Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Յունուար 16-ի թուակիր, Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի ուղերձը՝ յղուած Արցախի մէջ կատարուող Հ.Յ. Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր Ժողովին․-
«Կ՝ողջունեմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներն ու հիւրերը:
Հ․Յ․Դ․-ն անցած է պատմական մեծ ուղի՝ հերոսական ու ողբերգական, երբեմն՝ հակասական ու վիճելի, երբեմն՝ միարժէքօրէն իրաւացի, յաճախ՝ հալածուած, բայց միշտ կիսած է իր ժողովուրդին ճակատագիրը։ Բացառիկ է Դաշնակցութեան դերը աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային ինքնութեան պահպանման, գաղթօճախներու կազմակերպման, հայկական կառոյցներու կայացման գործին մէջ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վերադարձը, անոր վերընձիւղումը մայր հայրենիքի մէջ, ինչպէս դուք աւելի ճշգրիտ կը բնորոշէք, կարեւոր իրադարձութիւն էր ո՛չ միայն կուսակցութեան, այլեւ ողջ հայութեան եւ յատկապէս Հայատանի եւ Արցախի քաղաքական կեանքին մէջ։
Ընդհանուր ժողովին կը մաղթեմ յաջող ընթացք, արդիւնաւէտ աշխատանք, նաեւ իմաստուն ու հեռատես որոշումներու ընդունում։ Ժողովի մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն կը մաղթեմ յաջողութիւններ՝ իրենց հայրենանուէր գործերուն մէջ։
Իմ եւ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի մեծամասնութեան անունով կը յայտարարեմ, որ պատրաստ ենք համագործակցութեան Հ․Յ․Դ․-ի հետ։ Մենք նաեւ բաց պիտի ըլլանք ձեր հնչեցուցած առաջարկներուն եւ քննադատութեան հանդէպ։
Յոյսով եմ, որ Հ․Յ․Դ․ 33-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք՝ Դաշնակցութիւնը իր անդամներուն, համակիրներուն եւ ողջ հայութեան պիտի ներկայանայ ո՛չ միայն իր մեծ՝ 129-ամեայ փորձով, հարուստ աւանդոյթներով, այլեւ՝ նոր լիցքերով, թարմ գաղափարներով եւ երիտասարդ ոգիով։
Յաջողութիւն ձեր աշխատանքներին»: