Գրախօսեց ՝ Վեր. Դոկտ. Ժան Խանճեան
Վերջերս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) լոյս ընծայեց Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի հեղինակած պատմական գեղեցիկ հատորը վերոյիշեալ վերտառութեամբ:
Աւետարանչականի 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ անգլերէն լեզուով գրուած սոյն հատորը կը ներկայացնէ անոր սկզբնական շրջանի (1918-1946) պատմութիւնը. անոր ծագման նպատակն ու առաքելութիւնը, անոր հիմնադիրները, ծրագիր-կանոնագիրը եւ դիմակալած մարտահրաւէրներն ու նուաճումները: Գիրքը կը բաղկանայ 15 կարճ գլուխներէ եւ 112 էջերէ, որոնք գրուած են դիւրընթեռնելի ոճով:
Վեր. Հեղինակը կը սկսի իր աշխատասիրութիւնը կարեւոր հարցումով մը.- «Ինչո՞ւ Ամերիկայի մէջ սկսաւ այս կրօնաբարեսիրական Ընկերակցութիւնը», որուն ի պատասխան կը յիշէ թէ 20րդ դարու սկիզբը արդէն կազմակերպուած հայ գաղութ մը կար Ամերիկայի մէջ: Բազմաթիւ հայեր այլեւայլ պատճառներով բնակութիւն հաստատած էին այս ափերուն վրայ: ԱՀԱԸ.ը ծնունդ առաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ծոցին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած վերապողներու կեանքը փրկելու առաջադրութեամբ:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիները ունեցան մի քանի բարեգործական առաքելութիւններ, որոնց թիկունք կանգնեցան Թէլֆէյեանի, Տօնջեանի եւ Ճինիշեանի նման ազգասէր հաւատացեալներ։ Բայց 1915-ի աղէտալի դէպքերը այս եկեղեցիները մղեցին՝ հիմնելու Աւետարանչականին նման կառոյց մը Յունիս 7, 1918-ին, Մէսէչուսէթս նահանգի Ուսթըր քաղաքի Հայ Նահատակաց Եկեղեցիին մէջ:
Մեծապէս գնահատելի են հեղինակին կարճ, բայց պատշաճ կերպով ներկայացուցած կենսագրութիւնները, այն վաստակաւոր մտաւորականներուն, անձնուրաց հոգեւորականներուն եւ յաջող գործատէրերուն, որոնք սիրայօժար կերպով ընծայեցին իրենց լաւագոյնը ՝ հայ ազգին եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու վերակառուցման վսեմ նպատակներուն։ Հաւատքի ու գործնական սիրոյ այս տիտաններէն յատկապէս յիշատակութեան արժանի են Վեր. Միհրան Գալայճեան, Վեր. Ա. Ա. Պետիկեան եւ Վեր. Տօքթ. Մանասէ Փափազեան, որոնք իրենց աստուածատուր, հոգեւոր, մտաւորական ու կազմակերպչական բացառիկ կարողութիւններով եւ համակ նուիրումով ղեկավարեցին Աւետարանչականը երկար տարիներ։
Վեր. Թութիկեան իր վերջաբանին մէջ կ՚եզրակացնէ.- «Չենք գիտեր թէ ապագան ի՞նչ վերապահած է մեզի, բայց գիտենք թէ ո՞վ է ապագային Տէրը»։
Հատորը ունի հարուստ տեղեկագրութիւն եւ ներշնչիչ պարունակութիւն: Անվերապահօրէն կը յանձնարարենք զայն ընթերցասէր հասարակութեան: Փափաքողներ կրնան ապսպրել սոյն հատորը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Կեդրոնատեղիէն.- AMAA, 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652, եւ կամ այցելելով Աւետարանչականի կայքէջը (www.amaa.org)։ Գինը $20.00 առաւել $5.00 առաքման ծախս։