
Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանի եկեղեցիներէն ներս Վեհափառ Հայրապետի պատգամը պիտի ընթերցուի Կիրակի, Փետրուար 10-ին, յընթացս Սուրբ Պատարագին։ Յաւարտ Պատարագին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Հայ մամուլի հին ու նոր բոլոր նուիրեալ աշխատակիցներու հոգիներուն համար։
Նորին Սրբութիւնը կը գրէ, թէ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումէ մը ետք, յարմար նկատած է՝ այս տարի հայ մամուլը մեծարել ։ Ընդունելով հանդերձ, որ արդի ժամանակներուն «մամուլ» հասկացութիւնը աւելի լայն սահմանում մը ստացած է, Կաթողիկոսը կ՚ընդգծէ, որ խօսքը գլխաւորաբար տպագիր մամուլի մասին է՝ օրաթերթեր ու պարբերականներ։ Վեհափառ Հայրապետը տպագիր հաղորդակցութեան հնագոյն ձեւերուն ակնարկ մը նետելէ ետք, կը կեդրոնանայ առաջին հայ թերթին՝ «Ազդարար«ի (Կալկաթա), եւ աշխարհի չորս ծագերուն հայ մամուլի յետագայ աճին վրայ։
Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թեմերուն հրահանգած է, որ այս առիթով 2019 թուականի ընթացքին հայ մամուլի պատմութիւնն ու դերը լուսաբանեն տարբեր ձեռնարկներով՝ դասախօսութիւններ, դասախօսական շարքեր, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու հրատարակութիւններ, եւ այլն։