Image may be NSFW.
Clik here to view.
Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ, վախճանած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տեղեկութիւններով՝ Նորին Ամենապատւութիւնը ունեցած է անակնկալ սրտի տագնապ մը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս կապակցութեամբ անմիջապէս կապ հաստատած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ եւ տեղեակ պահած՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։