Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՅՍՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ԳՈՒՄԱՐԷ (ԳՈՒՄԱՐԵՑ) ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԸ

$
0
0

 Յ. Պալեան

            Մաշած եւ կրկնուած տարազ մը կայ, որ կ’ըսէ, թէ ընտրութենէ մը ետք չկան յաղթական եւ պարտեալ, պէտք չէ ըլլան: Ի հարկէ այս ըսել աւելի դիւրին է՝ քան որպէս ըմբռնում իրագործել: Բոլոր ժողովրդավարութիւններու մէջ մնայուն ախտ մը կայ. ընտրութեան մը վաղորդայնին՝ կը սկսի ընտրապայքարը՝ յաջորդին համար: Այսինքն, մարդիկ կ’ապրին ընտրական մնայուն հեւքի մէջ: Աւելի ճիշդ՝ կիրքի: Կը մշակուին տեսութիւններ, քննադատութիւններ, տնտեսական ծրագիրներ:

            Թատրոն՝ որուն դիպաշարը կը գրուի որպէս նորութիւն, բայց տետրակին միայն շապիկը կը փոխուի: Հարկ է վերագտնել հաստ իրականութիւնը եւ ազնիւ խորքը եւ քաղաքականութիւնը ազատագրել իր արհեստի եւ հասութաբերի ստրկացումէն:

            Այդպէս է նաեւ Հայաստանի արդէն երեսուն տարեկան ժողովրդավարութիւնը, որ կը քալէ ցնցումներու խանդավառութիւններով եւ յուսախաբութիւններով, շնչահատ կ’ըլլայ եւ կը վերսկսի: Այսօր պէտք է խորհիլ պարզ խնդիրներու մասին, ոչ տնտեսական, ոչ քաղաքական, ոչ կենսամակարդակի: Կը խորհինք, որ եթէ այս ընենք, կը ստեղծուի դատարկութիւն: Պէտք է հարց տալ, թէ ժողովուրդը եւ երկիրը, վերականգնելու համար, ո՞ր ուժին եւ ո՞ր նախաձեռնութեան պէտք ունինք, քանի որ կարգախօսները կը թուի թէ իրենք զիրենք սպառած են: Ոմանք կ’ըսեն, թէ իրենց առանձնութեան մէջ այս հարցերուն մասին կը մտածեն, կը տագնապին, բայց յետոյ ի՞նչ: Իրենք զիրենք առաջնորդութեան կոչածներ ալ մտածած եւ գործած են, բայց մենք մեզ գտած ենք հոն ուր որ էինք, մեկնակէտին:

            Այս հարցերու մասին կը մտորէի, աչքի առաջ ունենալով Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամներու ընտրութեան արդիւնքը, եւ անոր ներկայացուցած պատկերը: Բազմաթիւ կուսակցութիւններէն միայն երեքը այդ ժողովին ձայն պիտի ունենան, անոնցմէ երկուքը որոշումներու կայացման վրայ ազդեցութիւն ունենալու ուժը պիտի չունենան:

            Ազգային Ժողովէն դուրս մնացած բազմաթիւ մեծ եւ պզտիկ կուսակցութիւնները կամ համախմբումները, պիտի փորձեն ընդդիմութիւն խաղալ, խոշորացոյցով դիտելով եղածը եւ ըլլալիքը, որպէսզի քննադատութիւններու եւ խոստումներու աղմուկով սպասեն…

            Սպասեն յաջորդ քուէարկութիւնը եւ քանի որ հրաշքներ պիտի չպատահին, մեծ կամ փոքր դժգոհութիւններու ալիքին վրայ, պիտի փորձեն իշխանական դիրքերու գրաւման:  

            Իսկ երկիրը հեզասահ կերպով ղեկավարելու եւ յառաջդիմութեան ճամբով առաջնորդելու համար անհրաժեշտ են նաեւ առաքինութիւններ, որոնցմով ազգի մէկութիւն կը ստեղծուի, բարեկարգումները կը յաջողին, եթէ ճառ խօսինք՝ կրնանք ըսել լուսաւոր ապագայ կը կերտուի, այսօրուան յոյսը վաղուան յուսախաբութիւնը չ’ըլլար:

            Այդ առաքինութիւնները կրնան տիրացուական թուիլ, մնալ գեղեցիկ խօսքի սահմաններուն մէջ: Բայց եթէ դիտենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ մեծ իրականացումները նախ եղած խօսք, տեսութիւն, խօսք, որոնք փոխադրուելով կեանքի մէջ, եղած են գործ:

            Ազգը ամբողջութիւն մըն է, հակառակ իր ներքին տարբերութիւններուն, բաժանումներուն, հակամարտութիւններուն: Զայն առաջնորդելու փառասիրութիւն ունեցողները թշնամի չեն: Հետեւաբար, պէտք է հարց տալ, թէ ի՞նչ կը պակսի այսօր, որպէսզի չխոչնդոտուին յառաջդիմութիւնը, իրաւունքը, բարօրութիւնը, ազատութիւնը եւ այլ լաւ բաներ:

            Այսօրուան մարդիկ վերջին անձրեւէն ետք բուսած սունկ չեն, շարունակութիւն են, անոնք ոչ միայն դրամատան հաշիւներ կը ժառանգենք, այլ նաեւ գաղափարներ, իմաստութիւն, ժամանակավրէպ համարուող բարոյականութիւն, համագումար՝ պատմութիւն եւ մշակոյթ:

            Հայը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առանց աշխարհի ճակատագիրը առաջնորդելու յաւակնութիւններու, պէտք է հարց տայ ինքնիրեն, թէ ի՞նչ կը պակսի մեզի, որպէսզի մեր ժողովուրդի ճակատագիրը դնենք ճիշդ հունի մէջ: Թէեւ լաւ կ’ըլլայ, որ ուրիշ ժողովուրդներ եւ մեծանուն ժողովներ ալ իրենք իրենց ուղղեն նոյն հարցումը: Բայց այսօր ես կը մտածեմ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի բանաձեւած մեր «փոքր ածու»ին մասին, ուր կան մեծագործութիւններ: Ի՞նչ բան կ’արգիլէ, որ այսօր մենք չխօսինք ներկային համար անհրաժեշտ մեծագործութիւններու եւ զանոնք իրականացնելու համար անհրաժեշտ առաքինութեան, հոգեկան ուժի մասին, ինչպէս այդ կը հասկնային Հռոմէացիները:

            Մեծ եւ ազնիւ գաղափարները գիրքերու մէջ դրուած պահածոներ չեն: Զանոնք հարկ է դուրս բերել գիրքերու բանտէն եւ դնել կեանքի մայրուղիի վրայ: Եթէ պահ մը քաջութիւն ունենանք խորհելու ֆրանսացի գրող Անտրէ Ժիտի պարզութեամբ բանաձեւած իմաստութեան հունով, որ կ’ըսէ թէ՝ «այս աշխարհի մեծագոյն կարիքը եւ սէրը վստահութիւնն են», եւ հարց տանք, թէ մենք հաւաքաբար ունի՞նք այդ սէրը եւ փոխադարձ վստահութիւնը, թէ կ’ապրինք Հոպզի ահաւոր սահմանումի՝ «մարդը մարդուն գայլն է»ի  ծիրէն ներս…

            Բայց ականատես ենք եսասիրական եւ շահախնդրական յաջորդական թատրոններու, առանց երբեք խորհելու միւսի իրաւունքին մասին, առանց երբեք ունենալու այն ազնիւ վերաբերումը եւ ըսելու՝ որ միւսն ալ իրաւունք ունի, ճիշդ է: Թատրոնը բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոյի պատկերն է, երբ ան կը գրէր, որ «Չտես քաղքենիներ՝ որոնք իրենց ետեւէն կը քաշեն սանդուխը եւ չեն ուզեր թոյլ տալ որ ժողովուրդը բարձրանայ»: Այսօր պէտք է խօսիլ այն մասին, որ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի չտես քաղքենիներ բարձրացման սանդուխը չիւրացնեն, երկրի բարիքները չծառայացնեն իրենց անձին, միւսին մէջ տեսնեն իրենց հաւասարը: Երեսուն տարիէ ի վեր այս է Հայաստանի պարզած պատկերը, ուր սանձարձակ հարստութիւններ դիզուեցան, միւսին եւ միւսներուն իրաւազրկման վրայ: Ուրիշը քննադատելէ առաջ, Հայը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այս ըմբռնումով եթէ ինքնաքննադատութիւն ընէ եւ ըստ այնմ նոր ուղի ընդգրկէ, անկարելի համարուած երազներն անգամ կարելի կ’ըլլայ իրականութիւն դարձնել:

            Տիրացուական համարուելու վտանգը աչք առնելով պէտք է դիմագրաւենք մեր այսօրը եւ վաղը, առաջին հերթին այդ պէտք է ընէ ներկայացուցչական իրաւունք եւ առաքելութիւն ունեցող Հայաստանի նորընտիր Ազգային Ժողովը, որպէսզի նաեւ հայեր կրկին կամովին կոչուած եղանակով արմատախիլ չըլլան եւ արմատախիլ եղածներ եւ արմատախիլ ծնածներ՝ սփիւռք(ներ)ը՝ վերարմատաւորուին:

            Այս արմատախլման մասին այնքա՜ն դիպուկ խօսք ունի չիլեցի բանաստեղծ Փապլօ Ներուտա: Ան կ’ըսէ. «Մարդ արարածին համար արմատախլումը հոգեկան զրկանք մըն է, ոr այս կամ այն ձեւով կը փտեցնէ անոր հոգիին պայծառութիւնը»: Հայաստանի նորընտիր Ազգային Ժողովը գերանցելով հրավառութիւնները, հաշուեյարդարները եւ չտեսութիւնները, ինքնիրեն առաքելութիւն պէտք է տայ Հայաստանի եւ հայու հոգին չփտեցնելու եւ անոր հոգիին պայծառութիւնը վերականգնելու:

            Ազգը երախտապարտ պիտի ըլլայ անոնց, որոնք պիտի յաջողին վերականգնել վստահութիւնը եւ սէրը, ոչ միայն բանիւ, այլ՝ գործով:

            Քաղաքական ազնուագոյն խօսքերը յաճախ բանաստեղծները ըսած են, եթէ երբեմն իմաստութիւն ունենանք զանոնք լսելու՝ կ’ազնուանանք:

            Եւ յիշենք, օրակարգ դարձնենք Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի (1828-1868) սրտառուչ խօսքը, «Եղբայր ենք մենք», որ մարգարէական պատգամի հնչեղութիւն ունի.

Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք,
Մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ.
Ըզհունձ բարեաց յերկինս հանենք,
Որ կեանք առնուն հայոց դաշտեր.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

            Հայաստանի նորընտիր Ազգային Ժողովը այսօր իր անդրանիկ նիստը կը գումարէ: Գումարեց: Ասմունք լսել կը սիրենք: Բացման նիստին մտածող եղա՞ւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի անդրշիրիմեան պատգամը բերել մեր ներկային մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles