Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

135 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ .- ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ ԵՒ ՊԵՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ

$
0
0

Khrimian

ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Գերմանիա

 

 

“Ժողովուրդ Հայոց, անշուշտ լաւ հասկացաք թէ զէնքը ինչ կրնար գործել եւ կը գործէ, ուրեմն սիրելի եւ օրհնեալ հայաստանցիներ, գաւառացիներ, երբ հայրենիք վերադառնալու լինէք երբ բարեկամաց եւ ազգականաց իբրեւ պարգեւ մէկ զէնք տարէք, զէնք առէք եւ դարձեալ զէնք:

Ժողովուրդ Հայոց,

Ամենէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ուժին տուր, մարդ ինքնիրմէ պէտք է աշխատի որ փրկուի“:

 

Կ. Պոլիս, 1878 Խրիմեան Հայրիկ

 

Հայաստանի մէջ հարստահարութիւնները ու կեղեքումները բազմապատկուած էին: ԿԵանքի, պատիւի եւ ինչքի ապահովութիւն չկար: Կառավարական կաշառակեր պաշտօնեաներ` երկիրը վերածած էին դժոխքի մը, ուր հայերուն ապրիլը նահատակութիւն էր ինքնին:

Կ. Պոլսոյ հայ մամուլը ամէն օր արձագանգը կ՛ըլլար նորանոր հարսհարութիւններու, որոնք գաւառներու եւ մանաւանդ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենային ամէն օր:

Եւրոպական մամուլը եւս սկսած էր հետաքրքրուիլ Թուրքիոյ կացութիւնով եւ օրը օրին արձանագրել երկրին մէջ պարզուող ամէն նոր երեւոյթը:

1869ին Ազգային Երեսփոխանական ժողովի կողմէ, Գրիգոր Օտեանի առաջարկով եւ ամբողջ ժողովուրդի ցանկութեամբ, Խրիմեան Հայրիկը 1870ին կ՛ընտրուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք: Անոր ընտրութեամբ, Հայաստանի հայերը վերջապէս ունեցան վճռական պաշտպան մը, որ պատրաստ էր իր ամբողջ պարտականութիւնը կատարելու, փոխանակա ամէն բանէ առաջ Կ. Պոլսոյ Լըվանթէն բնակչութեան շնորհները շահիլ աշխատելու:

Մեծ շուքով ու փառքով Կ.Պոլիս կը հասնի, իր աթոռը գրաւելով այս մեծ առաջնորդը Երեսփոխանական ժողովին մէջ կը յայտարարէ.և

“Ես ինքզինքս Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը չեմ համարել, այլ Թուրքիոյ բոլոր Հայերուն, որովհետեւ միայն պոլսահայութիւնը ունէր 129 ձայն Երեսփոխանական Ժողովին մէջ, իսկ ամբողջ գաւառները` միայն 20 ձայն: Իր ուշտի ճառին մէջ ան կու տայ կմախքը գալիք գործունէութեան: Իմ վրաս մի նայիք, որպէս Պոլսոյ Պատրիարք: Ես պատկերն եմ Հայաստանի ցաւերուն…

“Զիս նաւապետ կարգեցիք Ազգի ալեկոծեալ նաւուն, բայց ո՞ւր են իմ նաւաստիները. միթէ՞ կարող է նաւապետը ինքը միայնակ յառաջացնել մի մեծ նաւ…“:

Վանեցի Խրիմեան Հայրիկ Պատրիարքը, առաջին անգամ ըլլալով, յանուն Հայ ազգին պաշտօնապէս կը բողոքէ Բ. Դրան եւ հարստահարութիւններն ու կեղեքումները պատմական յիշատակագիրևտեղեկագրով մը կը ներկայացնէ կառավարութեան` խնդրելով բարեկարգութիւն հայոց կեանքին, պատիւին ու ինչքին պաշտպանութիւնը:

1873 Հոկտեմբեր 2ին, Խրիմեան Հայրիկ Պատրիարք ջոջերու վատ էնթրիքներուն հետեւանքով կը հրաժարի եւ իրեն կը յաջորդէ Ներսէս Վարժապետեան` 1874 Ապրիլ 24ին:

Հայոց վիճակը կը վատթարանայ հետզհետէ: Գաւառներու եւ Հայաստանի բոլոր կողմերէն խումբևխումբ ընտանիքներ եւ հարիւրաւոր, հազարաւոր մարդիկ պանդխտութեան կ՛ելլեն:

Ըստ Գագիկ Օզանեանին “Պալքաններու մէջ խժդժութիւնները շատցած էին: Պոսնա Հերցէքն ապստամբած էր, Սերպիան եւ Գարատաղը` պատերազմի դաշտին վրայ էին եւ Պուլկարիան ալ` յեղափոխուած: Սուլթանական կառավարութիւնը իր սարսափները կը շատցնէր յոյսերու յառած իրենց աչքերը:

“Հայ ժողովուրդը կը քնանար: Կ. Պոլսոյ էֆէնտի եւ կղերական դասակարգը օրօր կը կարդային Հայութեան գլխին. նոյնիսկ Վարժապետեան իր պատմական կոնդակը կը հանէր` հանդարտութեան եւ հաւատարմութեան հրաւիրելով հայ ժողովուրդը:

“Գրիգոր Արծրունի հակառակը կը քարոզէր: Ռուսաստանը կ՛ենթադրուէր այն ուժը, որ պիտի գար ազատել արեւելքի ճնշուած քրիստոնեաները“:

Բռնութեան եւ կողոպուտի արարքները կը շարունակուէին թրքահայաստանի մէջ եւ բնակչութիւնը նշաւակ դարձած էր թափառաշրջիկ քիւրտերու յարձակումներուն եւ խաթարուած վարչական մարմիններու կեղեքումներուն:

1876ին թուրք խուժանը մոլեռանդութեան նոպայէ մը բռնուած, կրակի կու տայ Վանի հայկական թաղամասը:

Աւստրիական կառավարութիւնը Ռուսաստանի միջամտութենէ մտահոգ, Պերլինի եւ Սան Փեթերպուրկի դահլիճներուն հաւանութեամբ, 1878 Յունուար 30ին ծանուցագիր մը կու տայ Բ. Դրան.և

“Պետութիւնք կ՛ուզեն որ վերջ մը տրուի այս կործանարար եւ արիւնալի կռիւին` բարենորոգմանց միջոցով: Պէտք է քրիստոնէական կրօնքը, իրաւականօրէն գործնականապէս, իսլամութեան հետ հաւասար գետնի վրայ դրուի“:

1877 Մարտ 31ին դեսպանախորհուրդ մը կը գումարուի Կ. Պոլսոյ մէջ եւ բարենորոգումներ գործադրելու մասին յանձնարարութիւններ կ՛ընէ Բ. Դրան: Ան առարկութիւններ յառաջ կը բերէ, յենուելով 1856ի Փարիզի Դաշինքին 9րդ յօդուածին վրայ, որ իրաւունք չէր տար Եւրոպական պետութիւններուն միջամտելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն:

Կանխելու համար նման միջամտութիւններուն, նոր գահ բարձրացած սուլթան Համիտ Բ.ը երկրին մէջ սահմանադրական կարգեը կը յայտարարէ եւ 1877 Մարտ 19ին անձամբ կը բանայ Խորհրդարանը: Իր ճառին մէջ խոստումներ կու տայ Սահմանադրութիւնը անթերի կերպով գործադրելու բոլոր հպատակներուն արդարութիւն, հաւասարութիւն ապահովելու մասին:khrimian2

Ռուսաստան չ՛ուզեր հաւատք ընծայել տրուած խոստումներուն: Ապրիլ 24ին Ցարը հրաման կու տայ իր բանակին անցնիլ օսմանեան սահմանագլուխը, “բռնի ձեռք բերելու համար ինչ որ պետութիւններու հաւաքական ճիգերը չէին յաջողած համոզողութեամբ ստանալ“:

Ֆրանսան ի վիճակի չէր հրապարակ գալու Ռուսաստանի դէմ եւ Թուրքիան պաշտպանելու հոգը այս անգամ կ՛իյնայ գլխաւորապէս Անգլիոյ վրայ:

Կ. Պոլսոյ Միջազգային Խորհրդաժողովին մէջ հայերն ալ աշխատեցան իրենց պահանջները ներկայացնել այդ ժողովին:

1877և1878ի Ռուսևթրքական պատերազմին Հայաստան կրկին կարգ մը վայրագութեանց թատերաբեմ կը դառնայ: Թուրք բանակին մաս կազմող անկանոն զօրագունդեր ի գործ կը դնեն այդ խժդուժութիւնները:

Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավար շրջանակներու ներկայացուցիչները ռուս Ալեքսանդր Բ. Ցարէն կը խնդրեն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ մտցնել եւ վարչական որոշ ինքնավարութիւն տալ Էրզրումի, Վանի եւ Մուշի Վիլայէթներուն, ուր հայերը բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին:

Կարսի, Բասէնի եւ Վանի շրջաններու հայութիւնն ալ ծանր կորուստներ տուած էր իսկ Պայազիտի եւ Ալաշկերտի շրջաններուն հայ բնակչութիւնը մեծ մասամբ ջարդուեցան:

Հայկական այս առաջին պահանջները քաջալերուեցան թուրք կառավարութեան կողմէ: Իր պարտութեանց տպաւորութեան տակ` Թուրքիան կը վախնար որ Ռուսիան կը հաստատուի Թրքահայաստանի մէջ, զոր գրաւած էր, այդ պատճառով ալ հայկական պահանջները, որոնք բարենորոգումներ եւ որոշ ինքնավարութիւն միայն կ՛ուզէին:

Կ. Պոլսոյ մէջ Ազգային Ժողովի Ա. եւ Բ. ատենապետներն, Ստեփան Փաշա Ասլանեան եւ Յովհաննէս Էֆ. Նուրեան, գաղտնի պատուիրակ կարգուեցան, որպէս յանուն Թուրքիոյ Հայութեան եւ ի դիմաց Պատրիարքին` բանակցին ռուսական պատշաճաւոր իշխանութեան հետ Հայաստանի ապագայ կացութեան մասին:

Ասլանեան իբրեւ զինուորական բժիշկ պիտի զբաղուէր թրքական զինուորական հիւանդանոցին մէջ, իսկ Նուրեան` իբր Կարմիր Մահիկի ներկայացուցիչ: Ասոնք Ներսէս Պատրիարքի յանձնարարական նամակով մեկնեցան Անդրանուպոլիս, իբրեւ թրքական պաշտօնեաներ օսմանեան լիազօրներու տրամադրութեան տակ, իսկ ծածկաբար` իբրեւ Հայոց Պատրիարքի լիազօրները նոյն ռուսական հրամանատարի մօտ:

Այս երկու պատգամաւորներէն զատ կար եւս ուրիշ նշանաւոր հայ մը, որ իր անհամեմատ աւելի փափուկ դիրքին` շատ ծառայութիւն է մատուցած ազգային դատին եւ մեծապէս նպաստած է ՍանևՍթեֆանոյի դաշնագրի մէջ 16 րդ յօդուածը մտցնելու: Այս անձը Սարգիս Համամճեանն էր, արտաքին գործերի նախարարութեան ընդհ. քարտուղարն, որ օսմանեան լիազօրներ Սավֆէ Փաշայի (արտ. գործերու նախարար) եւ Սաադուլլահ Բէյի (Պերլինի դեսպան) խորհրդական էր կարգուած:

Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 1878 Փետրուար 3ին եւ ուր Ռուսիան իր կամքը կը պարտադրէ Թուրքիոյ վրայ: Ռուսիան կը ստանար Պաթումի, Արտահանի, Կարսի, Պայազիտի եւ Ալաշկերտի շրջանները: Յանձն կ՛առնէր սակայն պարպելու Էրզրումի նահանգը, զոր ռուս զօրքը գրաւած էր:

Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին 16րդ յօդուածը.և

“Որովհետեւ ռուս բանակներու Հայաստանի (Արմենիա) մէջ գրաւած երկիրները, որոնք Թուրքիոյ պիտի դարձուին, պարպուած ատեն երկու պետութեանց յարաբերութեան պահպանման տեսակէտով վնասակար շփոթութիւններ եւ բարդութիւններ կրնան գալ, ուստի Բարձրագոյն Դուռը կը խոստանայ գործադրել, առանց յապաղման, տեղական պահանջներուն հարկաւոր ըրած բարւոքումներ եւ բարեկարգութիւնները հայոց բնակած գաւառներուն մէջ եւ երաշխաւորել անոնց ապահովութիւնը Չերքէզներու եւ Քիւրտերու դէմ:

Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը երբեք չգործադրուեցաւ, որովհետեւ Անգլիոյ (ծնունդով հրեայ) վարչապետ` Տիզրայէլի ամէն ուժով ուզած է արգիլել այս դաշնագրին հետեւանքով Օսմանեան Կայսրութեան տկարացումը: Եւրոպական պետութիւնները եւ մասնաւորապէս Անգլիան կողմնակից չէին Ռուսաստանի ծաւալումին: Նախքան Պերլինի Վեհաժողովը, Մայիս 30ին, Լոնտոնի մէջ կնքուած համաձայնութեամբ մը Ռուսաստան զիջումներ ըրաւ Անգլիոյ, “Սան Սթեֆանոյի նախնական դաշնագրով Հայաստանի մասին տրուած խոստումը պէտք չէ որ բացառապէս Ռուսաստանին վերաբերի, այլ նաեւ Անգլիոյ“:

khrimian3Անգլիան նոյն ատեն Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն մը կը կնքէր Յունիս 4, 1878ին: Անգլիան կը խոստանար պաշտպանել Օսմանեան Կայսրութիւնը Ռուսաստանի դէմ: Ասկէ ետքն է, որ տեղի պիտի ունենար Պերլինի Վեհաժողովը, մասնակցութեամբ Ռուսաստանի, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Հունգարիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Իտալիոյ եւ Թուրքիոյ:

 

Կիպրոսի Դաշնագիրը.և

“Եթէ Ռուսաստանը իր ձեռքը պահէ Պաթումը, Կարսը եւ կամ անոնցմէ մէկը, եւ եթէ խաղաղութեան դաշինքէն վերջ նորէն փորձ ընէ վեհափառ սուլթանի ասիական երկիրներէն մին գրաւելու, այդ պարագային Անգլիա կը խոստանայ միանալ սուլթանի հետ եւ զէնքի ուժով պաշտպանել անոր իրաւունքները:

“Ատոր փոխարէն սուլթանը կը խոստանայ իր կառավարած երկիրներուն մէջ մտցնել հարկ եղած բարենորոգումները` այդ երկիրներուն մէջ ապրող քրիստոնեաներու եւ ուրիշ հպատակներու պաշտպանութեանը համար:

“Այդ բարենորոգումները պէտք է որոշուին յետոյ, երկու պետութիւններու հաւանութեամբ: Եւ որպէսզի Անգլիան կարողանայ պէտք եղած պատրաստութիւններ տեսնել` իր պարտականութիւնները կատարելու համար, սուլթանը հաճութիւն կու տայ որ Անգլիան գրաւէ եւ կառավարէ Կիպրոսի կղզին“:

 

Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանը յաճախ հանդիպումներ կունենայ Անգլիոյ դեսպան Լէձըրդի հետ, որ բացարձակօրէն խորհուրդ կու տար Հայաստանի համար տեղական ինքնավարութիւն պահանջել, ընդդիմանալով ռուսական տիրապետութեան տակ մտնելու մտքին եւ յոյս կու տար, թէ Անգլիան յառաջիկայ ժողովին մէջ կը պաշտպանէ այս ծրագիրը:

Եւրոպական դահլիճներուն Հայ Դատը ներկայացնելու համար, Գրիգոր Օտեանի խորհուրդով պատուիրակ կ՛ընտրուին Խրիմեան Հայրիկը, իբրեւ նախկին Պատրիարք, իբրեւ Հայաստանի վիճակին շատ լաւ տեղեակ եւ իբրեւ դիրքով ու դէմքով տպաւորութիւն ընող անձ: Եւ որովհետեւ Խրիմեան ոչ մի եւրոպական լեզու չգիտէր, ուստի նոյն Գրիգոր Օտեանի յանձնարարութեամբ, իբրեւ քարտուղար եւ թարգման անոր կ՛ընկերանայ Մինաս Չերազ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր եւս Խորէն արք. ՆարևՊէյը: Այս կազմը զօրացնելու եւ Խրիմեան Հայրիկի ու ՆարևՊէյի միջեւ ներդաշնակութիւն հաստատելու համար, Ներսէս Պատրիարքի կողմէ Պերլին կը ղրկուի նաեւ Ստեփան Փափազեան:

Խրիմեան Հայրիկ եւ Մինաս Չերազ Պոլսէն կը մեկնին Մարտ 8ին դէպի Հռոմ, Փարիզ, Լոնտոն եւ Պերլին կը հասնին Յունիս 1ին, ուր նոր էր հասած Ստեփան Փափազեանը եւ մէկ օր վերջ Սան Սթրասպուրկէն Պերլին կը հասնի Խորէն արք. ՆարևՊէյ: Պատուիրակութեան անդամներուն համար գերմաներէն լեզուն թարգմանելու համար Փարիզէն եկած է օր. Պէյլէրեան: Իսկ Պերլինի մէջ կային ուրիշ թրքահայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք անշուշտ մաս կը կազմէին հայ պատուիրակութեան գործունէութեան մէջ:

Այս պաշտօնեաներէն էին Օհան էֆ. Պաղտատլեան, որ Պերլինի Օսմանեան դեսպանի խորհրդականն էր եւ ոչ աննշան քաղաքագիտական դեր է խաղացած այն միջոցին, յատկապէս Պոսնիայի եւ Հէրսէքվինիայի Աւստրիայի կողմէ գրաւման խնդրին մէջ: Խաչիկ Օտեան եւ Կարապետ Գարագաշ, որոնք Օսմանեան լիազօրներու քարտուղարներն էին, առաջինն իբրեւ անոնց ծածկագիր թղթակցութեան կառավարիչ եւ երկրորդն իբրեւ ֆրանսերէն լեզուով պաշտօնական թղթերու խմբագրող:

Հայերը Ներսէս Պատրիարքը վախցուցին ըսելով թէ իր ռուսամոլութիւնը կրնար հայերը ջարդել տալ: Ներսէս Պատրիարք վախցաւ եւ անոնց խորհուրդին հետեւեցաւ: Պատրիարքը սքանչելի գաղափարն ունեցած էր ՆարևՊէյը Սան Փեթերսպուրկ Ցարին ղրկելու:

ՆարևՊէյ ռուսական գերիշխանութեան կողմնակից էր, Լօրիս Մելիքովը կառավարիչ կարգելու եւ Կիլիկիան իշխանութիւն մը հիմնելու պայմանով:

Խրիմեան Հայրիկ դէմ էր ռուս ազդեցութեան եւ կը նախընտրէր Անգլիոյ հովանաւորութիւնը` Հայաստանի կավառարիչ ընելու պայմանաւ Նուպար Փաշան:

Կարծիքներու այս տարբերութեան պատճառով Խրիմեան Հայրիկը միշտ պնդած է որ Նուպար Փաշան Պերլին կանչէին, որպէսզի, իբրեւ փորձառու դիւանագէտ` գլուխ կանգնի հայկական հարցին:

Նուպար Փաշան այդ ժամանակ Փարիզ էր եւ մշակած էր “Հայկական Ինքնավարութեան“ ծրագիր մը: Ինչպէս յայտնի է, Նուպար Փաշա թէ՛ իբրեւ նախարարապետ Եգիպտոսի եւ թէ՛ իբրեւ ճշմարիտ պետական մարդ` շատ սիրուած էր: Սա երբ իր ծրագիրը ներկայացուցած էր Փարիզի գերման դեսպան Հոհէնլոհէ կոմսին, այս վերջինը սքանչացած էր, իսկ Անգլիոյ դեսպան Լօրա Լայընս ըսած էր “Ասիկա Արեւելեան Խնդիրին բանալին է“:

Նուպար Փաշայի ծրագիրը ամփոփուած: Տես (“Անահիտ“ի առաջին տարուան 5և6 միացեալ թիւերուն մէջ 1899):

“Եւրոպական Տէրութիւններ, ինչպէս եւ Բ. Դուռը պէտք կը զգան բարենորոգումներ մտցնելու հայաբնակ գաւառներու մէջ:

“Հայերը քաղաքական անկախութեան աչք չունին, այլ` քաղաքական ազատութեան, որուն մէջ կարողանան երաշխաւորել իրենց կեանքը, պատիւն ու ինչքը:

“1839էն ի վեր արդէն խաթթը շէրիֆներով շեշտուած են այդ պէտքերը:

“Որովհետեւ ցարդ թուրք պաշտօնեաները եղած են զեղծարարներ, ուստի ընտրել քրիստոնեայ (մանաւանդ հայ) ընդհանուր կառավարիչ մը:

“Հոգ տանիլ քիւրտերու արշաւանքներուն եւ աւարառութեանց խնդրին:

“Կառավարիչը պիտի կազմակերպէ պահակազօրք:

“Ոստիկանական նոր կազմակերպութիւն:

“Արդարութեան նոր կազմակերպութիւն:

“Տուրքերու գանձման եղանակին մէջ մաստութիւն“:

 

Ծրագիրը գրուած է շատ դիւանագիտական ոճով մը, Գ. Օզանեան իր “Հայապատում“ գիրքին մէջ կը գրէ.և “Որ ո՛չ Սուլթըն վշտացնելու բնոյթն ունի եւ ո՛չ ալ եւրոպական պետութիւններէն մին կամ Ռուսը: Նուպար Փաշայի մեծագոյն սխալն այն է, որ իր բոլոր յոյսը կը դնէ թուրք կառավարութեան եւ սուլթանական “բարեհաճ հրամանադրութիւն“ներու վրայ: Իսկ այդ հրամաններուն որակը, արժէքն ու կառավարութեան խոստումներուն որ աստիճան իրականանալը քանիցս տեսնուած է: Առանց ատոր ալ արդէն կարելի չէր այդ ծրագիրը ներկայացնել Վեհաժողովին, քանի որ ան չէ՛ր զբաղեր ծրագրով“:

Երբ Պերլինի Վեհաժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ 1878 Յունիս 13ին, հայ պատուիրակները բախեցան գերմանացի վարչապետ Պիզմարքի եւ անգլիացի (ծագումով հրեայ) վարչապետ Տիզրայէլի անտեղիտալի հակառակութեան:

Հայ պատուիրակները հեռու էին քաղաքական փառասիրութիւններ հետապնդելու գաղափարէն: Ինչ որ կը պահանջեն` ուրիշ բան չէ եթէ ոչ թրքահայաստանի մէջ ունենալ ինքնավար քրիստոնեայ կազմակերպութիւն մը, նոյն երաշխիքներով ինչ որ տրուած էր Լիբանանին:

Երբ 1878 Յուլիս 13ին Պերլինի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ մէկ ամիս տեւող բանակցութիւններէ ետք. Հայկական Հարցի տեսակէտէն կարեւոր փոփոխութիւնները զոր ան բերաւ Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին մէջ, հետեւեալներէն էին.և

 

“Նախ եւ առաջ Ռուսաստան պիտի գոհանար պարպումով, Արտահանով եւ Կարսով եւ հրաժարէր Պայազիտէն եւ Ալաշկերտէն: Միւս կողմէն` Սան Սթեֆանոյի 16րդ յօդուածը, որ կը վերաբերէր հայկական բարենորոգումներուն, կը դառնայ 61րդ յօդուած Պերլինի դաշնագրին մէջ, հետեւեալ ձեւով փոփոխութեան ենթարկուած“:

 

ՅՕԴՈՒԱԾ 61.և “Բարձրագոյն Դուռը յանձն կ՛առնէ առանց յապաղման գործադրել այն բոլոր բարւոքումներն ու բարեկարգութիւնները, որոնք հայաբնակ նահանգներուն տեղական պէտքերը կը պահանջեն, նաեւ երաշխաւորել անոնց ապահովութիւնը` քիւրտերու եւ չերքէզներու հանդէպ: Ահա այս առնուած քայլերու մասին ժամանակ առ ժամանակ ծանօթութիւն պիտի տայ Մեծ Պետութեանց, որոնք անոնց գործադրման վրայ պիտի հսկեն“ :

 

ՅՕԴՈՒԱԾ 62.և “Բարձրագոյն Դուռը փափաք յայտնած ըլլալով որ անվթար պահէ կրօնական ազատութեան սկզբունքները, տալով անոր ամենէն ընդարձակ ասպարէզ մը դաշնագրող պետութիւնները այս ինքնաբերաբար եղած յարաբերութիւնը կը նօթագրեն:

Օսմանեան Կայսրութեան ոչ մէկ մասին մէջ կրօնական դաւանանքներու տարբերութիւններ պատճառ պիտի բռնուին որեւիցէ անհատի մը քաղաքական իրաւունքներ վայելելուն, հանրային պաշտօնի, գործի եւ պատուոյ արժանանալուն կամ որեւիցէ արհեստով կամ գործով զբաղելուն:

Դատաւորաց առջեւ առանց խտրութեան ամէն անձի վկայութիւն պիտի ընդունուի:

Կրօնական ամէն ձեւերու ազատութիւն եւ անոնց հրապարակաւ գործադրումը կ՛ապահովուի ամէնուն: Նաեւ զանազան ժողովրդի կրօնապետական կազմակերպութեան կամ անոնց իրենց հոգեւոր պետերուն հետ ունեցած յարաբերութեանց դէմ ո՛չ մէկ արգելք պիտի յարուցուի“:

Հայ պատուիրակութիւնը դաշնագրի ստորագրելէն երկու ժամ առաջ վեհաժողովի բոլոր անդամներուն հետեւեալ բողոքագիրն է ղրկած.և

“Հայ պատուիրակութիւնը իր ցաւը կը յայտնէ, որ իր օրինաւոր միանգամայն չափաւոր պահանջները Վեհաժողովի կողմէ չընդունուեցին: Հայերը հասկացան, թէ խաբուած են, թէ անոնց իրաւունքները չեն ճանաչուել, որովհետեւ խաղաղասէր են եղել: Հայ պատուիրակութիւնը պիտի ետ դառնայ Արեւելք, իր հետ տանելով այդ դասը: Բայց նա կը յայտնէ այսու ամենայնին, թէ հայ ժողովուրդն երբեք պիտի չդադարէ աղաղակ հանելու, մինչեւ որ Եւրոպան անոր պահանջներին արդար գոհացում չտայ“:

Պերլին Յուլիս 13, 1978

 

Երուանդ Օտեան Փարիզի մէջ կը յայտարարէր, թէ 61րդ յօդուածը բոլորովին վնասակար է Հայկական Հարցին համար, եւ Սերվիչէն ալ արցունքոտ աչքերով կը խոստովանէր թէ սխալած էին, բայց միամտութեամբ եւ խաբուած:

Խրիմեան Հայրիկը, իր քաղաքական առաքելութենէն հիասթափուած կը վերադառնայ Կ. Պոլիս ու Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կ՛արտասանէ “Երկաթէ շերեփ“ի պատմական քարոզը: Մտախոհ էր Մեծ Հայը Հայոց Հայրիկը, բայց ոչ յուսահատ, քաջ գիտակցելով, որ յուսահատը իր մահիճն է որ հետը կը կրէ:

Հակառակ իր բոլոր պակասութեանց, Պերլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածը այնպէս ինչպէս որ խմբագրուած էր,և

Հայոց համար` կը կազմէր իրաւունք մը,

Թուրքիոյ համար` պարտաւորութիւն մը, եւ

Եւրոպայի համար` պարտականութիւն մը:

 

Ու փակուելով Հայկական Հարցին վերջին դիւանագիտական շրջանին վարագոյրը, ստեղծուեցան նոր կացութիւն մը, մտքի տարբեր ու նոր հոսանքներ, կարմիր ճամբայ մը եւ կռիւի ասպարէզ:

Հայկական Յեղափոխութեան դիցանոյշը ծնաւ, իր հետ բերելով հայ պատմութեան ոսկի էջերը, ուր ապագայ սերունդը պիտի կարդայ ցեղին ըմբոստութեան պատկերն ու աւետարանը:

Խրիմեան Հայրիկը 1907ին լիազօր պատգամաւորութիւն մը կ՛ուղղարկէ Լահէի Խաղաղութեան Համաժողովին` Աւետիս Ահարոնեանի նախագահութեամբ: Պիտի պարզէր, փաստէր եւ պահանջէր Հայկական Հարցին արդար լուծումը:

Վասպուրականի Արծիւը վերջին անգամ իր ձեռքով գրած սրտայոյզ նամակով մը կը դիմէ Անգլիոյ թագաւորին, կը խնդրէ որ լսէ “մարտիրոս ժողովուրդի մը ծերունի Հայրապետին“ եւ դարման գտնէ ու վերջ տայ Հայկական Զուլումին:

Վեհափառի նամակի յուսադրիչ պատասխանը կը հասնի Էջմիածին, Հոկտեմբեր 29ին, երբ Հայրիկը իր հոգին կ՛աւանդէ:

Թուրանական երազներով տոգորուած մեր դրացի թուրքերը ուզեցին յաւիտենական եւ ընդմիշտ թաղել Հայկական Հարցը, արմատախիլ ընելով ամբողջ Հայութիւնը իր դարաւոր հայրենիքէն:

Այսօր եւ վաղն ալ աւելի կառչած ենք մեր սուրբ արդար իրաւունքներուն հաստատ հաւատքով, որ անպայման պիտի տեսնենք մեր բոլոր երազներուն իրականացումը:

Յաւե՜րժ եւ փառք Հայ Դատի զոհուած հերոսներուն…:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles