Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն առաջ տարբեր հարթակներու վրայ կատարուած յայտարարութիւնները կը նշէին նոր իշխանութիւններու ձեւաւորումէն ետք՝ ստեղծուելիք բարենպաստ պայմաններու մասին, որոնք ձեռնտու պիտի ըլլային Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցային հոլովոյթը վերակենդանացնելու եւ յառաջընթաց արձանագրելու իմաստով։
Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի Յունուար 16-ի Փարիզեան հանդիպումը նման նախատեսութիւններու յաւելեալ առիթ մը եղաւ, երբ յայտարարուեցաւ, որ երկու ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու քայլերու պահանջին շուրջ համախոհութիւն գոյացած է։ Աւելի՛ն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդական առաքելութեան տարողութեան վերաբերեալ նաեւ որոշ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, երբ փոխանակ համանախագահներուն առաջարկները լսելու եւ անոնց մասին կարծիք յայտնելու, Մնացականեան յայտարարեց, որ Մամետիարովի հետ կը պայմանաւորուի եւ ապա մեր առաջարկութիւնները կը դիտարկուին Մինսքի խումբին կողմէ։ Նախապէս այդպէս չէր։ Մինսքի խումբի համանախագահները որոշ առաջարկներ կը կատարէին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի դիւանագիտութիւններուն պետերը զանոնք ուսումնասիրելով՝ կ՛ընդունէին կամ կը մերժէին զանոնք։
Ընդունուած կարգէն շեղելու այս միտումը սակայն երկար կեանք չունեցաւ։ Նախ՝ Ատրպէյճան, յստակացուց, թէ ոչինչ փոխած է Արցախեան տագնապին նկատմամբ իր պետական ուղեգիծէն։ Արցախը՝ ըստ Պաքուի, կը պատկանի Ատրպէյճանի եւ պէտք է վերադարձուի, որպէսզի լուծում մը գտնէ տագնապը։ «Լուծման այլ պատկերացում գոյութիւն չունի Ատրպէյճանի համար», զանազան առիթներով կը յայտարարէր նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ երեք անգամ՝ Տուշանպէի, Սէնթ Փեթերզպուրկի եւ Տաւոսի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կ՛ունենար նախապէս չծրագրուած հանդիպումներ, որոնք նաեւ կը ձգէին այն տպաւորութիւնը, թէ Մինսքի խումբի օրինական շրջագիծէն դուրս ինչ որ աշխատանքային նախագիծ մը շրջանառութեան դրուած է։
Եւ ապա կողմերը վերադարձ կը կատարէին սկզբունքային կեցուածքներու եւ դիրքորոշումներու, որոնք տագնապին լուծման նկատմամբ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն պատկերացումներուն միջեւ յստակ տարբերութեան մասին կը վկայեն։
Նախ Ատրպէյճանի նախագահը Պաքուի մէջ Մարտ 5-ին ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքը, եւ յայտարարեց,որ Հայաստան կ՛արգելակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթը։ Ան նաեւ ներկայացաւ իբրեւ խաղաղասէր եւ պնդեց, որ Ատրպէյճան չափազանց շահագրգռուած է տագնապին շուտափոյթ լուծմամբ։
Բայց լուծում մը, որ հայկական ուժերը կը հեռացնէ Լեռնային Ղարաբաղէն՝ զայն Ատրպէյճանի վերադարձնելով․․․։Այսինքն՝ ոչինչ փոխուած է Պաքուի քաղաքականութեան մէջ։
Ասոր դիմաց՝ Փաշինեան, մէկ օր ետք, Մարտ 6-ին Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հարցապնդման նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունք ունի եւ պէտք է այդ իրաւունքէն օգտուի։ Աւելի՛ն, Փաշինեան յիշեցուց, որ պէտք է անպայման վերադարձ կատարուի 1994-ի ձեւաչափին, երբ Լեռնային Ղարաբաղը տագնապին օրինական կողմ հռչակուած էր։ Ասիկա նշելով՝ Հայաստանի վարչապետը անգամ մը եւս կը հաստատէր,որ պաշտօնական Երեւան պիտի շարունակէ ճիգեր թափել, որպէսզի Արցախի հանրապետութեան իշխանութիւնները բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստին, իբրեւ օրինական կողմ, որուն հետ պէտք է բանակցիլ։
Ներկայ դրութեամբ ուրեմն՝ Պաքու կը պահանջէ հայկական ուժերուն հեռացումը Լեռնային Ղարաբաղէն,եւ շրջանին Ատրպէյճանի վերադարձը։
Երեւան կը պնդէ, որ Արցախի իշխանութիւնները իրբեւ բանակցող օրինական կողմ, պէտք է նստին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, որպէսզի խախտուած հաւարակշռութիւնը վերահաստատուի, նկատի ունենալով, որ Արցախի ատրպէյճանցիներուն օրինական ներկայացուցիչը՝ Պաքուի իշխանութիւնները բանակցութիւններու կողմ են, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները արցախցիներուն օրինական ներկայացուցիչները չեն, որովհետեւ արցախցիները քուէ չեն տուած Երեւանի իշխանութիւններուն։
Ներկայիս ուրեմն՝ հակոտնեայ կեցուածքները առաւել բեւեռացած են, որոնք բաւական անձկութիւն եւ սպասողական վիճակ ստեղծած են, թէ բանակցութիւններու վերսկսման ճիգերու այս հանգրուանին նման բեւեռացումներ իսկապէս գետնի վրայ ինչպիսի թարգմանութիւններ կրնան գտնել։ Պարզ ու յստակ է, որ Ատրպէյճան ոչ թէ կը շարունակէ իր սպառնական ոճը, այլեւ, թէկուզ ներքին սպառումի համար, յաճախ կը յուշէ զինուորական լուծման մը մասին։
↧
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԵՂԱՆ, ՌԱԶՄԱՇՈՒՆՉ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ԵՒ ՁԵՒԱՉԱՓԻ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄՆԵՐ
↧