Ռաֆֆի Շխուկեան
Նիւ Ճըրզի – Ա.Մ.Ն.
Յարգելի անձնաւորութիւն մը Հայրենիք շաբաթաթերթի յօդուածներէն մէկուն մէջ արդարօրէն կ՚ընդվզէր Արամ Մանուկեանի Երեւանի տան ներկայ վիճակին մասին։ Արդարեւ պատերը միայն մնացած են կանգուն, տանիքը փլած է եւ մէջը աղբանոցի վերածուած է։
Անցեալ ամառ տունէն երկու հարիւր մեթր անդին, Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ, Արամի մահուընէ մօտ հարիւր տարի ետք զետեղուեցաւ Արամ Մանուկեանի նորակերտ արձանը Երեւանի գլխաւոր հրապարակին մօտ։
Հոս կը գտնուինք երկու ծայրահեղութիւններու միջեւ՝ մէկ կողմէ անտարբերութիւն, միւս կողմէ յիշատակը յարգող եռագոյնով պարուրուած արձան մը։ Երեսուն տարի առաջ անկարելի պիտի ըլլար երեւակայել նման իրականութիւն մը Երեւանի գլխաւոր հրապարակէն հարիւր մեթր անդին։ Այսօր շատ բան փոխուած է Հայաստանի մէջ եւ անկարելին դարձած կարելի։ Սակայն կայ նաեւ տան վիճակը որ մասամբ կը յիշեցնէ անցեալը։ Տեղին է յիշել թէ տունը մինչեւ որ պետական կալուած չդառնայ կամ ներդրումեր չներմուծուին եւ արտօնեն որ վերածուի տուն-թանգարանի, վիճակը աւելի պիտի վատթարանայ…
Արամի արժէքը տունով կամ արձանով մը չի մեծնար կամ փոքրանար։ Ընդհակարակը Արամը արդէն հայոց պատմութեան մէջ մտած է իբր ազգային հերոս. Արդարեւ իր տան մուտքին վրայ զետեղած ցուսատախտակին վրայ կը կարդանք հետեւեալը՝ «Այս տան մէջ ապրէր եւ մահացէր է Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը 1917-1919»։
1915-ին Վասպուրականի գրեթէ ամբողջ հայութեան փրկութիւնը Արամին կը պարտինք ։ Շնորհիւ ինքնապաշտպանութեան եւ կամաւորական գունդերու ժամանման փրկուեցաւ մօտ 200.000-ի հասնող հայութիւնը որ ապաստանած էր Վան։
Երեք տարի ետք 1918-ին Արամը աւելի մեծ տարողութեամբ աշխատանք պիտի տանէր Երեւանի մէջ դիմագրաւելու համար թրքական բանակի հարձակումը որ կը սպառնար հայութեան մնացորդացին՝ ապաստանած Արեւելեան Հայաստան։
Այսպէս երեք տարուան ընթացքին՝ 1915-էն 1918-ը հայութիւնը որ կ՚ապրէր իր արեւմտեան Հայաստանի պապենական հողերուն վրայ, տեղահանուեցաւ, ջարդուեցաւ եւ մնացորդացը ապաստանեցաւ արեւելեան Հայաստան, ինչպէս նաեւ միջին արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ, անօթի, հիւանդ եւ անտուն։ Մինչ այդ ռուս զօրագունդերը որ արեւելեան Հայաստանէն կը գործէին, «դէպի տուն» կարգախօսով փախան Ռուսիա, մինակ թողնելով մէկէն երկու միլիոն հաշուող հայութիւնը թրքական եաթաղանի դիմաց։
Շնորհիւ Արամ Մանուկեանի կտրուկ որոշումներուն (Երեւանի մենակալ) եւ անխոնջ աշխատանքին կարելի եղաւ խթանել հայ ժողովուրդը, բանակը եւ կեցնել թրքական ներխուժող բանակը Երեւանէն քարասուն քիլօմեթր արեւելք գտնուող Սարդարապատի մէջ։ Նոյն շաբթուան ընթացքին զօրավարներ Դրօ եւ Նազարբէկեան պարտութեան մատնեցին թրքական բանակը Բաշ¬-ապարանի (ներկայիս Ապարան) եւ Ղարաքիլիսէյի (ներկայիս Վանաձոր) մէջ ։
Այս բոլորը տեղին է վերյիշել հարիւր տարի ետք, նոյնիսկ եթէ ոմանք արդէն գիտէն մանրամասնութիւնները։ Սակայն նոյն ատեն հարկաւոր է արժեւորել 1918-ի մայիս ամսուան ճակատամարտները։ Պահ մը երեւակայենք եթէ հայկական բանակը չկրնար կասեցնել թրքական յարձակումները այսօր հայրենիք պիտի ունենայի՞նք…
Արամի տան ներկայ վիճակը որեւէ ձեւով չի վնասէր իր արժէքին, ոչ ալ մեր սէրը կը նուազի ի տես տան փլատակ կառոյցին։ Ընդհակառակը այդ բոլորը անցողակի են։ Ես չեմ վհատիր եւ վստահ եմ որ արձան զետեղող հայ ժողովուրդը օր մըն ալ Արամի բնակարանը տուն-թանգարանի պիտի վերածէ։
Մեզի կը մնայ յարգել, վերյիշել եւ մեծարել մեր հերոսները որոնք կերտեցին մեր այսօրուան Հայաստանը 1918-ի այն ահռելի պայմաններու մէջ։
Կը փակեմ յօդուածս խօսքը տալով Պարոյր Սեւակին՝
«Զանգեր ղօղանչէք, սրբազան քաջերին կանչէք այս արդար պատից։
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»։