Խմբագրական
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսը 2019 տարին հռչակած է «Հայ Մամուլի Տարի»։
Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա․ մանրամասնօրէն եւ ամենայն բծախնդրութեամբ կը ներկայացնէ հայ մամուլը, սկսելով անոր ծննդոցէն՝ հեռաւոր Մատրաս (Հնդկաստան), յանձին Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի, որ լոյս ընծայած է հասարակական, գիտական եւ գրական բնոյթ ունեցող «Ազդարար»-ը՝ 1794-ին։ Ապա, զանազան գաղթօճախներու մէջ, կարճ տեւողութեամբ հրատարակուած են պարբերաթերթեր։
Եթէ այս օրերուն Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան ողջ ըլլար եւ հայ վաճառականներու ժամանումով հեռաւոր Արեւելեան երկիրներու մէջ փոքր գաղութներ ստեղծուած ըլլային, ան երբեք պիտի չմրոտէր իր ձեռքը, ո՛չ կապարով, ո՛չ ալ մելանով, այլ առցանց միջոցներով կապ պիտի հաստատէր եւ տեղւոյն ընթերցող հայորդիներն ալ իրարու հետ պիտի կարենային նամակցիլ։ Քայլ մը անդին երթալով, անոնց համար մամուլի ներկայութիւնն ալ երկրորդական պիտի ըլլար, նկատի ունենալով առցանց միջոցներով ստեղծուած ելեկտրոնային տեղեկութիւններու դիւրութիւնները։ Հաւանաբար, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան պիտի չկարենար նոյնիսկ «Ազդարար»-ի ելեկտրոնային արդի հրատարակութիւն մը պատրաստել։
․․․Այսպէս, ամուլ է մամուլը։ Կարկինը աւելի սեղմելով՝ ամուլ է հայ մամուլը։
Այո՛, հիւանդ, ապարդիւն ու անպտուղ է այս քարոզչական գործօնը։
Պատճառը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին է։
Այսինքն թէ՛ մենք բոլորս յանցաւորը ենք ․․․ եւ միեւնոյն ժամանակ ալ մենք չենք։
Աւելի յստակացնելու համար, յատկապէս այս «մենք չենք»-ը յառաջացած ու կատարելագործուած քարոզչական բնագաւառն է, որ կ՛ընդգրկէ առցանցային անծայրածիր դաշտեր՝ Ֆէյսպուք, թուիթըր, ինսթակրամ եւ այլն։ Դաշտեր, որոնք դժբախտաբար կ՛ողողուին մարախներով եւ ցեցերով:
Աւելի կարեւոր է խօսիլ յանցաւորը «մենք ենք»-ի մասին։ Որովհետեւ ի վերջոյ մենք ենք, որ ճիշդ կերպով գործելով այս «մենք չենք»-ի վիթխարի ալիքին դէմ պայքարելով, կրնանք եւ կարելիութիւնը ունինք ստեղծելու իւրայատուկ բնագաւառ մը, նորօրեայ արդի հայ մշակոյթ, արուեստ, գրականութիւն, լուրեր սփռող քարոզչական մեքենայ մը։ Առ այդ, Արամ Ա․ Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ կը նշէ․- «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշիռին, դարձած է աշխարհի ամէնէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ` յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ հակառակը: Փաստերը պերճախօս են: Նշանները ցոյց կու տան, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի ուժեղ թափով շարունակուիլ` տեղեկատուական մարզը դարձնելով աւելի՛ տիրական ընկերութեան կեանքէն ներս»:
Սակայն, այս իրավիճակը ստեղծած է առցանց եւ ելեկտրոնային անիշխանութիւն մը, ուր յօդուածագիրը, կամ, աւելի ճիշդը, կայքէջի ետին կանգնող անձը կրնայ մեծ իրարանցում ու փոթորիկ ստեղծել։
Այսպէս, արդի մամուլին եւ տեղեկատուական միջոցներուն անդրադառնալով, շատ կը խօսուի թափանցիկութեան մասին, սակայն ո՛չ բոլորովին մերկ քարոզչական ոճին մասին, ուր ոեւէ անհատ իր «ես»-ը կը պարտադրէ, անտեսելով սահմաններն ու լսատեսողական բնագաւառի անգիր օրէնքները։
Մէկ խօսքով՝ ոսպը պէտք է զանազանել քարի կտորներէն։ Թէեւ այս օրերուն կրնայ ըլլալ, որ ոսպն է քիչը եւ քարն է շատը, երեւոյթ մը որ նոյնիսկ անակնկալի մատնէր ոսպ մաքրելու գծով իւրայատուկ կարճ բանաստեղծութեան մը տէր Զահրատը։ Ի դէպ, աւելի զարմացնելով պոլսահայ գրողը, այլեւս ոսպին եւ քարին հասկացողութիւնն ալ հարցադրումի տակ առնուած է: Ոմանց համար, քարն է որ ոսպի դեր ունի, իսկ ուրիշներուն համար՝ հակառակը:
Արամ Ա․ Կաթողիկոսը իր հռչակած «Հայ Մամուլի Տարի» կոնդակին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայ մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Տեղին է շեշտել կոնդակին եզրակացութիւնը, որ կը յայտնէ․-
«Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, հեռու մնալու կայքէջներու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ, բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան»:
Այլապէս՝ ամուլ վիճակի մէջ է մեր մամուլը եւ առհասարակ տեղեկատուական բնագաւառը։