Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ. Դաշնակցութեան Մտահոգութիւնն Ու Անվերապահ Աջակցութիւնը

$
0
0

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրով եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած Անկախպետականութեան կարգավիճակն ու տարածքային ամբողջականութիւնը անսակարկելի են:
                                                                                                                                                                                                                                                                             Հ.Յ.Դ. 33-րդ Ընդհանուր Ժողով

Հ.Յ. Դաշնակցութեան համար Արցախի հարցը 1988 թուականէն ի վեր եղած է ու կը մնայ օրակարգային առաջինխնդիր: Նոյն թուականին գումարուած Ընդհանուր Ժողովէն ի վեր Արցախը եղած է ՀՅԴ ռազմավարութիւնն ումարտավարութիւնը ձեւաւորող կարեւորագոյն առանցքներէն մէկը: Այս փաստը կ’ընդունին Դաշնակցութեանհամակրողներն ու հակակրողները: Համակրողները Դաշնակցութեան այս սկզբունքայնութիւնը կը դիտեն, որպէսԱրցախի անվտանգութեան ու հարցի հայանպաստ լուծման երաշխիք: Իսկ հակակրողները՝ զայն կը դիտեն իրենցպարտուողական ու զիջողական մօտեցումներուն խոչընդոտող կեցուածք:

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ գումարուած ՀՅԴ33րդ Ընդհանուր Ժողովը: Այս ժողովը իր վայրի ընտրութեամբ իսկ կ’ընդգծէր Հայ ՅեղափոխականԴաշնակցութեան, իր համահայկական կառոյցով, Արցախի կողքին ամուր կանգնած ըլլալու պատգամը: Ժողովը իրայդ պատգամը աւելի ցայտուն կը դարձնէր Ժողովին կողմէ Արցախի հարցով յատուկ յայտարարութեամբ, որունմէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յստակ ու բազմակողմանի կը ձեւակերպէր իր դիրքորոշումը Արցախիխնդրին կապակցութեամբ:

Դաշնակցութեան յղած այս պատգամը անարձագանգ չմնաց Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան մօտ,որոնք ողջունեցին այն փաստը, ըստ որուն «Աշխարհասփիւռ իր կառոյցով, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը անվերապահաջակցութիւն կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ երկրի սոցիալ-տնտեսականզարգացման, անվտանգութեան և տարածքային ամբողջականութեան ապահովման հարցերով և կը յայտնէ իրպատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու այդ յանձնառութիւնը»:

Դաշնակցութեան յանձնառութիւնն ու Արցախի ողջոյնը միացեալ պատգամ մըն էր առաջին հերթին ուղղուածԱտրպէյճանին, հասկցնելու համար, որ Արցախի խնդիրը համայն հայութիւնը միաւորող ու բռունցքող հարց է, ուրմերժուած է «որեւէ փաթեթ, որ «Մատրիտեան Սկզբունքներ»ու նման չ’երաշխաւորեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւփուլային տարբերակով, Արցախէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն կը պահանջէ կանխաւ ռազմավարական ու հողայինզիջումներ կատարել, այնպիսի անորոշ խոստումներու դիմաց, որ պիտի տրուի Ատրպէյճանի ներկայ կամ զինք յաջորդողվարչակարգի մը կողմէ»:

Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը մտահոգութիւն յայտնեց վերջին ամիսներուն Արցախի շուրջ բանակցութիւններուաշխուժութեան կապակցութեամբ, որոնց կ’ընկերակցին միջազգային որոշ կողմերուն ցուցաբերածշտապողականութիւնը ու երբեմն ալ ոչ-հայանպաստ մօտեցումներ պարտադրելու ակնարկները: Դաշնակցութեանկամքը արտայայտող այս ժողովին արտայայտած մտահոգութիւնը հասցէագրուած է նախ եւ առաջ Հ.Յ.Դաշխարհասփիւռ կառոյցին, որոնցմէ կը պահանջուի կացութիւնը սթափ դատել եւ ողջ հնարաւորութիւնները լարել,որպէսզի կարենան ձախողութեան մատնել հայութեան պարտուողական լուծում պարտադրելու որեւէ փորձ: Այդուժերու լարումին մէջ կան քաղաքական ու քարոզչական պատերազմը, Արցախի միաջազգային ճանաչմանուղղուած աշխատանքը եւ Արցախի տնտեսութեան, անվտանգութեան ու պետականութեան ամրապնդմաննպաստող ծրագիրները: Ի վերջոյ, մենք իրաւունք չունինք ազատագրական պայքարի արիւնով ու զոհերով ձեռքբերուած յաղթանակը զիջիլ յանուն թուացեալ խաղաղութեան:

Այս բոլորի կողքին, Դաշնակցութեան համար կը շարունակէ հրատապ հարց մնալ «Հայաստանի եւ ԱրցախիՀանրապետութիւններու միջև ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագրի սեղմ ժամկէտներու մէջկնքումը», որպէսզի ամրագրուի Հայաստանի իշխանութիւններու այն պարտաւորութիւնը, զոր պէտք է ցուցաբերենմիջազգային հարթակներու վրայ, իբրեւ Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր:

Քաղաքական իրավիճակներու լոյսին տակ ձեւակերպուած Հ.Յ.Դ. վերոնշեալ սկզբունքներու կողքին, Հ.Յ.Դ. ԸնդհանուրԺողովը անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ Արցախի հարցը Դաշնակցութեան համար Հայ Դատի ընդհանուր ծիրիմէկ մասնիկն է եւ ՄիացեալՀայաստանի կերտման այժմէական հանգրուան: Ի վերջոյ, ազգովին պիտի ընկալենք, որԱրցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը` Հայաստանի հետ միաւորման միջանկեալ օղակ մըն է պարզապէս:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles