Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«ՊԷՏՔ Է ԲԱՐԳԱՒԱՃԻՆՔ, Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՎԵՐԱՊՐԻՆՔ», ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄԱՐՏԻԿ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

$
0
0


Մարտիկ Չոլաքեան համահիմնադիրն է VLUME թուային գրադարանին, որ ելեկտրոնային գիրքերու եւ ձայնագիրքերու բաժանորդագրութեան ծառայութիւն կը մատուցէ։ Ան հոգաբարձուն է նաեւ Technolinguistics ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան, որուն կեդրոնը Հայաստան է։ Սոյն կազմակերպութիւնը կը զբաղի հայերէն ելեկտրոնային գիրքերու եւ ձայնագիրքերու հրատարակութեամբ։ Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար նշեալ գրադարանին եւ անոր կազմակերպչական աշխատանքներուն, «Հայրենիք»ի աշխատակից Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան հարցազրոյց ունեցաւ Մարտիկ Չոլաքեանին հետ։
Ստորեւ հարցազրոյցը.

1. Վլումը (VLUME) արդէն երկու տարեկան է, գիտեմ որ հսկայածաւալ աշխատանք կը կատարուի գիրքեր թուայնացնելու ի խնդիր։ Գրքասէրներ համակարգիչի, iPad-ներու կամ ձեռնահեռաձայներու միջոցով կարելիութիւն կ՚ունենան ելեկտրոնային գիրքեր (ebooks) կարդալու եւ ձայնագիրքեր (audiobooks) ունկնդրելու։ Ինչպէ՞ս յղացաք նման նախաձեռնութեան գաղափարը եւ ինչպէ՞ս զայն կեանքի կոչեցիք:

Հայերու կողմէ տասնամեակներէ ի վեր զգացուած պահանջքի մը պատասխանն է Վլումը։ Մինչ աշխարհը կ՚ապրի նորարարութիւններու եւ խզումներու արագ եւ աննախընթաց շրջան մը, ուր սպառողը կ՚օգտուի տեղեկատուութեան եւ արհեստագիտութեան բարիքներէն, այն հաւաքականութիւնները, որոնք չեն կրցած քայլ պահել նորարարութեան հետ, ընկերային, մշակութային ու կրթական գետնի վրայ տուժած են։
Հրատարակչական ոլորտին մէջ, օրինակ, «Ամազոն»ի (Amazon), «Ափըլ»ի (Apple) եւ «Կուկլ»ի (Google) պէս առցանց հարթակներ միլիոնաւոր հրատարակութիւններու քարոզչութիւնը կ՚ընեն ամբողջ աշխարհին։ Այս անկիւնադարձային փոփոխութիւնները ընթերցողներուն՝ ներառեալ հայերուն, պարգեւած են տեղեկատուութեան ու զուարճութեան հսկայական ընտրանի։ Համեմատաբար, հայերէն խորագիրներու մատչելիութիւնը, ըստ էութեան, դժուար է։ Կրնամ խօսիլ Սփիւռքի մասին, ուր մեր գիրքերը շրջանառութենէ դուրս են, մեր գրախանութները՝ անհետանալու վտանգին տակ, նորամուտ հեղինակներէ կամ «պեսթ սելլըր»ներէ (Best Seller) անտեղեակ ենք, իսկ եթէ մեր յաջորդ վէպը կը գրենք՝ ապա հայերէնով չէ։
Հայ գրականութիւնը, ինչպէս եւ հայերէնով զայն կարդալու կարողութիւնը, մեր ինքնութեան կարեւոր մէկ մասն է։ Բախտաւոր եմ Սփիւռքի մէջ նման մտածողութեան տէր արհեստավարժ մարդոց հանդիպած ըլլալուս, որոնք հասկցած են առկայ վտանգին ծանրութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը գալիք սերունդներուն համար։ Մեզ առաջնորդողը դարմանում մը ստեղծելու կիրքն էր, բայց յաջողութեան բանալին առարկայական ըլլալն էր։ Առաջին քայլը շուկան հետազօտելն էր՝ նման ձեռնարկութիւններէ սորվելու, հարցախոյզներ կատարել՝ վիճակը քննելու եւ սպառողին կարիքները հասկնալու համար։ Ապա, ռազմավարութիւնը ուղղուեցաւ որակաւոր գրականութեան փոխանակման հանգոյց մը ստեղծելու գործին։ Հայերէնի 2 լեզուաճիւղերով ընթերցողները կը համախմբենք հեղինակներու եւ հրատարակիչներու հետ եւ միջոցներ տրամադրելով կը նպաստենք անոնց փորձառութեան ու ստեղծագործական վերելքին։ Ասիկա մեզի թոյլ կու տայ արագօրէն անցնելու վերապրումի եղանակէն՝ դէպի բարգաւաճում։

2. Ճարտարագիտական այս հարթակը, որ բաւական դիւրամատչելի է, ինչպէս նաեւ դիւրաւ որոնելի, իր բնօրինակ բովանդակութեամբ առաջին անգամ կը բանի հայերէնով: Գիրքերու ընտրութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի. ի՞նչ կարելի է գտնել հոն. բոլոր ճաշակները կը գոհացնէ՞։

VLUMEը արհեստագիտական ընկերութիւն մըն է, որ նորարար ձեւերով սերունդները կ՚առաջնորդէ ընթերցումի։ Այս ներգործութիւնը ունենալու համար թուային բովանդակութեան պէտք ունինք, այսինքն՝ ելեկտրոնային գիրքերու եւ ձայնագիրքերու։ Քանի որ երկու լեզուաճիւղերուն մէջ (ե՛ւ արեւելահայերէն, ե՛ւ արեւտահայերէն) հազուագիւտ էր թուային հրատարակութեան փորձառութիւն ունեցող հրատարակիչներ գտնելը, հաստատեցինք առանձնակի հրատարակչական միաւոր մը՝ Technolinguistics, որուն կեդրոնը Երեւան է։ Technolinguisticsը, նուիրուած է թուային հրատարակութեան լաւագոյն վարժանքները որդեգրելու՝ հայերէն ձայնագիրքեր ու ելեկտրոնային գիրքեր ստեղծելու համար։ Ցարդ կեդրոնացած ենք հանրային տիրոյթի մէջ գտնուող խորագիրներ թուայնացնելու գործին վրայ, զանոնք օժտելով նոր ու թարմ կողքերով, որոնք ընթերցողներու նոր սերունդ մը պիտի ներգրաւեն։ Չունենալով հատորներու ժողովրդականութեան մասին որեւէ տուեալ, նպատակադրեցինք յառաջացնել դպրոցներու կողմէ առաջարկուած խորագիրներու ցուցակ մը։ VLUMEի մեկնարկով, իւրաքանչիւր մասնակցող հրատարակիչ, ներառեալ Technolinguisticsը, տեղեկութիւններ պիտի քաղէ՝ ստեղծագործութեան սեռերու եւ ոճերու վերաբերեալ սպառողներու միտումներուն մասին։ Կը յուսանք, որ այս մէկը գիրքերու ընտրութիւններուն համար կարեւոր չափանիշ մը պիտի դառնայ։

3. Տարին մօտաւորապէս քանի՞ գիրք կը հրապարակուի եւ հարթակը ինչպիսի՞ ընդունելութիւն կը ստանայ հասարակութեան կողմէ։

Տրուած ըլլալով, որ VLUMEը գրականութեան բաշխումի հարթակ մըն է եւ ո՛չ թէ հրատարակչատուն, սկիզբէն մեր նպատակը եղած է բոլոր հրատարակիչներուն հետ աշխատիլ՝ որակի մեծ բովանդակութիւն յառաջացնելու համար VLUMEին մէջ եւ այլընտրանքային շուկայ մը առաջարկելու հրատարակիչներուն։ Այս նպատակը իրագործելու համար, բաւական ժամանակ ու միջոցներ գործադրեցինք՝ հրատարակիչներու հետ ամուր եւ ճկուն աշխատանքային բնորդ մը կիրարկելու համար։ Ասիկա առաջին հերթին փորձարկման ենթարկուեցաւ Technolinguisticsի հետ։ Այսօր, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ արդէն համաձայնութիւններ ունինք վեց մեծ հրատարակիչներու հետ, որոնցմէ չորսը Հայաստանէն են։ Մարտ 2019էն պիտի սկսինք հրապարակել այս գործընկերութիւններն ու անոնց առաջարկած գիրքերու խորագիրները։
Մեր հետեւորդներու հիմնախարիսխը օրէ օր կ՚ընդլայնի, եւ ուրախալի է տեսնել բոլոր շրջաններէն, ինչպէս՝ Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Ռուսաստանէն, Ամերիկաներէն եւ Եւրոպաներէն յառաջացող հետաքրքրութիւնը։ Նկատի ունենալով որ մեր գիրքերէն ոմանք ընթերցողներէն կը պահանջեն ամսական անդամավճար (ամսական 6 տոլար Androidով եւ 8 տոլար iOSով), բոլոր գիրքերը ձրիօրէն տրամադրելու խնդրանքներ եղած են։ Առիթէն օգտուելով լուսաբանենք, որ Technolinguisticsը իր հրատարակած ելեկտրոնային գիրքերէն քանի մը հարիւրը ձրիօրէն տրամադրելի դարձուցած է։ Վստահ եմ, որ ուրիշ հրատարակիչներ պիտի հետեւին անոր՝ իրենց բովանդակութեան մէկ մասով։
Միւս կողմէ, թէ՛ մեզմէ, որպէս հարթակ, եւ թէ՛ ընթերցողներէն կ՚ակնկալուի տնտեսական արժէքի մը ստեղծումը՝ մասնակցող հեղինակներուն, պատմողներուն եւ հրատարակիչներուն ստեղծագործական շարունակութիւնը ապահովելու նպատակով։ Ահա թէ ինչու որոշ գիրքերու համար անդամավճար պիտի պահանջուին։ Կ՚աշխատինք նաեւ գործընկերութիւն յառաջացնել դպրոցներու եւ հաստատութիւններու հետ, որպէսզի ձրի գործածութիւն առաջարկենք անոնց աշակերտներուն եւ անդամներուն։

4. Վստահաբար այս հսկայական նախագիծը իրականութեան վերածելու գործի ընթացքին տարբեր դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուեցաք։ Ինչպէ՞ս յաղթահարեցիք զանոնք։
Այս նախագիծի փոխակերպական բնոյթին պատճառով, մարտահրաւէրները ե՛ւ անխուսափելի են, ե՛ւ բարդ։ Նկատի առնելով որ մեր ռազմավարութեան կորիզը կը կազմեն ընթերցողին որակաւոր փորձառութիւնը եւ տեղեկատուական գիտութիւններու օգտագործումը, հետեւաբար, VLUMEը կատարած է նշանակալից բազմամեայ ներդրումներ՝ ըստ համեմատութեան լուծումներ կառուցելու եւ արհեստագիտութեան գործընկերութիւններ զարգացնելու համար։ Այսօր, մենք կը ղեկավարենք միջոցներու բաշխման համակարգ մը, որ «բազմամպ» (multi-cloud) ձեւով հասանելի է աշխարհի չորս ծագերուն եւ կարեւոր առաւելութիւն մը կ՚ընծայէ՝ շուկայի կարիքներուն արագօրէն հակազդելու նոր ու հետաքրքրական արտադրանքներով։
Հրատարակչական ճակատին վրայ, Technolinguisticsի մեծ ձգտումն է բոլոր գիրքերը թուային ձեւաչափով տրամադրելի դարձնելը։ Տրուած ըլլալով կազմակերպութեան եզակի համակարգային մօտեցումը եւ «յարձակունակ» ժամանակացոյցերը, այս բանալի ծրագիրներէն քանի մը հատը կը վայելեն հովանաւորութիւնը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ The Bridge for CSOsի ծրագիրին։ Վերջինս հիմնադրուած է ՀԲԸՄի կողմէ ու կը վայելէ Եւրոպական Միութեան նիւթական աջակցութիւնը։
Այսօր, Technolinguisticsը ունի արհեստավարժներու ամենամեծ ու հետզհետէ զարգացող ցանցերէն մէկը, որ անկախաբար եւ հեռակայ կարգով կ՚աշխատի ու արհեստագիտական հարթակներու միջոցով ամէն տարի հարիւրաւոր ելեկտրոնային գիրքեր եւ ձայնագիրքեր կը հրատարակէ։
Աւելորդ է ըսել, թէ կան բազմաթիւ հիմնական մարտահրաւէրներ։ Տասնամեակներ շարունակ, այս ոլորտը վերապրած է գլխաւորաբար յատկացումներու, բարեգործութեան եւ հրատարակչատուներու եւ հեղինակներու անձնուրաց նուիրումին շնորհիւ։ Համաշխարհայնացման եւ արհեստագիտութեան նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց, այս ճիգերը անբաւարար պիտի ըլլան հայ ընթերցողներու աճող զանգուած մը յառաջացնելու համար։ Ասիկա ըսելով հանդերձ, վերջերս նկատած ենք քանի մը առողջ միտումներ, գլխաւորաբար` Հայաստանի մէջ, ինչպէս գրախանութներու ծաւալում եւ ընկերային հմուտ շուկայավարում (marketing)։ Ելեկտրոնային գիրքեր եւ ձայնագիրքեր ստեղծելու քանի մը փորձեր ալ եղած են, բայց, դժբախտաբար, արժէքաւոր բովանդակութիւնը յաճախ իր ճամբան չի գտներ դէպի հայ ընթերցողը։ Կը հաւատանք, որ ասիկա կը պատահի, որովհետեւ չկայ առանձնակի, ապահով, անկողմնակալ հանգոյց մը, որ այս խորագիրները տարածէ եւ ընթերցող զանգուածը բազմացնէ։ Այս տարածքին մէջ, VLUMEը նշանակալից դեր մը ունի խաղալիք եւ ամուր ենթակառուցուածքով, տաղանդով եւ ռազմավարութեամբ օժտուած է՝ այս նպատակին ծառայելու ի խնդիր։ Այսուհանդերձ, հայ գրականութեան համար իսկական շուկայ մը ստեղծելու գործը կը մնայ վհատեցուցիչ, քանի որ մեզմէ կը պահանջէ շատ բան, օրինակ՝ համագործակցող հրատարակիչներուն հետ աշխատանքային ներդաշնակութիւն մը ստեղծել, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գիտակցութիւնը բարձրացնել եւ հետեւողականօրէն մրցիլ նորարար առաջարկներու նոր ալիքներուն հետ։ Ասիկա իսկական գործընկերութեան ոլորտ է, ուր պատասխանատուութեան բաժին ունին բոլորը անխտիր։

5. Ի՞նչ կը կարծէք. գիրքի տպագիր հրատարակութիւնը կը զիջի՞ թուայնացածին, թէ երկուքը հաւասարապէս իրենց ընթացքը կը շարունակեն. այդ պարագային ի՞նչ է առաւելութիւնը թուայնացած գիրքերուն։

Ասիկա այս ճարտարարուեստին հիմնական հարցերէն մէկը եղած է, եւ կը կարծեմ, որ վերջին տարիներուն արդէն երթալով կը յստականայ վիճակը հասուն շուկաներու մէջ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներուն։
Պատմականօրէն, համացանցի մեկնարկը եւ, աւելի ուշ, անձնական ելեկտրոնային գործիքներու սրընթաց զարգացումը կարեւոր դեր մը ունեցած են թուային գիրքերու ճարտարարուեստի յառաջդիմութեան մէջ։ Կարելի է ըսել, թէ Project Gutenbergը, որ սկիզբ առած էր 1971ին՝ մշակութային գործեր թուայնացնելու նպատակով, ելեկտրոնային գիրքերու դարաշրջանի ճամբան բացաւ։ 1990ական թուականներուն տեսանք, թէ ինչպէ՛ս ADOBE կը ստեղծէր PDF ձեւաչափը՝ ելեկտրոնային գիրքերու ընթերցումը որեւէ գործիքի մէջ թոյլատրելու համար, եւ այնուհետեւ, 1992ին, SONYին մեկնարկեց առաջին անձնական ելեկտրոնային ընթերցիչը (e-reader)՝ Data Discman-ով։ Թուային հրատարակութեան շուկան իր ամբողջական կարողականութեան իրագործումը սկսաւ տեսնել միայն 2000ական թուականներու վերջերը, երբ առաջին Kindleը մուծուեցաւ եւ Epubը ելեկտրոնային գիրքի բաշխման ճարտարարուեստի չափորոշիչ դարձաւ։ 2013ին, PwC (PricewaterhouseCoopers) կը գնահատէր, թէ չորս տարիէն ելեկտրոնային գիրքերու վաճառքը պիտի գերազանցէր տպագիր գիրքերու վաճառքը։ Այդ ժամանակ, ասիկա տրամաբանական էր։ Ելեկտրոնային գիրքի մը հրատարակութիւնը շատ աւելի աժան էր, քան տպագիրինը, իսկ անկախ հեղինակներու մեծ մասը զուտ թուային ինքնահրատարակութեամբ կը զբաղէր՝ շահոյթ արձանագրելով։ Միւս կողմէ, ընթերցողները հմայուած էին անձնական ելեկտրոնային գործիքներով՝ ներառեալ ընթերցիչներ (ereader), պնակիտներ (tablets) եւ խելախօսներ (smartphone)։ Սակայն շուկայական կանխատեսումները իրենց ճիշդ ըլլալը չփաստեցին։ Այս ոլորտի աճի համեմատութիւնը շրջան մը լճացման ենթարկուեցաւ, ցոյց տալով որ սպառողները կրնան յոգնած ըլլալ թուային բնագրերէ եւ որ շատերը կը շարունակեն սպառել տպագիր նիւթեր։ Այսուհանդերձ, հրատարակչական ոլորտը ընդհանրապէս անկումի մէջ է, նկատի ունենալով թուային զուարճութեան միջոցներու վերելքը, ինչպէս ընկերային ցանցերը, խաղերը եւ տեսագրային ու երաժշտական բովանդակութիւնը։ Ընթերցանութեան կրթական եւ ընկերային օգուտը հաշուի առնելով, բազմաթիւ դպրոցներ ու կրթական հաստատութիւններ (եւ կառավարութիւններ) աւելի ու աւելի կեդրոնացած են թուային բովանդակութիւն որդեգրելու եւ նոր գիտարուեստներ (technique) զարգացնելու վրայ՝ գիտակցութիւն յառաջացնելու եւ ընթերցողներ ներգրաւելու համար։ Հայ իրականութեան մէջ, թուային գրականութեան չգոյութիւնը անբացատրելի է։ Տպագիր գիրքերը իրենց հմայքը պիտի չկորսնցնեն ընթերցողներու աչքին։ Բայց նկատի ունենալով աշխարհատարած Սփիւռքը, նոր թուային սերունդ մը եւ երկու լեզուաճիւղերու երկընտրանքը, պէտք ունինք ամուր թուային ռազմավարութեան մը՝ հայ գրականութիւնը տարածելու եւ տպագիր գիրքերու վաճառքը լրացնելու առողջ այլընտրանքային շուկայով մը։ Ինչպէս վարժ ենք ըսել VLUMEին մէջ, պէտք է բարգաւաճինք, ո՛չ միայն վերապրինք։ Եւ մեր նպատակը ճիշդ այդ է։

Շնորհակալութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն։
Սոյն հարթակը կարելի է այցելել եւ բաժանորդագրուիլ հետեւեալ կապի միջոցով՝ www.vlume.com
https://www.facebook.com/vlumeapp


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles