Նորայր Տատուրեան
«Ակօս»
Բարութիւններուն բացուած բառ
Լարինը որոշած է- այսօր դռներ պիտի լուսանկարէ՝ երեւանեան հին ու գեղատեսիլ դռներ։
– Պարոն, այս լուսանկարներով դասարանի համար մեծ պաստառ մը պիտի պատրաստեմ։
Հաճելի է աշակերտական խմբակով դուրս ելլել ու ճարտարապետական մանրամասնութիւններ լուսանկարել, երբ դեռ զով է օդը եւ դեռ հետիոտներով չեն ողողուած մայրաքաղաքի մայթերը։ Ընդունարանի պղնձեայ դուռը կը բացուի ու կը յայտնուի Փաթիլը, ապա Տերեւը, Պերճուհին, Ալիքը, Վահէն եւ Լարան։ Վերջինն է Վանան։ Չունի լուսանկարչական գործիք։ Հաւատացած է, թէ մարդու աչքն է լաւագոյն արձանագրողը։ Աշակերտները նախ կ՚առաջնորդեմ Աբովեան պողոտայի թիւ 8 շէնքը։ Փայտափորագրութեան գլուխ գործոց մըն է այդ պատմական շէնքին դուռը։ Հիացիկ կը դիտեն, կը լուսանկարեն, ապա իրենք կը լուսանկարուին այդ գեղաքանդակ դրան հետ։ Ու, երբ ամէն անգամ դուռ մը յայտնուի մեր առջեւ, լայն կը բացուի նաեւ «դուռ» բառի պատմութիւնը։
Բառիս գրաբարեան ձեւն է «դուռն»։ Բնիկ բառ է։ Հնագոյն մատենագրութեան մէջ նշանակած է «լեռնանցք, պալատ, սպասաւոր, գիրքի գլուխ»։ Ունի բազմաթիւ դրացիներ, ինչպէս՝ յունարէն «թիրա», հին վերին-գերմաներէն «տուրի», լիթուերէն եւ լեթթոներէն «դուրիս», անգլերէն «դոոր»։ Երբ այս միավանկը հաստատուեցաւ իր ծխնիներուն վրայ ու սկսաւ ազատօրէն պտըտուիլ, հայոց մայրենին ալ սկսաւ ընդունիլ հիւրեր՝ նոր բառեր, դարձուածքներ եւ պատկերալից արտայայտութիւններ նկատի ունինք։ Մեր գրաւոր «դուռ»ը առաջին անգամ բացուեր ու բարութիւններ ընդուներ է Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ։ Հոն աւելի քան 700 անգամ գործածուեր է ան։ Բոլորն ալ հետաքրքրական են, կասկած չկայ, սակայն մէկը աստուածային է, ամենէն հեղինակաւորը, «Ես եմ դուռը»։ Յիսուս Քրիստոսի բերնով արտայայտուած այս խօսքը տեղ գտած է Յովհաննու աւետարանին մէջ. «Ես եմ դուռն, ընդ իս եթէ ոք մտանիցէ, կեցցէ»։ Ապա, եկան երկփեղկ եւ եռափեղկ դռները նկարագրող ածականներ- «երկը դռնանի», «երկը դուռ» եւ «եռադուռ»։ Անոնք յարմար էին բերդեր, դղեակներ եւ վանքեր նկարագրելու համար։ Ունեցանք նաեւ «եօթնադուռ» պարիսպներ եւ «բազմադուռ» մեհեաններ։ Հայրենի բանաստեղծ Կարէն Մարդանեանը, որ ծանօթ է Գարմար գրչանունով, այդ վերջինը օգտագործեց իր հոգին նկարագրելու համար. «Հոգուս բազմադուռ դարակներում դեռ, լսուում է ծանօթ երգերի երգը»։ Իսկ Արփիար Արփիարեանը «նախադուռ» բառը յարմար գտաւ սիրոյ դռները բանալու համար. «Ախորժելը սիրելու նախադուռն է»։ Ունեցանք երեք ընտիր բառ եւս՝ «դռնակ», «վերնադուռ» եւ «աղիւսադուռ»։
Կը մտնենք Պուշկինի փողոցը, ուր կան 19-րդ դարու «ար-նուվօ» ոճի քարաշէն բնակարաններ։ Անոնց դռները ունին ծաղկաւոր ոլորուն ոճաւորումներ։ Այդ դռները աշակերտներուն կարծել կու տան ճամբորդած ըլլան Փարիզ կամ Պրիւքսէլ։
Մեր լեզուի յաջորդ հիւրերն էին դարձուածքները՝ մեր երեւակայութեան արտացոլացումները… Հնագոյններէն մէկն է «դուռն փակելովք», որ գործածուած է գաղտնի վեհաժողովներու եւ հանդիպումներու համար։ Իսկ հասարակ մարդու համար կարեւոր էր «դուռը բաց» բարեկամներ ունենալ։ Բայց, երբեմն եկան ձախորդ օրերը եւ օգնութիւն խնդրելու համար ծանօթին, անծանօթին «դուռը ծեծեցինք» կամ՝ անոնց «դուռը գացինք»։ Եղիշէ Չարենցը գիտէր, թէ ինչպէ՚ս իր մայրը կեանքի պայքար կու տար. «Եւ ի՞նչ դռներ է ծեծել, մայր իմ անուշ ու անգին», մինչ աշուղ Ճիւանին տխրօրէն երգեց, երբ դռնէ դուռ կ՚որոնէր իր եարը.
«Պատահողին հարց եմ տալիս քեզ համար
Ամէն դուռ բախում եմ, դու այնտեղ չկաս»։
Դժբախտ ու դառն օրերուն մեր երեսին «դուռը փակեցին»։ Սակայն, ազգովին հաւատացինք թէ, եթէ դուռ մը գոցուի՝ մէկ այլ դուռ կը բացուի։ Նկատեցինք նաեւ, թէ ամէն դուռ հաւասար չէ եւ հնարեցինք «դուռն արքունի» արտայայտութիւնը։ Իսկ վերջիններուս առջեւ եւ անոնց համար ծառայողները ունեցան ուղղահայեաց աստիճանաւորում՝ նախ «դռնապան», ապա՝ «դրան մարդ» եւ բարձրագոյնը՝ «դրան երէց»։ Իսկ երբ մահամերձ էր մարդը, մեր հիները շշնջացին մէկ այլ դարձուածք. «առ դուռս մահու»։ Հաւատացինք նաեւ, թէ բոլոր դռները փայտաշէն, քարաշէն կամ պղնձեայ չեն ու կան վերացական դռներ։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին նկարագրեց զանոնք. «գթութեան դուռն», «դուռն բարձրութեան», «փառաց դուռն», «դուռն յուսոյ», «դուռն արքայութեան», «դուռն երկնից», «դուռն բարութեան» եւ «դուռն ողորմութեան»։ Անոնց քով յիշել կ՚արժէ նաեւ սարսափելին՝ «դժոխքի դռները»։
Մաշտոց պողոտայի հիւսիսային ծայրամասն ենք, կանգնած ենք այն շէնքի առջեւ, որ ճիշդ վաթսուն տարի առաջ իր դռները բացաւ հայկական ձեռագիրներու երկրպագուներուն առջեւ։ Այո, Մատենադարանն է ան։ Դեռ փակ են անոր պղնձեայ, բարձրարուեստ հսկայական դռները։ Հիացիկ կը դիտենք բարեմասնութիւնները, երկրաչափական փորագրութիւնները եւ կեդրոնը զարդարող յաւերժութեան նշանը։ Երբ բոլորը կը կշտանան լուսանկարելէ, կը նստինք աստիճաններու վրայ ու կը դիտենք մայրաքաղաքը։ Սա լաւագոյն ժամանակն է զրուցելու համար հայոց պատմութեան յայտնի դռներու մասին։ Առաջինը Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարի դիմաց կառուցուած Տրդատի դուռն է։ Քանի մը օրէն պիտի տեսնեն։ Յաջորդը՝ Տիգրանակերտի հիւսիսային դուռն է, որ միջնադարուն «Հայոց դուռ» կը կոչուէր, արաբներուն «Պապ ալ-Արմանի» անուանածը, որ աւելի ուշ վերանուանուեր է՝ «Լեւոնի դուռ»։ Մեր պատմութեան մէջ երեւելի էր «Դուռն Կիլիկիոյ» լեռնանցքը, ան, որ Կիլիկիան կը կապէր հիւսիսային երկրամասերու։ Հայկական լեռնաշխարհը ունեցեր է նաեւ վիրահայոց գագաթներու վրայ մէկ այլ լեռնանցք՝ «Գայլի դուռ»։ Կը յիշենք նաեւ դուռ մը, որ քանի մը հարիւր տարի գրաւեց արեւմտահայ քաղաքական կեանքը՝ «Բարձր դուռ», Օսմանեան կայսրութեան կառավարութեան փոխանուանութիւնը։ Իսկ երեխաները կը հպարտանան աւանդազրոյցը լսելով մէկ այլ դրան՝ «Մհերի դուռ», Վանայ բերդի մօտ այն սրբազան քարաժայռը, ուրկէ դուրս պիտի գայ Փոքր Մհերը եւ չար ոյժերէն պիտի ազատէ Հայոց աշխարհը։ Կը սկսինք Մաշտոցէն վար իջնել։ Կանգ կ՚առնենք Եղիշէ Չարենցի տան առջեւ։ Կը լուսանկարենք դուռը, ուրկէ վերջին անգամ 1936 թուականի տխրահռչակ մէկ օր, 39 տարեկանին դուրս ելաւ բանաստեղծը ու չվերադարձաւ։ Չարենցը այն բանաստեղծն էր, որ տեսած էր իր մահուան օրը՝ ու գրած.
Իմ մահուան օրը կ՚իջնի լռութիւն,
Ծանր կը նստի քաղաքի վրայ…
Լուրը կը շրջի փողոցները նախ,
Ապա կը մտնի դուռ-դարպասից ներս…
– Պարոն, կ՚ըսէ Փաթիլը, ես երգ մը գիտեմ «դուռ»ով, ու աղջնակը կը սկսի երգել, միւսները կ՚ընկերակցին անոր՝ մեղմացնելով ծանրացած մթնոլորտը.
Երբոր բացուին դռներն յուսոյ,
Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ…
Վերադարձի ճամբուն վրայ, Եզնիկ Կողբացին եւ Տէրեանը ոսպնեակներուն կը շնորհեն բազմաթիւ նրբատեսք դռներ։ Իսկ Աբովեան երբ կը վերադառնանք, եզակի տեսարան մը կը շոյէ բոլորն աչքերը- սովետական շրջանի արդիական դրան մը ճակատին վրայ գնդակուած բանուորներ։ Պտոյտի վերջին դուռը պիտի ըլլայ պանդոկին դրացի Կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին մատուռ-եկեղեցւոյ դուռը, երեւանեան դռներուն ամենէն համեստը։ Զայն հանդարտօրէն պիտի դիտեն նստարանի վրայ նստած ու պիտի լսեն հայ քնարերգակներու ստեղծած մտաւոր դռները։ Հոն պիտի յիշենք Սահեանն ու Սիամանթօն, Զահրատն ու Տէրեանը։ Իսկ վերջաւորութեան երեխաները պիտի լսեն գերի ինկած գեղեցկուհիի մը՝ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան ոդիսականը։
Սիրոյ նախաբանը
Անցեալ շաբաթ ձեզի պատմեր էի, թէ ինչպէ՛ս աշակերտական փոքրիկ խումբով, վաղ առաւօտեան զով ժամերուն Անի պանդոկէն ելեր էինք դուրս՝ լուսանկարելու համար Երեւանի գեղաքանդակ դռները։ Աբովեան, Մաշտոց, Արամ եւ Սայաթ-Նովա պողոտաներուն կազմած քառակուսիին մէջ երբ ամէն անգամ Լարինը կամ Փաթիլը լուսանկարեր էին դուռ մը, լայն բացուեր էր նաեւ «դուռ» միավանկի պատմութիւնը։ Յարգելի ընթերցող, ներեցէ՛ք, եթէ այդ յօդուածը ձեզի կարծել տուաւ, թէ հայոց «դուռ»ը բացուած է միայն բարութիւններու առջեւ։ Դժբախտաբար, մեր հիւրասէր բառէն ներս սպրդած են նաեւ չարամտութիւններ եւ ողբերգութիւններ։ Հետեւեալը, «դուռ» բառի թէ՚ դառն, եւ թէ՝ քաղցր ոդիսականն է՝ հայ քնարերգակներու եւ երգահաններու կողմէ աւանդուած…։
Աբովեանի վրայ երեխաները լուսանկարեցին սովետական շրջանի բազմաբնակարանի մը դրան բարաւորը։ Այդ հարթաքանդակի վրայ պատկերուած էին հաստաբազուկ բանուորներ։ Հիմա քայլերը կ՚ուղղենք դէպի Սայաթ-Նովայի խաչմերուկը։ Կը մտնենք Ս. Կաթողիկէ մատուռ-եկեղեցւոյ բակը։ Կը նստինք սօսիներու շուքին տակ ու կը դիտենք այդ գեղեցկուհին։ Համեստ եւ պարզունակ է անոր դուռը։ Կը բացուի արեւածագին ու կը փակուի մայրամուտին։ Աշակերտները չեն լուսանկարեր։ Ամէն մէկը իր մտածումներու մէջ կ՚ամփոփուի։ Նոյնը ըրած էր, կը մտաբերեմ, Վահան Տէրեանը։ Դառնացած բանաստեղծը իր խոհերուն մէջ «դուռ» բառով նկարագրած էր անյոյս սէրը. «Խենթ հեկեկանքով դռներն եմ թակում…», «Քո փակ դռները անվերջ ու անվերջ…»։ Համօ Սահեանը բախտաւոր էր- ան միշտ բաց կը գտնէր իր մօր դուռը. «…Ես կը գամ, դուռդ կը բանաս, կ՚ընդունես մոլորուած որդուդ»։ Իսկ պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին, որ չափի եւ կշռոյթի մարդ էր, կը սարսափէր դուռ-դրացիներէն. «Մեռնիլ անգամ չկա՜յ անժամ անհաշիւ- վերջը- խորհէ՛- դուռ դրացի ի՞նչ կ՚ըսեն…»։
– Երեխաներ, հայերէնը երկու հատ շատ պատկերալից դարձուածք ունի «դուռ»ով շինուած- «անդուռ ջաղաց» եւ «բաց դուռ բերան»։ Անպէտք, չարախօս եւ զազրախօս մարդոց համար կը գործածուին անոնք, ինչպէս Թումանեանի քառեակ մը կը հաստատէ.
Օ՜, ցած խօսքերով անդուռն բերանի
Մի՛ յիշէք, մի՛, այն սուրբ անունը,
Դուք, որ չգիտէք փառքն Հայաստանի,
Որ չէք ճանաչում նրա զօրութիւնը…
Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի դռնէն յաճախ ո՞վ կը մտնէր։ Կիկօ՛ն, անշուշտ. «Դուռը բացի որ Կիկօն էր – հրամմէ ըսի – նստեցանք…»։ Ապա նոյն դուռը դարձաւ բաժանումի սահմանագիծ. «Գնաց – դրան մէկ կողմն ես – դրան միւս կողմն ինք-»։ «Սուրբ Մեսրոպ» քերթուածին մէջ, կը հաւատա՞ք, հեղինա՛կը, Սիամանթօն «դուռ» դարձաւ. «Ես՝ սահմանափակ պատուհան եւ փակեալ դուռ»։ Իսկ երբ ան ուզեց Վռամշապուհ, Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց եռեակը փառաբանել՝ կրկին յարմար գտաւ «դուռ» բառը. «Արարատեան արշալոյսին, դպրութեանց դուռը մեզ բացին…»։ Սիամանթօն հեղինակն էր նաեւ «հոգեկան կեանքին դուռներ», «մահուան դուռներ», «փրկութեան դուռներ» եւ «դուռը բախտին» արտայայտութիւններու։ Նոյն բառով ալ նկարագրեց հայ սովամահը, որ ծանօթին եւ անծանօթին դուռը կը զարնէր. «Ուրուականներու պէս կը դեգերին… թշնամիին եւ բարեկամին եւ բարեպաշտին դուռները բախելէն յուսակտուր…»։ Հարստահարութիւններու, աւար եւ թալանի օրերը նկարագրեց նաեւ Յովհաննէս Գրիգորեանը։ «Հայ ժողովուրդի պատմութեան համառօտ ձեռնարկ՝ անհրաժեշտ հետեւութիւններով» քերթուածը դասագիրքի մը յստակութեամբ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս օտար տիրակալներ կը կեղեքէին հայ ժողովուրդը։ Այդ աղիողորմ եւ սրտաճմլիկ բանաստեղծութեան մէջ յիշուած է նաեւ հայուն դուռը՝ յափշտակուած եւ դատարկուած վանքերու, պալատներու եւ ապարանքներու վերջին մասունքը.
«Իսկ յետոյ դռները տարան՝
ծխնիներից տեղահան անելով»։
– Աշակերտներ, «ծխնիներից տեղահան» եղած այդ դռներէն մէկն է Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի երկփեղկեայ դուռը։
– Պարոն, Պատմութեան թանգարանի մէջ մեր տեսա՛ծը, հապա՞։
– Հրաշքով փրկուած մէկ այլ գլուխ-գործոց է ան՝ Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքի դուռը։ Անոր քոյրը, Սուրբ Կարապետի դուռը՝ Մշոյ դաշտի բարեպաշտ ժողովուրդի եւ ուխտաւորներու առջեւ 703 տարի բացուած այդ հիւրասէր գեղեցկուհին, այժմ սեփական փակ հաւաքածոյի մը մէջ փակուած է։ Անզուգական փայտափորագրութիւն… Ունի ծաղկազարդ հիւսուածքներ, երկու հրեշտակ, թռչուններ, կենդանիներ, առաքեալները, աւետարանիչները, եօթը սուրբերը, Յիսուսի մկրտութեան տեսարանը, Սուրբ Պետրոսը՝ բանալին ձեռքին եւ Սուրբ Պօղոսը՝ սուրով։
– Պարոն, այդ դուռը աչքիս առջեւ կը տեսնեմ, կ՚ըսէ Փաթիլը։ Ան այսօր մեր լուսանկարած բոլոր դռներու բարեմասնութիւններուն հաւաքումն է։
– Իրաւունք ունիս։ Ըստ արուեստաբանի մը, ան միջնադարեան հայկական կիրառական արուեստի ամենագեղեցիկ նմոյշն է։ Բայց յիշէ՛, Յովհաննէս Գրիգորեանը, որ «ծխնիներից հանուած դուռ» տխրատեսիլ պատկերը ստեղծեր էր, իր պատմութիւնը վերջացուց յոյսով…
– Չէ՞ որ, մենք կը հաւատանք, թէ եթէ դուռ մը գոցուի, Աստուած մեր առջեւ նորերը կը բանայ…
– Այո, այդպէս, եւ բանաստեղծը շարունակեց. «…Եղել են նաեւ ուրիշ օրեր՝ բաց են եղել դռները երկնքի, մանանայ է իջել թանձր ու խիտ, քաղցր մեղրի նման»։ Այդ օրերուն, օրիորդիկ, բառը դարձեր է նաեւ ուրախ երգ ու բացուեր են սրտերը.
Եարիմօ, եարիմօ,
Մեր դուռ, ձեր դուռ եանայ-եանայ,
Եարիմօ, եարիմօ,
Պաչիկ մը տուր, չեմ դիմանայ։
«Դուռ» բառը, համեստ եւ ծառայասէր միավանկ, դարձաւ նաեւ գիրքի անուն ու բացաւ մեր լեզուի դռները… «Դուռն քերականութեան», 1727, «Դուռն քերականութեան հայկազնեան լեզուի», 1833, «Դուռն քերականութեան ի պէտս աշակերտաց Մարդասիրական ճեմարանին», 1842… Իսկ, այսօր հպարտացէ՛ք, թէ հայը բացած է հայրենի գեղեցկագոյն պարտէզի շղթայուած դուռը։ Այդ հերոսամարտն ալ անշուշտ պիտի ունենար իր քնարական հատորը. «Դուռն Արցախայ», բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը՝ լոյս տեսած 1990 թուականին։
Ս. Կաթողիկէի դռնէն կը մտնէ մայր մը իր աղջկանով, դուրս կ՚ելլէ սեւազգեստ մամիկ մը… Աշակերտները կը շարունակեն մերժել այդ դուռը լուսանկարել, զիս պարտադրելով համացանցէն արտատպել անոր լուսանկարը։
– Պարոն, կը շշնջայ Փաթիլը, գիտէ՞ք, թէ ի՛նչ նկատեցի- փայտեայ այս պարզունակ դուռը ելեւմուտի ծառայող միջոց չէ միայն, այլ յոյս է, ջերմեռանդ աղօթքի եւ ապագայի նախաբան։
Նախաճաշի ժամն է։ Պէտք է վերադառնալ պանդոկ ու միանալ միւս աշակերտներուն։ Լաւագոյն վերջաբանը, կ՚որոշեմ, «Պինկէօլ» երգն է, ուր դառնութիւնները կ՚ամոքուին ու սէրը կրկին կը թակէ մեր դուռը.
«Երբ բաց եղան գարնան կանաչ դռները
Քնար դառան աղբիւրները Պինկէօլի…»։