ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Պատի մը պատմութի՛ւն, թէ «Հինգ Միլիառ Տոլարի Համար»…։ Շարժապատկերի մեծ պաստառին վրայ ցուցադրուելիք «ուեսթըրն» մը չէ պատահածը, այլ կրթուած, յառաջդիմած եւ արդիականացած Ուեսթին՝ Արեւմուտքի սրտին մէջ, անհանդուրժելի դէպք մը․․․ իրադարձութիւն մը։
Այսպէս, ամերիկացիին համար պարզ ու յստակ էր, թէ Նոր Տարին մասնաւոր նորութիւն պիտի չբերէր քաղաքական բեմահարթակին վրայ: Արդէն իսկ օրական նորութիւններ տեղի կ՚ունենան Սպիտակ Տան մէջ եւ այնքան սրընթաց ձեւով, որ նոյնինքն վարձակալը սկսած է անակնկալի գալ եւ կորսնցնել իր հետեւողականութիւնը, անշուշտ կարեւորութեամբ մատնանշելով, եթէ այդպիսի գործելաձեւի հանդէպ որեւէ հասկացողութիւն կամ հետաքրքրութիւն ունի:
Նախագահ Թրամփ տարեվերջի օրերուն արձակուրդի մէջ էր: Իր հետ արձակուրդի մէջ էին նաեւ քանի մը հարիւր հազար պետական պաշտօնեաներ: Սակայն, տարբերութիւնը այն էր, որ այս վերջինները ստիպողաբար արձակուրդի մէջ էին: Նոր Տարուան օրերուն, այս կառավարական պաշտօնեաները զրկուած են ամսականէ, այն պատճառով, որ հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ նախագահին, չեն կրցած համոզել դեմոկրատականները՝ հարաւի դրացի Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատի կառուցման հինգ միլիառ տոլար յատկացնելու կանաչ լոյս ստանալու եւ գործի անցնելու համար:
Դեկտեմբեր 22-էն ի վեր ստեղծուած է այս կացութիւնը, որ կրնայ դեռ շարունակուիլ եւ նոր մրցանիշ մըն ալ հաստատել: Ցարդ, մրցանիշը 27 օր է, ինչ որ պատահած է Դեկտեմբեր 16, 1995-էն մինչեւ Յունուար 6, 1996, Պերլինի ամօթի պատի փլուզումէն վեց տարի ետք, սակայն այդ օրերու շաթտաունին պատճառը ո՛չ մէկ կապ ունէր պատի կամ պատերու կառուցման կամ փլուզման հետ, այլ առողջապահական բնագաւառէն ներս ապահովագրութեան (medicare) առնչութեամբ էր եւ հանրապետական Ներկայացուցչական Տան խօսնակ՝ Նիւթ Կինկրիչ կը պայքարէր օրուան նախագահ Պիլ Քլինթընի դէմ:
Եթէ ընթացքը այսպէս շարունակուի եւ յառաջիկայ օրերուն առաջարկուած պիւտճէն չորդեգրուի, այդ պարագային հետզհետէ աւելի պիտի սաստկանան նիւթական սեղմումներն ու անվճար արձակուրդները, բախելով ներքին գործոց նախարարութեան, փոխադրամիջոցներու նախարարութեան,գիւղատնտեսութեան նախարարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ դռներ:
Դեռ աւելին, նախագահը որոշեց արձակուրդ տալ Սուրիոյ մէջ հաստատուած ամերիկեան ուժերուն: Տարբեր ու տարօրինակ արձակուրդ մը՝ վերջնականապէս տունդարձի արձակուրդ մը … այն հաստատումով եւ համոզումով, որ պատերազմը աւարտած է եւ թշնամին պարտուած է:
Իսկ եթէ Թրամփի պաշտօնավարութենէն ի վեր հրաժարած եւ հրաժարուած անձնաւորութիւններուն մասին մանրամասնօրէն գրուի, հաւանաբար էջեր կարելի է յատկացնել:
Այս գծով, հանրածանօթ լրագրող եւ յօդուածագիր Պապ Վուտուըրտ, իր հրատարակած «Վախ» գիրքով, լաւապէս կը նկարագրէ այս յամառ ու վախազդու նախագահը, որ հաստատ կը մնայ այդ Պատը բարձրացնելու գաղափարին, շարունակ դիմելով իր նախընտրած հաղորդակցութեան միջոցին՝ դայլայլին (թուիթ):
Հինգ միլիառ տոլարի համար ստեղծուած թնճուկը կը շարունակուի:
Մինչ այդ, օրը նոր՝ թուիթ մը նոր: