Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ՊԱՏՄԵՑ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ ԵՒ ԲԱՐԵՒԻ ՄԱՍԻՆ

$
0
0

Մակար ի Գաղիա, 5 յունուար 2019

            Ս. Ծննդեան տօնն է: Արմենակ եւ Էլպիս այցելութեան եկան: Կը սպասէի Էլպիսի պոլսեցիի շնորհքով աւանդական անուշապուրը: Յուսախաբ չեղայ: Ընկոյզով-կաղինով, չիր-չամիչով անուշապուրը նաեւ հաճոյք էր:

            Զրուցեցինք: Արմենակ պատմեց որ եկեղեցին ասեղ ձգելիք տեղ չկար:

            Միշտ չխօսող Էլպիս քրթմնջալով ըսաւ, որ «կարգ մը կիներ, չտեսներ, եկած էին իրենք զիրենք ցուցադրելու, պատարագը Վերսայի պալատի արքայական ընդունելութեան հետ շփոթած էին»: Կարճ, կտրուկ: Չշարունակեց:

            Երբ քաղցրաւենիքներով սեղանին պատիւ կ’ընէինք, Կեդրոնականցին քայլ պահելու համար Էլպիսին հետ, պատմեց.

            – Մարզիկ զարմիկ մը ունէի, ամուրի, որ Շահմուրատեանի ախորժակով Հայաստան երկիր դրախտավայր կ’երգէր, կեղծել չէր գիտեր: Այն օրերուն, մեր քաղաքին մէջ ինքնաշարժ ունենալ յաջողութեան եւ հարստութեան նշան էր: Ինք կ’ըսէր, որ երբ բարեկամ մը նոր ինքնաշարժ գնէր, ինք բարեւը կը կտրէր, ան բարեւը չկտրած: Օրին խնդալու համար կրկնել կու տայինք: Ժամանակը երբ անցաւ, համոզուեցանք, որ Աբոն ճիշդ էր, ինքնաշարժը կը դառնար եսի ցուցադրութեան բեմ:

            – Արմենա՛կ, սիրելիս, նոր բան չկայ արեւուն տակ: Դրամը իրաւունքներ կու տայ:

            – Գիտեմ: Ախտը ամէն տեղ է: Կը յիշե՞ս կարուհի տիկին Զարզանդեանը, որ այլեւս չ’աշխատիր, տունը մաքրող կին կու գայ: Ամուսինը հարստացած է: Ինք, ընդունելութեան մը ընթացքին, ի լուր բոլորին յայտարարեց, որ հիմա դրամ եւ ժամանակ ունի, եւ աթոռ կ’ուզէ:

            – Կը պատահի՞ որ հարցնես, ո՞ր աթոռը եւ ի՞նչ ընելու համար:

            – Ի՞նչ հարցնեմ, Մակար, աթոռը պէտք է ոտքի չմնալու համար, անկէ անդին ան օգտակար կ’ըլլայ տիկին Զարզանդեանին իր յարաճուն ծաւալներուն հանգիստ տալու համար: Ի վերջոյ չի կրնար ժամերով ոտքի մտիկ ընել իր շուրջի մարդոց փաղաքշական խօսքերը եւ անոնց խելք բաժնել: Թէեւ անոնք խելք չէ որ կը սպասեն, այլ իր հարստութենէն փշրանքներ, որոնց համար պատրաստ են ծափահարելու:

            – Աթոռ տուի՞ն:

            – Աթոռ ալ տուին, շքանշան ալ: Առանց անուն տալու այս բոլորը գրէ՛, թերթերուն ղրկէ՛, թերեւս կը խպնին ե՛ւ աթոռ ուզողները ե՛ւ շքանշան բաժնողները:

            Ինչպէ՞ս մերժէի ազնուական Կեդրոնականցիին ցանկութիւնը:

            Մեր զրոյցին կը կցեմ պելճիգացի բանաստեղծուհի Ժոզիան Քոէիժմանսի խօսքը. « Ներել այս աշխարհին ինչ որ ան եղած է: Կարգ մը կեղտոտ հոգիներ աշխարհի թագաւոր ըլլալ կը խաղան. չտեսները»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles