Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՄԱՐԿԱՏԷԷՆ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՈՐԲԱՆՈՑ՝ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ՅՍՏԱԿ Է

$
0
0

Ա.Ա.

Պոլսոյ մէջ շուրջ հարիւր հազար հայաստանցիներու ապօրինի կեցութիւնը քաղաքական խաղաքարտի վերածուած է Անգարայի իշխանութիւններուն համար, որոնք ամէն առիթ կը շագործեն, որպէսզի յիշեցնեն, թէ արտօնութիւն տուած են ու աչք կը խփեն հայաստանի քաղաքացիներուն Պոլիս կեցութեան եւ աշխատանքին, որովհետեւ անոնք, ինչպէս կը բնութագրէ նախագահ Էրտողան, իրենց երկրին՝ Հայաստանի մէջ հանգստութիւն չունին։
Այս թեման դարձեալ շահարկման վերածուեցաւ Էրտողանի կողմէ, որ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, պնդեց, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն չկայ։ «Զգուշ եղիր երբ կը գործածես հայոց ցեղասպանութիւն եզրը։Հայերը մեր երկրին մէջ բնաւ ցեղասպանութեան չեն ենթարկուած, եւ այս պահուս Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին մեր հայ քաղաքացիները եւ Հայաստանի քաղաքացիներ, որոնք պիտի շարունակեն Թուրքիա ապրիլ», ըսաւ Էրտողան՝ իր խօսքը ուղղելով լրագրողի մը, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ՝ Ապրիլ 24-ը Հայկական ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակելու մասին հարցում մը ուղղեց Էրտողանի։
Մերթ ընդ մերթ այս նիւթը քաղաքական օրակարգ բերող թուրք պատասխանատուներուն մէջ Էրտողան առաջին դիրքի վրայ կու գայ, որ նախ կը պնդէ, որ ցեղասպանութիւն գործադրուած չէ հայերու դէմ, եւ ապա՝ նոյն յանկերգը։«Հարիւր հազար հայաստանցիներու արտօնութիւն տուած ենք, որպէսզի Թուրքիա ապրին եւ աշխատին»։
Հիմա երկու հարց։
Առաջինին՝ Հայկական ցեղասպանութեան ուրացման եւ ժխտման թրքական պետական քաղաքականութեան պատասխանը պէտք է տալ, մէջբերելով օտար աղբիւրներ, ակադեմականներ, պատմաբաններ, քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ եւ մանաւանդ հեղինակաւոր եւ իրենց ամէն մէկ բառը կշռադատած ու գրած հետաքննող լրագրողներ։ Ասոնց մէջ լաւագոյն օրինակը Ռապըրթ Ֆիսքն է, որ իր յօդուածներով եւ տեղեկագրերով յաճախ լուսարձակի տակ կը բերէ Հայկական ցեղասպանութեան թղթածրարը եւ անվիճելի փաստերու ներկայացմամբ, կը ջրէ թրքական վարկածները։
Երբ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ 1990-ական թուականներուն սկիզբը քարիւղի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուեցաւ Մարկատէի դաշտը՝ լոյսի բերելով աւազներուն եւ բխրուն հողին տակ շերտ առ շերտ մնացած մարդկային գանկերը եւ ոսկորները, ամբողջ հայութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնեցաւ եւ Մարկատէի դաշտին կեդրոնը՝ կիզիչ արեւուն տակ, օր մը օծումը կատարուեցաւ Սուրբ Յարութիւն մատրան, որպէսզի ամբողջ աշխարհը իմանայ պատմութիւնը այն աւելի քան երեսուն հազար հայորդիներուն, որոնք քշուեցան Մարկատէ եւ ուր ոչնչացան։ Ռապըրթ Ֆիսք այցելեց Մարկատէ եւ ապա իր տպաւորութիւնները, տեսածները պատմեց Տի Ինտիփենտընթ օրաթերթին սիւնակներուն մէջ։
Ֆիսք նաեւ ներկայացուց հայուհի մը՝ Սրբուհի Փափազեան, որ Սուրիոյ անապատները հասած էր տակաւին մանկատի եւ արաբացած։ Ապա ամուսնացած եւ բազմաթիւ զաւակներ ծնած։ Սրբուհիի զաւակները գիտէին, որ իրենց մայրը հայ է եւ բոլոր հայերը քեռի կը կոչէին՝ խալօ։
Ֆիսք նաեւ գրեց Լիբանանի Այնթուրա քոլէճի համանուն որբանոցին մասին, ուր մատրան ետին թաղուած են շուրջ վեց հարիւր հայ որբուկներու մնացորդացը։ Որբանոցը հրէշածին գաղափարն էր Ճեմալ փաշայի,որ տխրահռչակ Խալիտէ Էտիպ Ատիվարի հետ, որբանոցը վերածեց թրքացման գործարանի մը, ուր որբերը անտանելի ծեծի ու տանջանքներու կ՛ենթարկուէին, երբ հայերէն խօսէին իրարու հետ։
Երեք սարսափելի պարագաներու մասին գրելով՝ Ֆիսք ամրագրեց Հայկական ցեղասպանութեան մասին համոզումը։ Երիտասարդ թուրքերը ծրագրեցին եւ գործադրեցին Հայկական ցեղասպանութիւնը, եզրակացուց ան՝ ամէն անգամ որ գրեց իր տեսածներուն մասին։
Էրտողան անշուշտ Ֆիսքը չի համարեր լուրջ լրագրող մը, զայն սեպելով հայկական լոպիներու կողմէ վարձատրուող գրչակ մը։ Ասիկա սակայն ոչինչ կը փոխէ իրականութիւններէն՝ Մարկատէէն մինչեւ Սրբուհի Փափազեան եւ Այնթուրայի որբանոց- տանջարանը։
Երկրորդ հարցը հայաստանցիներու նկատմամբ բարեացակամութեան Էրտողանի ինքնագովասանքն է։ Ասոր պատասխանը կայ։ Ամէն ոք գիտէ։ Կարիքը չկայ գրգռելու բաց վէրքը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles