Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆ…ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ

$
0
0

sevan-nishanian  ՊՈԼԻՍ.- Բառարանագէտ եւ շինարար Սեւան Նշանեան, Հինգշաբթի, Յունուար 2-էն ի վեր բանտարկուած է:

Նշանեանի դէմ քաղաքական բնոյթի անհամար դատեր բացուած էին, բայց այս դատապարտումը եկած է Շիրինճէի մէջ առանց արտօնութեան կառուցուած տուներուն համար: Անոր դէմ դատ բացուած էր “ժողովուրդի մէկ մասին կրօնական արժէքները վիրաւորելու“ մեղադրանքով, եւ անոր համար կը պահանջուէր մինչեւ 1.5 տարուան բանտարկութիւն: Նշանեանի դէմ բողոքած էին տեղացի 15 քաղաքացիներ` պնդելով, թէ Նշանեան իր արտայայտութիւններով վիրաւորած էր Մոհամէտ մարգարէին վարկը:

Ան յանձնուած է Թորպալըի բանտի վարչութեան ու դատապարտուած է երկու տարուան բանտարկութեան պատիժով:

Նշանեան բանտ մուտք գործելէ առաջ խօք առնելով մամլոյ ներկայացուցիչներուն առջեւ, յայտնեց թէ, կեանքը բանտին մէջ ալ կը շարունակուի եւ թէ ինք վարժուած է բանտարկուելու, իսկ բանտէն ելլելէ ետք պիտի շարունակէ իր պայքարը:

Ան նաեւ աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգը խայտառակ վիճակի մէջ է եւ ասիկա այլեւս ամէն մարդ գիտէ: “Թուրքիոյ մէջ այլեւս գոյութիւն չունի խելք, խղճմտանք ու մարդասիրական զգացում: Այսօրուան խնդիրը Կիւլենի համայնքին կամ դատախազներուն խնդիրը չէ՛, խնդիրը շա՛տ աւելի խորունկ է: Ես բանտէն ելլելէ ետք ալ պիտի շարունակեմ պայքարիլ“, եզրակացուց ան:

Հայազգի լրագրող Ճեւաթ Սինեթը համոզուած է, որ Նշանեանի նկատմամբ կայացած բանտարկութեան դատավճիռին նպատակը զայն սպաննելն է:

“Այն մեղադրանքը, որուն հիման վրայ Սեւան Նշանեանը դատապարտուած է 13.5 ամիս ազատազրկման, կրնայ տարածուիլ բոլրոիս վրայ: Եթէ Սեւանը դիտաւորեալ կերպով յանցանք գործած է, ուրեմն մենք ամէն օր կը կատարենք այդ յանցագործութիւնը: Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհի մտաւորական թէ ժողովրդավարական, դատական արդար համակարգին եւ իրաւունքին հաւատացող, մարդու բնական իրաւունքներուն հանդէպ յարգանք տածող իւրաքանչիւր շրջանակ պէտք է աջակից դառնայ Սեւան Նշանեանին: Յստակ է, որ կ՛ուզեն սպաննել տալ Սեւանը, ինչպէս որ թիրախ դարձուցած էին Հրանդ Տինքին: Հիմա հերթը Սեւանինն է: Քանի դեռ ուշ չէ, բոլոր զգայուն մարդիկ պէտք է ժամ առաջ գործի անցնին եւ իրենց բողոքը արտայայտեն այս ցեղապաշտական վերաբերմունքին համար: Պէտք է միջոցներ ձեռնարկուին, քանի դեռ աղաւնի մը եւս չէ սպաննուած: Կը սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այս երկրին մէջ իւրաքանչիւր մտածող կը դաստիարակեն իրենց բանտերով եւ փամփուշտներով: Այս երկրին մէջ շատ հրանդներ եւ սեւաններ կան: Աղաւնիները վերջ չունին այս երկրին մէջ…“, կը յայտնէ Սինեթ:

Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը` Committee to Protect Journalists (CPJ), որու կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, շարունակ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թելադրած է անպարտ արձակել Նշանեանը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles