»։ «Կը տանին հանրային գրադարաններ, որոնք չեն պահեր ու կը թափեն»։ «Տարեց սերունդները կþուզեն հայերէն գիրքերէ ձերբազատիլ, որովհետեւ իրենց զաւակները հայերէն չեն կարդար» (սա արդէն բազմախաւ ողբերգութիւն մը կը մատնէ ինքին)։ «Հայերէն գիրքի կազմակերպ տարածման համար որեւէ մէկը գործնական քայլ չþառներ, իսկ հազուադէպ են այն դպրոցները, ուր գիրքի ցուցահանդէսի նման միջոցներու կը դիմուին»։ «Երանի թէ հոս ալ մէկը տարին գոնէ մէկ անգամ հայերէն գիրքերու տօնավաճառ-ցուցահանդէս կազմակերպէ, ինչպէս կ՛ըլլայ Անթիլիասի մէջ»։ «Վերջին տարիներուն, մենք սկսած ենք աւելի շատ գիրք ընդունիլ ձերբազատիլ ուզողներէ, քան գիրք ծախել»…։ Աhաւասիկ քանի մը դիպուկ նշումներ, զորս լսեցինք մեր կարճ զրոյցներուն ճամբով։ Ասոնց վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ այն, որ կարգ մը տարեկան տօնահանդէսներէ ալ Հայ Գիրքը «արտաքսուած» է, ու «ստամոքսի մշակոյթ»ը իր տիրապետութիւնը տարածած է նաեւ հոն։
Ի դէպ, հայերէն գիրքէ հեռանալու ախտը նորութիւն չէ. անիկա սկիզբ առած է տասնամեակներ առաջ, սակայն յայտնապէս վերջին շրջանին հասած է ահազանգային տարողութեան եւ մղած է գրատան մը պատասխանատուն՝ «Թափուելիք գիրքերը մեզի բերէք» ծանուցելու՝ իրեն յատուկ արժանապատիւ եւ ազնիւ ժեսթով մը։
Ահազանգին մեր այս արձագանգումը պէտք չէ ընկալել իբրեւ անտեսում դրական իրականութիւններու. բարեբախտութիւն պէտք է նկատել, որ տակաւին կան «խենթեր», որոնք գիրք կը գրեն, կը հրատարակեն եւ կը ջանան տարածել ողջունահանդէսներով կամ գրական հանդիպումներով, սակայն նման նախաձեռնութիւններու դիմողներ սկսած են դիտուիլ իբրեւ «իրականութեանց անհաղորդ արարածներ». մինչեւ իսկ Հայաստանի մէջ ահազանգ կը հնչէ, թէ գիրքերուն տպաքանակը ընդահրապէս չþանցնիր քանի մը հարիւրը, մինչդեռ անցեալին, գիրքեր լոյս կը տեսնէին հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր տպաքանակով…

***

Եթէ քիչ մը գրգռենք տագնապին խորքը, մեր դիմաց կը տարածուին հետեւեալ պատասխանները, որոնք կու գան գրողներէ, ընտանիքներէ, ուսուցիչներէ եւ հրատարակիչներէ։ «Գիրքը ընդհանրապէս կորսնցուցած է իր գրաւչութիւնը»։ «Աշխարհի մէջ ամէն տեղ գրատուներ կը կծկեն իրենց գործունէութիւնը, կը փակեն իրենց մասնաճիւղերը կամ միանգամընդմիշտ կը քաշուին շուկայէն»։ «Համացանցն ու դիմատետրը դարձած են գերիշխան ներգրաւողներ»։ «Մարդիկ ժամանակ եւ սիրտ չունին գիրք կարդալու. քանի մը տողնոց գրառումները շատ փնտռուած են»։ «Թերթերու մէջ իսկ, եթէ յօդուած մը անցնի սիւնակի մը կամ երկուքի սահմանը, ընթերցող չþունենար»։ Սնկային հոգեվիճակ մատնող այս ու նմանօրինակ արտայայտութիւններ պարզապէս կþարտացոլացնեն Միտքի նահանջն ու սնանկութիւնը ոչ միայն մեր մէջ, այլ աշխարհով մէկ, եւ պէտք չէ զարմանալ, որ տարբեր երկիրներու մէջ ժողովուրդներ իրենց ճակատագիրին տնօրինումը ՔՈՒԷՈՎ վստահած են… անբաններու։
Հայ Գրատուներու արտայայտած մտահոգութիւնները կարելի չէ, պէտք չէ՛ դիտել առեւտրական եկամուտի-շահու ակնոցով։ Հայ Գիրքը մեր մշակոյթին ամէնէն հիմնական յենարաններէն մէկն է, հետեւաբար, անոր բազմացումն ու տարածումը, հայ ընտանիքներու յարկերուն տակ հայերէն գիրքի ներկայութիւնը կենսանիւթի արժէք ունի, մշակոյթի տիրութեան ու պահպանման իմաստը ունի. ու եթէ իսկապէս կը հաւատանք մեր ըսածին, թէ մշակութասէր, մշակութակերտ եւ մեր ինքնութեան հաւատարիմ ժողովուրդ ենք, պէտք է մեր ականջները լայն բանանք այս «ղօղանջ»ին դիմաց։ Իբրեւ գոյութեան պայքար մղող ժողովուրդ, իրաւունք ունինք չտարուելու աշխարհը կլանող յիշեալ հոսանքներով, այլ պարտաւոր ենք մեր գլուխը վեր պահել նման ալիքներէ։ Այո՛, մարդկային ընկերութեան մէջ կան բազմաթիւ ազնիւ ասպարէզներ, որոնք մարդուն ու ազգին ծառայութեան լծուած են. բժիշկը, ատամնաբոյժը, արուեստի տարբեր կալուածներուն մէջ գործողները, աւեւտրականը, դրամատան մէջ գործողը, գիւղացին, գիւղատնտեսը, մեղուաբոյծն ու բոլոր-բոլորը իրենց բաժինը ունին մարդկային ընկերութեան ու երկրի մը կեանքին մէջ, իրենց նպաստը կը բերեն մարդու կեանքին բարելաւման, չեն գործեր միայն շահու տրամաբանութեամբ, սակայն նաեւ կան ասպարէզներ, որոնք ազգի մը համար էական նշանակութիւն ունին. գրատուները՝ Հայ Գիրքի տուները, անձնական ու հանրային գրադարանները, հրատարակիչներն ու տարածողները այս դիտանկիւնէն ունին առանձնայատուկ տեղ ու դեր։
Կը հաւատանք, որ առանձին չենք Հայ Գիրքին հանդէպ անտարբերութեան, վանողականութեան երեւոյթին վերաբերող մտահոգութեան մէջ։ Հետեւաբար, նաեւ մենք մեզի իրաւունք կու տանք ակնկալելու գործնական շարժում մը, դարմանելու համար այս ախտը։ Նման շարժում կարելի չէ իրականացնել մէկ-երկու ձեռքով, այլ կենսական է ԲՈԼՈՐԻՆ գործակցութիւնը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles