ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Շաբաթ, Մարտ 2-ի երեկոյեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պատուիրակութիւնը, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ:
Հ.Յ.Դ. հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, թէհանդիպումին արծարծուած են Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր:
Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները արծարծուած հարցերուն մասին վեհափառին փոխանցած են կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները` յայտնելով համագործակցելու պատրաստակամութիւն` յանուն ազգային միասնականութեան: