Յունուար 16-24 Արցախի մէջ պիտի գումարուի Հ.Յ.Դ. 33րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։
Ընդհանուր ժողովի հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 16-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: Ընդհանուր ժողովը պիտի քննարկէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախորդ 4 տարիներու գործունէութիւնը եւ միաժամանակ պիտի որոշէ կուսակցութեան յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութիւնը։
Հ.Յ.Դ. 33րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները Ստեփանակերտ մեկնելու ճամբուն վրայ կանգ առած են Քարվաճառի մէջ եւ այցելած` Արցախի հերոս, Շուշիի Հ.Յ.Դ. առանձնակի գումարտակի փոխհրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեանի նահատակութեան վայրը, յարգանքի տուրք մատուցելով իրենց նահատակ ընկերոջ յիշատակին: