Յ. Պալեան
Բոլոր ժամանակներու մէջ, քաղաքականութիւնը
եղած է անհեթեթութեան գիտութիւնը:
Սթէֆըն Զվէյկ
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ-յեղափոխութիւն-իշխանափոխութիւնը պէտք է դիտել պատմութեան ընդհանուր ընթացքին մէջ. հոլովոյթ, փորձեր, փորձառութիւն, յաջողութիւն, ձախողութիւն, բազմաթիւ եւ դարերու վրայ տարածուող յեղափոխութիւններու մութէն-լոյսէն անջատուող եւ ժամանակները դրոշմող արտակարգ մեծ մարդեր:
Միշտ պէտք է մտածել, որ պատմութիւնը մեզմով չի սկսիր եւ մեզմով պիտի չաւարտի, եւ գերեզմանատուները լիքն են անփոխարինելիներով:
Առօրեայ քաղաքականութիւնը, ան ըլլայ մեր ապրած աշխարհատարածքին մէջ թէ մոլորակի այլ անկիւնները, տեղեկութիւններու արագ շրջանառութիւնը եւ առատութիւնը, արգելք կը հանդիսանան պատմութենէն թելադրուած իմաստութեամբ դիմագրաւելու մեծ կամ պզտիկ իրադարձութիւնները, մեծ եւ պզտիկ երկիրներու մէջ: Լրատուութեան մէջ արդի ճարտարագիտութեան միջամտութիւնը մտածելու եւ յետադարձ հայեացք ունենալու ժամանակ չի ձգեր, եւ զանգուածները կը բանտարկէ բազմապատկուող անմիջական նորի մէջ:
Պատմութիւնը ընդարձակ դաշտն է ըմբոստութիւններու, յեղափոխութիւններու, հակայեղափոխութիւններու՝ որոնք շարունակութիւն են, յեղաշրջումնեու, անոնց ներշնչած յոյսերուն, հակասութիւններուն, դիմաշրջումներուն, ձախողութիւններուն, եւ… զոհերուն: Եթէ նոյնիսկ մակերեսային տեղեկութիւններով փորձէինք լսել եւ դիտել ժողովուրդներու եւ երկիրներու պատմութիւնը, պիտի տեսնէինք, թէ ինչպիսի ողբերգութիւններ տեղի ունեցած են եւ որոնց ծառայած են յեղափոխութիւնները, ըմբոստութիւններ կամ յեղաշրջումները, աւելի իմաստուն կ’ըլլայինք, երբ մեր թղթիկը քուէատուփ կը նետենք կամ զէնք կը վերցնենք:
Յեղափոխութեան միտումը ըստ ամենայնի դատապարտելի չէ: Մարդկութեան յառաջընթացը երբեք հեզասահ չէ եղած, ցնցումներով եւ խզումներով ծնունդ առած է ցանկացուած նորը, որուն այլսերման հետեւանքով կրկին եղած են խզումներ եւ ցնցումներ: Յեղափոխութեան իրաւ յաջողութեան համար անհրաժեշտ է պատմական հայեացք եւ մարդկայնական իմաստութիւն, թերեւս այդ ձեւով խուսափելու համար աղէտէ եւ հակառակին ծնունդ տալու պատճառով՝ այլասերումէ եւ նոր աղէտներէ:
Յեղափոխութիւնը մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ չէ, ան չէ սպասած մեր գաղափարաբանական ճառերը, վերլուծումները, ism-երը եւ ist-երը: Այսօր վէպի կամ peplum ժապաւէններու նիւթ են մեծ յեղափոխութիւնները, փարաւոններու Եգիպտոսէն մինչեւ Չինաստան, յիշենք դէմքեր Հռոմէն՝ Սպարտակիւսը, ֆրանսացի Րոպէսփիէրը, Լէնինը, Մաոն, Զաբադան, Քասթրոն: Սրբապծութիւն պէտք չէ համարուի հարց տալ, թէ այդ բոլոր յեղափոխութիւնները նոյնիսկ երբ յաջողած են, կրցա՞ծ են հաւատարիմ մնալ իրենց ծննդոցի ազնիւ գաղափարներուն: Եթէ այլասերած են, ի՞նչ է պատճառը այդ այլասերման եւ ձախողութեան:
Յեղափոխութիւնը լաւի ձգտում է, բայց ան հարկադրաբար, յաջողութեան պարագային ստիպուած է մտնել քաղաքական խաղին մէջ, ուր կը գործեն եսեր, շահեր, փառասիրութիւններ: Իսկ քաղաքական խաղը ունի իր ուրոյն տրամաբանութիւնը, որուն մասին անցեալ դարու գրող Սթեֆըն Զվէյկ դիպուկ բնորոշում մը կու տայ, երբ կ’ըսէ, թէ «Բոլոր ժամանակներու մէջ, քաղաքականութիւնը եղած է անհեթեթութեան գիտութիւնը»: Իսկ յեղափոխութեան ալիքին վրայ կայսր դարձած Նափոլէոնն ալ, իր կարգին, անվարան ըսած էր. «Քաղաքականութեան մէջ անհեթութիւնը արգելք չէ»: Կը բաւէ դիտել ընկերային կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, թաղամասային, քաղաքային, երկիրներու եւ կայսրութիւններու մէջ տեղի ունեցող շահակցութիւններու խաղը, մեքենայութիւնները, «քոմպինացիա»-ները, ըմբռնելու համար անհեթութիւնները, բայց կարծէք դատապարտուած ենք զանոնք կրկնելու:
Եւ այսպէս, Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս արդարութեան եւ հաւասարութեան ցանկութիւններու երազով սկսած յեղափոխութիւնները յանգած են բռնապետութիւններու, տեղ մը նափոլէոնական, այլ տեղ ստալինական, զինուորական կամ գաղափարաբանական:
Ժամանակակից ընկերութիւններու մէջ շատ կը խօսուի «ընտրանի»ներու մասին (élites): Անցեալին ան «ծնունդի իրաւունք»ով էր, ինչ որ չէ անհետացած նաեւ մեր օրերուն, որուն կը տրուի népotisme սահմանումը, այսինքն՝ իշխանութիւն՝ այս կամ այն բնոյթի ծնունդի ընձեռած պարտադրուող իրաւունքով. ազնուականութիւն,- իշխաններ եւ իշխանիկներ,- որ կը սեփականացնէր իշխանութիւնը: Ապա հերթը հասաւ դրամատիրական ընտրանիին, քաղքենիութեան, որ ժողովրդավարութիւն հաստատելու կարգախօսով պայքարեցաւ եւ յաջողեցաւ, բայց կրկին իշխանութիւնը մնաց սակաւապետական փակ շրջանակի մէջ, ժողովրդավարութիւնը իշխանութիւն-ղեկավարութիւնը չվերադարձուց ժողովուրդին: Այսօր ալ դրութիւնը նոյն ձեւով կը շարունակուի:
Պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր տեղի ունեցած են ըմբոստութիւններ եւ յեղափոխութիւններ, անոնք ունեցած են եւ ունին մնայուն բնոյթ՝ իրենց կրկնութիւններով: Մեզի մօտ ժամանակին մէջ ալ, յաճախադէպ եղան, եւ են, ըմբոստութիւնները եւ յեղափոխութիւնները, զանգուածները ուզեցին եւ կ’ուզեն իշխանութեան եւ ղեկավարութեան մասնակցելու իրաւունք ձեռք բերել, ազնուականութենէն եւ քաղքենիութենէն ետք, բայց այս անգամ ալ «նոր ընտրանի» մը իւրացուց եւ կը շարունակէ իւրացնել իշխանութիւն-ղեկավարութիւնը: Այս ընտրանին կը բաղկանայ ուսումնականներէ, մասնագէտներէ, իրաւագէտներէ, տնտեսագէտներէ, փաստաբաններէ, լրագրողներէ:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Այս նոր ընտրանին կը հայթայթէ նախկին ընտրանին, որուն զաւակները ուսանելու եւ մասնագիտանալու պատեհութիւն ունեցած եւ ունին, ինչ որ չեն ունեցած եւ չունին դաշտի աշխատաւորին եւ հանքագործին զաւակները ընդհանրապէս: Բայց կը պահուին ժողովրդավարութեան ճառը եւ մշուշը, քուէատուփին մէջ սահեցուած թղթիկի առթած խաբկանքով: Քիչ մը իրատեսութեամբ, ոչ անպայման յոռետեսութեամբ, կը հաստատենք, որ իշխանութիւններու օղակները կը դառնան ինքնուրոյն եւ փակ դասակարգ, որ ինքզինք կը նորոգէ իր շրջանակին մէջ, խզուելով ժողովուրդէն, ինչ որ ժողովրդավարութիւնը կը դատարկէ իր էութենէն:
Առարկայական հայեացք մը, նոյնիսկ առանց խորացումի, ցոյց պիտի տայ, որ յառաջադէմ համարուած արեւմտեան ժողովրդավարութիւնները այդպէս են: Հետեւանքը ժամանակ առ ժամանակ կրկնուող ըմբոստութիւնները եւ յեղափոխութիւններն են, որոնք կը շահագործուին նոր ընտրանիի մը ծնունդ տալու համար, որ կը յանգի պարզ իշխանափոխութեան, սպասելով յաջորդը: Արդարեւ համալսարանական եւ մասնագէտներու նոր ընտրանին, հարցերուն մօտենալով տեսութիւններով, թիւերով, յառաջդիմութեան եւ յաջողութեան կարգախօսներով, կը դառնայ դաշնակիցը կամ գործիքը տնտեսական ազատականութեան: Այդպէս են երէկ «ընկերվարական» կամ «բարենորոգչական» կարգախօսներով հրապարակ եկող մտաւորականները, անոնք ըլլան նախարար թէ նախագահ: Այսինքն, յայտնուելով հանդերձ ժողովրդավարութիւն հաստատելու կարգախօսով, ընտրանին կը դաւաճանէ նոյնինքն ժողովրդավարութեան, շահախնդրութեամբ, դիրքապաշտութեամբ կամ անփոխարինելիութեան առասպելին տուրք տալով:
Պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր տեղի ունեցան եւ տեղի կ’ունենան ըմբոստութիւններ եւ յեղափոխութիւններ, անոնք ունեցան եւ ունին մնայուն բնոյթ: Մեզի մօտ ժամանակին մէջ ալ, յաճախադէպ եղան եւ են ըմբոստութիւնները եւ յեղափոխութիւնները, զանգուածները ուզեցին եւ կ’ուզեն իշխանութեան եւ ղեկավարութեան մասնակցելու իրաւունք ձեռք բերել, բայց այս անգամ, ազնուականութենէն եւ քաղքենիութենէն ետք, «նոր ընտրանի» մը իւրացուց եւ կը շարուակէ իւրացնել իշխանութիւն-ղեկավարութիւնը: Այս ընտրանին կը բաղկանայ ուսումնականներէ, մասնագէտներէ, իրաւագէտներէ, տնտեսագէտներէ, փաստաբաններէ, լրագրողներէ:
Չիյնալու համար այս սադայէլի շրջանակին մէջ, ընտրանիի մը աւագ առաքինութիւնը պէտք է ըլլայ ինքն իր վրայ գործադրելու քննադատութեան զէնքը, այնպէս ինչպէս ան կ’ընէր զինք նախորդողներուն հանդէպ, առանց ինքնարդարացում եւ ինքնահաստատում փնտռելու գաղափարաբանական ճառին մէջ, լուսարձակի տակ առնելով իր ձախողութիւնները: Ինչո՞ւ չենք տեսներ, որ գաղափարաբանական ճառերը կը բթացնեն դատողութիւնը եւ անկարող կ’ըլլանք կանխելու կամ սրբագրելու ձախողութիւնները, պատճառ դառնալով նոր ըմբոստութիւններու եւ յեղափոխութիւններու:
Պարզ է, տնտեսութեան համաշխարհայնացումը, տեւաբար շահերը աճեցնելու, իւրացնելու եւ կեդրոնացնելու ընթացքը պատճառ կը հանդիսանան նոր բնոյթով դասակարգային տարբերութիւններու, իւրացնողները եւ շահերը դիզողները կը դառնան ընտրանի, իրենց միջոցներով, ուսումով եւ կենցաղով: Այս ընտրանիին եւ շարքային քաղաքացիներուն եւ հետզհետէ թշուառացող զանգուածին միջեւ խրամատ կը բացուի: Այս ձեւով հող կը պատրաստուի ըմբոստութիւններու եւ յեղափոխութիւններու: Պոռթկումներ կրնան տեղի ունենալ ոչ միայն անկայուն ժողովրդավարութեամբ կառավարուող երկիրներու մէջ, այլ նաեւ հոն ուր կայ ժողովրդավարական փորձ եւ աւանդութիւն: Տեղ մը յիշուած խրամատը բացորոշ է, արեւուն տակ, այլ տեղ քաղաքավար, ընկերային բարեկարգումներով բարեխառնուած, ինչպէս եւրոպական երկիրներու մէջ: Բայց երբ անտեսում եւ արհամարհանք կը զգացուին, հոն ալ անխուսափելի կը դառնան պոռթկումները:
Ամենուրեք նոմանքլաթուրայի մաս կազմելու ձգտում կայ, այսինքն՝ ընտրանիի, եւ մարդիկ յաճախ միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, կ’անիրաւեն նմանը: Քաղաքական եւ տնտեսական կազմակերպութիւնը շատ քիչ նկատի ունի շարքային քաղաքացիները, անոնց կարծիքը, որոշումները եւ փոփոխութիւնները ինքնասեփականաշնորհուած են ընտրանիին կողմէ, կառավարութիւններու մակարդակին, բայց նաեւ տնտեսական, կրթական, առեւտուրի: Նոյնիսկ երբ կը կարծենք որ հիմնական հարցերու շուրջ վիճարկումներ տեղի կ’ունենան, անոնք կը սահմանափակուին ընտրանիին մէջ: Զանգուածներուն կը մնայ հանդիսատես ըլլալու հնարաւորութիւնը: Այդպէս են նախագահական ընտրութիւնները, միջկուսակցական եւ ներկուսակցական վիճարկումները, անոնք երեւութապէս կը դիմեն ժողովուրդին, բայց ընտրանիի խումբերն են խաղցողները, ինչպէս կ’ըսուի՝ «թիմ»-երը: Այս կացութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնայ նպաստել իսկական ժողովրդավարութեան հաստատման: Հին եւ նոր «նոմանքլաթուրա»-ները միշտ ալ խորհած են, որ իրենք ունին շնորհը եւ մենաշնորհը ճիշդը տեսնելու եւ ճիշդ գործելու, այսինքն՝ ընտրանին միշտ ալ ունեցած է եւ ունի բացասական կարծիք զանգուածի իրատեսութեան եւ ողջախոհութեան նկատմամբ, այս պատճառով ալ զանգուածին կը դիմուի, որպէսզի ան այո՛ կամ ո՛չ ըսէ, իր կողմէ մրճահարուած բացատրութիւններու եւ ճշմարտութիւններու լոյսին տակ:
Այսպէս է ընտրանիի ժողովրդավարական թատրոնը, որուն հետեւանքով մարդիկ կը փորձեն մտնել ընտրանիի ակումբին մէջ, երբեմն կը յաջողին, երբեմն կը ձախողին, եւ երբ յաջողին, կը դառնան «դասակարգ»ի անդամ, կ’այլասերեն ժողովրդավարութիւնը: Անդասակարգ եւ մենաշնորհներ չունեցող ընկերութիւնը կը մնայ ցնորք:
Միշտ ալ կայ տարբերութիւնը եւ ընդդիմութիւնը բանուորներուն, արհեստաւորներուն, շարքային քաղաքացիներուն եւ «մտաւորականներուն» միջեւ, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ իսկական ժողովրդավարութիւնը, որ արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ մեծամասնութեան, որ վիճարկումներուն մէջ դեր չունի, իր տեղը չունի ընտրանիին մէջ, (ուսումնականներ, մասնագէտներ, ընտանեկան ժառանգութիւններ, դրամատէրեր): Բախտաւոր պարագային, ընտրանիի ծոցին մէջ տեղ կը գտնեն մարդիկ իրենց պատրաստութեան նպաստով, արժանիքներու վրայ հիմնուած տեսակ մը ժողովրդավարութիւն, ֆրանսացին կ’ըսէ՝ méritocratie, երբ դեղագործը եւ ատամնաբոյժը կ’ուզեն զանգուած ներկայացնել, հաշուապահները՝ առաջնորդել կրթութիւնը, բժիշկները՝ արդարադատութիւնը, կիսագրագէտները՝ մշակոյթը: Ի հարկէ արժանիքներու վրայ հիմնուած ժողովրդավարութիւնը աւելի լաւ է ծնունդի իրաւունքով ձեռք բերուած փառասիրութիւներէ :
Ժողովրդավարութեան իրագործումը ցանկութիւններու ճահիճէն դուրս չի գար, եթէ մեռեալ տառ մնայ հաւասարութիւնը: Արդարեւ, օրէնքով հաստատուած հաւասարութիւնը տեսական է, եթէ բացակայի տարրական տնտեսական հաւասարութիւնը, կեանքի ապահովութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի է արդար ժողովրդավարութեան մասին խօսիլ, երբ քաղաքացիին քուէն կը գնուի այս կամ այն ձեւով, երբ ան պարտադրուած կ’ըլլայ իր քուէն ծախելու: Իտէալի հետապնդումը կուշտերու համար է: Առանց տնտեսական պայմաններու բարելաւման, քաղաքական-քաղաքացիական հաւասարութիւնը, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը, դատարկաբանութիւններ են: Հետեւաբար, ազատ քաղաքացի ունենալու համար անհրաժեշտ են նախապայմաններ:
Ժողովրդավարութեան յաջող ընթացքին համար էական նշանակութիւն ունին հանդուրժողութիւնը, յարգանքը միւսին եւ միւսի կարծիքին նկատմամբ: Ժողովրդավարութիւնը բարոյական եւ օրինական սահմանափակումներ պէտք է դնէ քաղաքականութիւնը ասպարէզի վերածելու միտումներու առջեւ: Քաղաքական գործիչի, պատգամաւորի, նախագահի, նախարարի, պաշտօնները ժամանակաւոր պէտք է ըլլան, օրէնքով սահմանուած, պատգամաւորը յաջորդական ընտրութիւններով ցկեանս պէտք չէ մնայ խորհրդարանին մէջ (երբեմն նոյնիսկ պագարակով տարուելով), նախագահ, նախարար, օրէնքով ճշդուած ժամանակաշրջանէն ետք պէտք է վերադառնան քաղաքացիական կեանքի, իրենց ամբողջ կեանքը չանցնեն պետական համակարգի մէջ, մէկ պաշտօնէն անցնելով ուրիշ պաշտօնի, տեւաբար պետութենէն ստանալով իրենց հասոյթը: Այս կացութիւնը պատճառ է դժգոհութիւններու, խծբծանքներու, անհասկացողութիւններու, մերժումներու:
Եթէ պետական այրերը ճիգ ընէին յաճախելու Մահաթմա Կանտիի դպրոցը, ներընկերային կապերը եւ հասկացողութիւնը տարբեր որակ կ’ունենային: Կանտիի իմաստութեամբ եթէ մտածենք աւելի լաւ կը ծառայենք եւ աւելի լաւ կ’ընդունուինք մեր ժամանակակիցներէն եւ մեր յաջորդներէն: Ան կ’ըսէ. « Օրէնք մը ամէն բանէ առաջ ճիշդ եւ արդար պէտք է ըլլայ: Արդի քաղաքականութիւնը օրէնքը պարզապէս դարձուցած է ֆէթիշ քանի որ օրէնք է»:
Իսկ յեղափոխութիւնները իրապէս մարդկային մակարդակով յաջողելու համար, պէտք է ընեն այնպէս, որ իրենց առաջնորդները ըլլան ոչ թէ իշխանութիւն, այլ բարոյական հեղինակութիւն, միշտ յիշելով տիտղոսներ եւ պաշտօններ չունեցող արտակարգ քաղաքական իմաստուն Կանտին, կամ Հարաւային Ափրիկէի անբուժելի կեղ համարուող խտրականութիւնը յաղթահարած եւ անկարելի հաշտեցումը իրականացուցած Նելսըն Մանտելան:
Օրինակները արժէք են:
Օրինակներով մտածել՝ իմաստութիւն է: