ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Լին Թրէյսիին հետ, որ մօտ ապագային պիտի սկսի իր առաքելութիւնը Երեւանի մէջ.
«Մենք ոգեւորուած էինք դեսպան Թրէյսիին հետ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող մեր կառուցողական քննարկումներով, եւ մենք, իբրեւ հայազգի ամերիկացիներ, անհամբերութեամբ կը սպասենք դեսպանին եւ անոր խումբին հետ աշխատելուն` յառաջ մղելու համար մեր ընդհանուր նպատակները», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, որ նաեւ մտահոգութիւն յայտնած էր, պասկական օդանաւային ընկերութեան մը հետ գործակցող հայկական ընկերութեան մը դէմ Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներու խտրական բնոյթին վերաբերեալ:
Ըստ Համբարեանի, որոշ ակնյայտ տուեալներ հաշուի չեն առնուած, այդ պատճառով ալ անհասկնալի խտրական ընտրութիւն կատարուած է։
Ցարդ, կը խօսուի միայն երեք ընկերութեան դէմ Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներուն մասին: Անոնք Մալեզիոյ, Թայլանտի եւ Հայաստանի մէջ գործող ընկերութիւններն են: Համբարեան ընդգծեց, թէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ո՛չ միայն զերծ մնացած են այս պատժամիջոցներէն, այլեւ ազատ ուղեւորութեան կարելիութիւն ստացած են դէպի Իրան: