Ա.Ա.
Արցախի տագնապին բանակցային հոլովոյթին վերսկսման կապուած ենթադրութիւններուն եւ ընդհանրապէս հայկական ու ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ վերջին շրջանին կատարուած անպաշտօն թէ պաշտօնական հանդիպումներուն շուրջ ծաւալած դիւանագիտական խօսակցութիւններուն եւ հաղորդակցութիւններուն մէջ ամէնէն նշանակալիցը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն է, զոր ան ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Մինչ Պոլթըն կը յայտարարէր, որ Ալիեւի հետ շարք մը հարցերու, նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութեան մասին խօսած է, անդին երեւանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը վերահաստատէր, որ նախապէս Ճոն Պոլթընի հետ իր հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին հեռուէն կամ մօտէն Արցախի տագնապին մասին չէ խօսած։Պոլթըն զինք շնորհաւորած է Վարչապետ վերընտրութեան առիթով եւ երկուքը քննարկած են հայեւամերիկեան յարաբերութիւնները։
Հայաստանի վարչապետին հաւաստիացումը ընդունելու կամ չընդունելու խնդիր չկայ։ Հաստատումը կատարողը երկրին ղեկավարն է։ Առանց ուշադրութիւն կեդրոնացնելու Պոլթընի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակին՝ այսինքն Տաւոսի մէջ Փաշինեան- Ալիեւ յանպատրաստից հանդիպումէն ետք, կը մնայ գէթ յայտարարուածը ընկալել իբրեւ ապացոյց, որ Արցախը նիւթ չէ եղած։
Բայց հաղորդակցութիւններու այս շարքին կապուած հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ։Պոլթըն, որ ըստ Փաշինեանի, Հայաստանի վարչապետին հետ ոչ մէկ պարագայի Արցախի տագնապը քննարկած է, ինչու՞ Ալիեւի քննարկած է Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը՝ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման ճիգերուն։Հիմա խնդիրը երկու երես ունի։Կամ այն է, որ Միացեալ Նահանգներու համար Ատրպէյճանը արդէն իսկ ճիգեր կը թափէ տագնապին խաղաղ լուծման համար, եւ նախագահին խորհրդականը ուզած է քաջալերել այս ճիգերը՝ յիշեցնելով ամերիկեան զօրակցութեան մասին։Կամ ալ Միացեալ Նահանգներ նպատակայարմար նկատած են Ալիեւի յիշեցնելու, թէ Ամերիկա զօրակից է տագնապին խաղաղ լուծման։Հետեւաբար ազրպէյճանցիք պէտք է բացառեն տագնապին զինուորական լուծում մը պարտադրելու ընտրանքը։
Լաւագոյնը եւ իրատեսականը բնականաբար երկրորդն է, որովհետեւ խօսք իսկ չկայ՝ տագնապին խաղաղ լուծման համար ատրպէյճանական քայլերու մասին։Հորիզոնին վրայ նման բան գոյութիւն չունի։Ուստի Պոլթընի հաւաստիացումը կ՛առնչուի ամերիկեան յիշեցման։
Ամերիկեան զօրակցութիւն՝ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման ճիգերուն։Ահա բանաձեւում մը, որ կ՛արժէ քննարկել։
Նախ՝ Արցախի պետութեան իրաւական ճանաչումէն մինչեւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման խնդիր։Այս երկու բեւեռներուն նկատմամբ ամերիկեան ինչ կեցուածք գոյութիւն ունի։Հակոտնեայ այս դրոյթներուն միջեւ հասարակ յայտարար չկայ, եւ Արցախի պետութեան գոյութիւնը ի սկզբանէ մերժող Ատրպէյճանի պետական մտածողութեան քաջատեղեակ է Միացեալ Նահանգներու նախագահին խորհրդականը։
Բնական է, որ խաղաղ լուծման մասին կը խօսիս կողմի մը հետ, որ գէթ հասկացողութիւն ունի եզրին նկատմամբ։Այս պարագային՝ Ատրպէյճան ատկէ զուրկ է։ Իսկ Պոլթըն, որ տագնապին լուծման նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութիւնը քննարկած է Ալիեւի հետ, ինչ պիտի ունենայ ըսելիք Ալիեւի նման նախագահի մը, որ ամէն առիթ կօգտագործէ՝ շեշտելու, որ Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի եւ տագնապը լուծում չունի, եթէ Արցախը Ատրպէյճանի պիտի չվերադարձուի։ Եթէ դիւանագիտական սովորութեան սիրոյն կրկնուած է ամերիկեան զօրակցութեան մասին խօսքերը, ապա ոչ մէկ նշանակութիւն ունի։
Իսկ եթէ խօսակցութեան ամբողջ տրամաբանութիւնը զարգացած է այլ ուղիով մը, ապա վերջին շրջանին լայն շրջանառութեան դրուած մէկէ աւելի պատկերացում- ակնկալութիւններ աւելի հասկնալի կը դառնան, մանաւանդ եթէ ուշադրութիւն դարձնենք Փաշինեանի այն յայտարարութեան վրայ, թէ հայկական կողմը, այսինքն՝ պաշտօնական Երեւան, նոյնիսկ չի կրնար քննարկել «տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը։
Տագնապին լուծման պատկերացումներու, բանակցութիւններու սեղանին բերուելիք թղթածրարներու եւ առնչակից երկու կողմերուն համար ընդունելի տարազներու մասին առաջնակարգօրէն դիւանագիտական բառապաշարով կատարուող յայտարարութիւններուն ոլորապտոյտին մէջ չկորսուելու համար, կարիքը կայ վերահաստատել եւ վերյիշեցնել, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում՝ հայկական կողմին համար գոյութիւն չունի, առանց Արցախի պետութեան տը Ֆաքթօ եւ տը ժիւրէ ճանաչման, որ բնականօրէն ապահովութեան խնդիրը կը լուծէ։Այլ պատկերացում պարզապէս չկայ։
Այս հաստատումը կու գայ առաւել յստակացնելու կատարուող յայտարարութիւններուն դիւանագիտական բառախաղային բնոյթը, որ Ուաշինկթընէն, Մոսկուայէն, Երեւանէն եւ մերթ ընդ մերթ ալ Պաքուէն կը լսուի։ Մինչդեռ հարցին էութիւնը Արցախի պետութեան գոյութեան եւ իր պապերուն հողերուն վրայ ազատօրէն ապրելու արցախցիին արդար իրաւունքին ապահովման մէջ է։
↧
ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈԼՈՐԱՊՏՈՅՏԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՅՍՏԱԿ Է
↧