Ազգագրական անփոխարինելի նախաձեռնութեան մը ուրիշ մէկ փառաւոր աշխատասիրութիւնն է Հրայր Բազէի (Խաչերեան) վերջերս լոյս ընծայած “Մէկ Ազգ Մէկ Եկեղեցի“ հրաշագեղ ալպոմը, որ ներկայացուեցաւ Նիւ Ճըրզիի Թէքէեան սրահին մէջ Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ, Դեկտեմբեր 15, 2013, Կիրակի օր կէսօրէ ետք ժամը 2ին: Հակառակ տեղացող ձիւնին ստեղծած երթեւեկի արգելքներուն, սրահ փութացած էին մշակութասէր հասարակութիւն մը եւ գնահատելի թիւով երիտասարդներ:
Հակառակ որ ան շրջանակին համար ծանօթ մէկն էր Բազէ, սակայն Թ.Մ.Մ. վարչութեան պատասխանատուներէն` Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան հետաքրքրական կերպով իր ողջոյնի խօսքին մէջ ներկայացուց մոնթրէալաբնակ արուեստագէտ ու լուսանկարիչ Հրայրը:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ լուսարձակի տակ առաւ իր այս ալպոմը, որ նուիրուած է պատմական ու անկախացած Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Միջին Արեւելքի մայր գաղութներու, Պոլիսէն մինչեւ Հեռաւոր Արեւելքի նօսրացած ու երբեմն միայն մէկ հայ ապրող երբեմնի առոյգ հայկական համայնքներու, նախկին Խորհրդային Միութեան ու Ամերիկաներու տարածքին թէ Եւրոպայի մէջ փլատակ, կանգուն թէ աւելի նոր կառուցուած աղօթատեղիներուն, մատուռներուն, եկեղեցիներուն ու տաճարներուն: Անոնք բոլորը կը տողանցէին այս ալպոմի էջերուն ընդմէջէն:
Ու մտովի ըլլալ ու քալել իր հետ այդ հեռաւոր ու երբեմն անմարդաբնակ մեր սարերուն ու լանջերուն` Վասպուրական աշխարհի Կտուցի ճգնարանն ու Վանայ լիճի Սուրբ Թովմասի լքուած մեր սրբավայրերը կամ այրիացած մեր Անիի Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցին ու Տիգրան Հոնենցի Ս. Գրիգոր Եկեղեցին, ցասումով վայելել Պենկլատեշի ու Սինկափուրի, Խարթումի մեր Աստուծոյ տուները: Երթալ Արցախ ու անցնիլ Նոր Ջուղա ու Ապատան: Երթալ Անթիլիասի մայրավանք Սսոյ Աթոռ ու Զմմառի Հայ Կաթողիկէ մայրավանքը … երթալ մեր ծննդավայրերը` Պէյրութ, Այնճար, Դամասկոս ու Հալէպ ու անցնիլ Տէր Զօրէն, ուր սուրիական վերջին իրադարձութիւններուն ոճրագործ ձեռքեր ռմբահարել ջանացին մեր սուրբ նահատակներու մատուռ-յուշարձանը:
Այցելել Նոր Աշխարհ, ուր ամէն հայահոծ աւանի մէջ կանգնեցուցած ենք եկեղեցի մը. Գորտոպայէն մինչեւ Քարաքաս, Ֆիլատելֆիայէն մինչեւ Հոլիվուտ ու Թորոնթօ … Երկա՜ր է շարքը: Հայաստանի անկախացումէն ետք Երեւանի ու Մոսկուայի մեր Մայր Տաճարները, ու զմայլիլ Սուրբ Էջմիածինով, իր նո՜ր ու հին ամրակուռ կոթողներով, թանգարաններով ու վերանորոգուած շրջակայ մատուռներովը: Վերջապէս, Պոլսոյ մեր ազգային եկեղեցիներուն կը միանայ Սուրբ Քաղաքը` Երուսաղէմ, ուր Հրայր ցոյց կու տայ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ունեցած ազգային եկեղեցական հարստութիւնները:
Ե՜ւ հայ առաքելական, ե՜ւ հայ կաթողիկէ ու աւետարանական, ե՜ւ էջմիածնական կամ անթիլիասական եկեղեցիները, քով-քովի դրուած գեղեցիկ համադրութիւն մը կը կազմեն շքեղ այս տպագրուած ալպոմին էջերուն մէջ:
Նոր Տարուան լաւագոյն որպէս նուէր, այդ օր, շուտով սպառեցան այդ ալպոմները: Այս աշխատանքին համար կազմուած յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհին` Հիլտա Յարութիւնեան ջանք չէր խնայած թէքէեանավայել մակարդակով մը կազմակերպել ձեռնարկն ու հիւրասիրութիւնը:
Հրայրին իսկ տողերով. “Այն ուղեւորութիւնները որոնք այս գիրքին իրագործումն են ուխտի մը որ կատարեցի, երբ կը պայքարէի քաղցկեղի դէմ: Երկրորդ կեանքի մը պարգեւը 1993էն 2013, ճամբորդեցի համայն աշխարհի տարածքը եւ նկարեցի Հայոց եկեղեցիներ. ահա՜ արդիւնքը այդ բոլորին“: