Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՏԻԹ­ՐՈՅԹ-ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ .- “ՀԱՅ ՄԱՅ­ՐԸ ԵՒ ՀԱՅ ԿԻ­ՆԸ ՀԱ­ՅՈՑ ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԵԱՆ ԸՆ­ԹԱՑ­ՔԻՆ“ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

p8   ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Շնոր­հա­զարդ Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ին, Հայ­րա­պե­տա­կան կոն­դա­կով մը 2013 թուա­կա­նը հռչա­կած էր Հայ Մայ­րե­րու տարի եւ թե­լադ­րած էր թե­մե­րու մէջ Եկե­ղե­ցի­ներ եւ կամ Մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պեն Հայ Մայ­րե­րուն նուիր­ուած դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ: Տիթ­րոյ­թի Հա­մազ­գա­յին Հայ Մշա­կու­թա­յի եւ Կրթա­կան Միու­թիւնը ըն­դա­ռա­ջե­լով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի պատ­գա­մին, Կի­րա­կի, Նո­յեմ­բեր 24, 2013ին կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 1:30ին, Ս. Սար­գիս Հա­յաս­տան­եաց Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից “Լիլի­ըն Առա­քել­եան“ սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պեց շա­հե­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն մը նիւթ` “Հայ Մայ­րը եւ Հայ Կի­նը Հա­յոց Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին“:

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թեան քար­տու­ղա­րու­հի ընկհ. Շո­ղեր Ուրլ­եան: Ան բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք, հա­մա­ռօտ գի­ծե­րու մէջ կա­տա­րեց օր­ուայ դասա­խօս` եւ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէ­որգ­եա­նի կեն­սագ­րու­թիւնը ու ապա զայն բեմ հրա­ւի­րեց:

p8 b Արժպ. Տէր Հայ­րը առա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­մազ­գա­յի­նին որ ընդառա­ջե­լով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բաղ­ձան­քին կազ­մա­կեր­պե­ցին այս օր­ուայ դա­սա­խօ­սութիւնը եւ զինք օր­ուայ դա­սա­խօս հրա­ւի­րե­ցին, ներ­կա­յաց­նե­լու “Հայ Մայ­րը եւ Հայ Կի­նը Հա­յոց Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին“:

Արժպ. Տէր Հայ­րը իր դա­սա­խօ­սու­թիւնը սկսաւ Հա­մաս­տե­ղի իր մօր նուի­րուած գե­ղե­ցիկ գրու­թեամբ.-Թա­փա­ռե­ցայ երկ­րի ճամ­բա­նե­րով, շատ ան­ցայ տե­սայ զրկանք, տե­սայ ցաւ ու սէր ու խնդում ես տե­սայ, բայց չտե­սայ, չգտայ ոչ մէկ սիրտ այն­քայն արի քու հոգի­ին չափ ազ­նիւ մայր իմ անուշ ու բա­րի:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը գի­տակ­ցե­լով մօր նուի­րա­կան դե­րին հայ սրբու­թիւ­նե­րուն տուած է մօր մակ­դի­րը, ինչ­պէս մայր լե­զու, մայր եկե­ղե­ցի, մայր հայ­րե­նիք եւ այլն: Մեր ազ­գա­յին պատ­մութեան ըն­թաց­քին Հայ Մօր դե­րը եղած է եզա­կի, եկե­ղե­ցա­կան, մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին, բա­րեսի­րական, քա­ղա­քա­կան եւ ազա­տագ­րա­կան պայ­քար­նե­րուն: Ինչ­պէս 451 Աւա­րայ­րի հե­րո­սամար­տին, 1918 Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մին, 1988ի Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նեցած ահ­ռե­լի եկ­րա­շար­ժին, եւ մեր նո­րօր­եայ մղուած Ար­ցա­խի ազա­տագ­րա­հան պայ­քա­րին:

p8 cԿա­րե­լի չէ ամ­բող­ջա­կան կեր­պով հասկ­նալ Հայ Մօր դե­րը առանց պրպտե­լու հա­յոց պատ­մու­թեան էջէ­րը, եւ կա­րե­լի չէ հասկ­նալ հա­յոց պատ­մու­թիւնը առանց ակ­նարկ մը կա­տարե­լու Հայ Մօր սրբա­զան դե­րին: Ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը կա­տա­րե­լով մեր ազ­գա­յին պատ­մութեան վրայ, պի­տի տես­նենք որ հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նէն սկսեալ մին­չեւ 21-րդ դար, Հայ Մայ­րը հան­դի­սա­ցած է տի­պար ու առա­քի­նի Վասն հա­ւա­տոյ եւ վասն հայ­րեն­եաց նշա­նա­բա­նով: Սկսեալ հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նէն պաշ­տած ենք չաստ­ուա­ծու­հի­ներ Անա­հի­տը, Աստ­ղի­կը, Ծո­վի­նա­րը եւ ու­րիշ­ներ: Իսկ գա­լով քրիս­տո­նէ­ա­կան շրջա­նին, սկսեալ ար­քու­նի­քի թա­գու­հինե­րէն, իշ­խա­նու­հի­նե­րէն եւ բո­լոր սրբու­հի­նե­րով հաս­նե­լով մին­չեւ 20 եւ 21-րդ դար: Յատ­կա­պէս Մեծ Եղեռ­նին Տէր Զօ­րի անա­պա­տէն մին­չեւ Սփիւռք­եան գա­ղութ­ներ գո­յա­պայ­քա­րի հանգրուան­նե­րուն, Հայ Մա­յրը եղաւ արի, եղաւ եկե­ղե­ցի, դպրոց, ու­սու­ցիչ ու դաստ­ի­ա­րակ: Այ­նու­հե­տեւ Արժ. Տէր Հայ­րը, յա­ջոր­դա­բար անդ­րա­դար­ձաւ եւ բաղդա­տա­կան մը կա­տա­րեց Ընդ­հա­նրա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րուն եւ Հայ եկե­ղեց­ւոյ Սուրբ հայ­րե­րուն մի­ջեւ Մայ­րե­րու նկատ­մամբ իրենց դրսեւո­րում­նե­րուն: Անդ­րա­դար­ձաւ հայ եկե­ղեց­ւոյ նուիր­եալ հայ­րա­պետ­ներու թե­լադ­րանք­նե­րը Հայ Մօր տի­պա­րին, անոր կեն­ցա­ղը ու ապ­րե­լա­կեր­պը կա­րե­լի է հա­մադրել նոյն ծի­րին մէջ: Անոնք կը թե­լադ­րեն որ ծնող­նե­րը հո­գա­ծու­թեամբ, խստա­պա­հան­ջութեամբ իրենց զա­ւակ­նե­րուն ջամ­բեն հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն: Եւ ահա­ւա­սիկ Հայ Մայ­րը, ծնող­քը ամ­բող­ջա­ցու­ցած են Սուրբ հայ­րե­րու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը: Արժ. Տէր Հայ­րը կա­րե­ւո­րեց Հայ Մօր նուի­րու­մին, Հա­ւատ­քին, Յոյ­սին, Կամ­քին եւ Սի­րոյն ար­ժա­նիք­նե­րուն: Այ­նու­հե­տեւ եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը մէջ­բե­րում մը կա­տա­րեց Վե­հա­փառ Հօր իմաստա­լից ու գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րէն.-“Առանց Հայ Մօր ճա­ռա­գայ­թող ներ­կա­յու­թեան երաժիշտ է մեր կեան­քը: Առանց Հայ Մօր մար­դա­կեր­տու­մին եւ հա­յա­կեր­տու­մին առա­քե­լու­թեան ան­գոյն է մեր կեան­քը: Առանց Հայ Մօր յանձ­նա­րա­րու մաս­նակ­ցու­թեան աղ­քատ է մեր կեան­քը: Հայ Մայ­րով հա­յը հայ մնաց պատ­մու­թեան ան­մե­հի պատ­մու­թեան դի­մաց: Հայ Մայ­րով հա­յը հայ է ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն ինք­նու­թիւնը ապա­կա­նող հո­սաք­նե­րուն դի­մաց: Հայ Մայ­րով հա­յը հայ պիտի մնայ գա­լիք բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց:

Յար­գանք Հայ Մայ­րե­րուն:

Հան­դի­սու­թեան աւար­տին հան­դի­սա­վա­րը բեմ հրա­ւի­րեց Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Հեր­մի­նէ Մա­նուկ­եա­նը, որ իր կար­գին կար­դաց Ա.Մ.Ն-ի Արե­ւել­եան շրջա­նի Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան վար­չու­թեան ուղ­ղար­կած շրջա­բե­րա­կա­նը, որուն մէջ, կը յայ­տա­րար­ուէր թէ, Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան վար­չու­թիւնը, ան­նախն­թաց բա­ցու­մը կը կա­տա­րէ, միջ նա­հան­գա­յին զար­գաց­ման մրցու­մի:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles