Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՓՈՂՈՑ

$
0
0

ՓՈՂՈՑ

Նորայր Տատուրեան

Սայաթ-Նովան չքնացաւ։ Երեւանի այս շքեղ ու լայն փողոցի վրայ լուսաբացը արթուն աչքերով դիմաւորեցին մեր պանդոկի առջեւ յաճախորդ սպասող վարորդները, որոնք երաժշտութիւն լսելով կամ քաղաքականութիւն խօսելով հսկեր են գիշերուան։ Փողոցի առաջին ձայները, հետիոտներէն եւ փոխադրամիջոցներէն շատ առաջ, ծիծեռնակներէն կու գայ։ Անոնք շէնքերու վրայ օղակներ գծելով իրենց առաւօտեան պարը կը պարեն։ Այդ խաղաղ ժամը լաւագոյնն է մայրաքաղաքի փողոցներու վրայ քալելու, ճարտարապետական մանրամասնութիւններ լուսանկարելու եւ միջոցին՝ «փողոց» բառի պատմութիւնը մտաբերելու համար։

Հինգ աշակերտ իջած է այս վաղ առաւօտեան արշաւին. Փաթիլը, Ալիքը, Սարինը, Նարեկը եւ Ծովակը։ Մէկը որոշած է պատուհաններ լուսանկարել, մէկը փողոցներու անուններ, իսկ միւսները խանութներ եւ խանութպաններ։ Նախ կ՚ուղղուինք Սայաթ-Նովայէն դէպի ձախ, դէպի Չարենց։

Գիտենք, թէ այս փողոցներուն հեղինակն է ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանը եւ հայոց նորագոյն մայրաքաղաքը բոլորի անցեալի մասին ունի փայլուն եւ ճշգրիտ յիշողութիւն։ Մինչդեռ, «փողոց» բառը այնքան բախտաւոր չէ եղած։ Արմատն է մեր հնագոյն բառերէն «փող»ը, ան, որ ամենահին հայկական բանաստեղծութեան, «Վահագնի ծնունդը»ի մէջ էր։ Դժբախտաբար, «փող» բառին ծագումը ստուգաբաններուն, բառարանագէտներուն եւ լեզուաբաններուն անծանօթ է։ Բայց ինչո՞ւ միշտ հարցնել անոնց, երբ կան բանաստեղծներ։ Անոնք երկու տողով կը յաջողին նման հարցեր լուծել։ Մէկը Զահրատն է։ Ան մեզի սորվեցուց, թէ ինչպէս ծնաւ «փողոց»ը։

Երբ երկու կողմը շէնքեր շինեցին

Փողոցը ծնաւ։

«Մարդու միս» կոչուած այդ բանաստեղծութեան մէջ փողոցը, ծնած օրէն իսկ ունեցաւ ինքնավստահութիւն.

Մեծ էին շէնքերն – այնպէս հոյակապ – որ երբ հարցուցին

Փողոց չեմ ըսաւ – պողոտայ եմ ես

Նալպանտեանի անկիւնը ունի պուլպուլակ։ Կանգ կ՚առնենք թէ՛ ջուր խմելու, եւ թէ՝ բնակարանի մը պատէն վեր բարձրացած որթատունկը լուսանկարելու համար։ Յաջորդ խաչմերուկը Խանճեան փողոցն է։

Եթէ ամէն մէկ շէնքով կ՚երկարէր փողոցը, նոյնպէս ալ ամէն մէկ մասնիկով կ՚ընդարձակի «փողոց» բառ ընտանիքը։ Պէտք է ընդունիլ, որ ամէն մէկը ունի նկարագիրի մարդկային գիծեր. Ան որ հպարտ է իր խոշոր կազմով՝ լայնափողոց է, համեստը՝ նեղափողոց, պճնասէրը՝ նրբափողոց (այս մէկը կարելի է նաեւ նկատել քաղաքակիրթը), արծաթասէրը՝ վաճառափողոց, ռամիկը՝ միջափողոց, արուեստասէրը՝ փողոցայարդար, հետաքրքրամոլը՝ փողոցահայեաց, իսկ կռուազանը, ամենէն փողոցայինը եւ փողոցաբերանը՝ փողոցամարտ։ Դուք հիմա կ՚ուզէք հայերէնի ամենաերկար «փողոց»ը լսել։ Իրաւունք ունիք։ Երկու բառ արժանի են այդ պատիւին. փողոցաշինարարական եւ փողոցաշինարարութիւն։

Երբ կը զարգանար քաղաքաշինութիւնը Հայաստանի մէջ կը զարգանար նաեւ «փողոց» բառի տարողութիւնը։ Պատմութիւնը կը յիշէ, թէ Անի մայրաքաղաքը ունէր համքարներու համար յատուկ փողոցներ, ուր կեդրոնացեր են որոշ արհեստանոցներ, ինչպէս՝ բազզնոցը եւ սառաճփողոցը։ Առաջինը ջուլհակներու փողոցն է եղած, իսկ երկրորդը՝ թամբագործերու։ Գոյացան նաեւ փողոցի հնագոյն ձեւաւորումներ. «մանր փողոց» եւ «փողոցք վաճառաց»։ Ունեցանք նաեւ «ներթաղամասային», «գլխաւոր», «առափնեայ», «ստորգետնեայ» եւ «բեռնատար երթեւեկութեան» փողոցներ։

Փողոցները երբեմն եղան անանցելի, աւազակներ յայտնուեցան այդ քարաշէն փողի երկու ծայրերը։ Ուստի, ծնունդ առին համապատասխան արտայայտութիւններ. «փողոց կտրել», «փողոց թողուլ», «փողոց տալ»։ Աշխարհաբարը ունի պատկերալից դարձուածքներ. «փողոց շպրտել, կամ՝ նետել» տունէն վտարել, անօթեւան ձգել, «փողոցները չափել» անգործ պտըտիլ, «փողոց իյնալ» անտէր մնալ, անգործ մնալ, կամ՝ վատ բարքի տէր դառնալ, «փողոցի աւլուք» ընկեցիկ։ Փողոցը նշանակեց նաեւ կարգ ու կանոնէն զուրկ միջավայր ու ըսինք. «Այս հաստատութիւնը փողոց դարձուցած էք»։ Փողոցը նաեւ գռեհիկութեան եւ անպարկեշտութեան միջավայր էր, եւ վախցանք, որ «փողոցի ազդեցութիւնը» մեր երեխաներուն վրայ պիտի ազդէ։ Ինչո՞ւ զարմանալ այդ բոլորին, երբ մեր նորագոյն լեզուն ծնունդն է հասարակ մարդոց։ Ուստի, աշխարհաբարը լաւ գիտէ փողոցի կեանքն ու տրամադրութիւնները։ Պէտք է կրկին յիշել Զահրատը եւ անոր «փողոցներ չափող» ու բազմամարդ փողոցներու մէջ մեկուսացած Կիկօն, ան, որ շատ կը վախնար Պոլսոյ «Ահմետ էֆէնտի» փողոցէն.

Կիկօ կը վախնայ Ահմետ Էֆէնտի փողոցէն անցնելու

Ահմետ Էֆէնտի փողոցը մութ է

Մութին համբուրուող զոյգեր կան

Փողոցը չկարծէք, թէ գիր ու գրականութենէ զուրկ էր։ 20-րդ դարու սկզբին շատ ջանք թափեց, որ իր փողոցային վիճակներէն դուրս ելլէ ու քալել սորվի, քաղաքակիրթ դառնայ։ Ապացո՞յցը։ 30-ական թուականներուն Երեւանի մէջ լոյս տեսած երկու գիրքեր. «Կանոններ փողոցային շարժման մասին» եւ «Պրտադիր վորոշում N 3 ։ Յերեւան քաղաքի փողոցներում յերթեւեկութիւնը կանոնաւորելու մասին»։ Փողոցը ցոյց սկսաւ տալ նաեւ գրական ձիրքեր։ Ան նիւթ դարձաւ վէպերու եւ բանաստեղծական ժողովածուներու. «Պրոլետարիատը գիտէ ; Պայքար փողոցի համար», «Տայեան Գէորգ պէյ կամ պատրիարքարանի փողոցին բնակիչները», «Փողոցը։ Արձակ բանաստեղծութիւններ», Փարիզի փողոցներուն մէջէ եւ «Քովնտի փողոց»։

Բոլորս ունինք մեր ծնած, մեր ապրած, մեր սիրած փողոցի յիշատակ մը։ Եւ, ինչո՞ւ է, որ երանութեամբ կը յիշուին անոնք։ Փողո՞ցն է միթէ պատճառը- բանուկ խողովակ մը երկու շարք տուներու միջանկեալ։ Պոլսոյ յատկանշական են եղած շրջուն փոկեղավաճառը (կամ եգիպտացորենի), թութ, կանկառ եւ մածուն ծախողը, կաթ բերողը… Մայթերու վրայ միշտ ներկայ են բամբասող պառաւները եւ հոն է նաեւ հաւնածիդ պատուհանը։ Իսկ Երեւանի 164 փողոցները, Աբելեանէն մինչեւ Ֆրիկ, ունին տարբեր բոյր։ Թէեւ, այս ժամուն չկան գնդակ խաղացող երեխաներ եւ ճատրակ խաղացող մեծ հայրեր, բայց կայ լաւաշը եւ սկսեր են բացուիլ ծաղկավաճառները։ Այո, մայրաքաղաքի ամենագունաւոր պատկերը՝ ամէն փողոցի ծայրը ծաղկավաճառանոց մը։ Աշակերտները անկուշտ կը լուսանկարեն։

– Պարոն, ինչո՞ւ բոլոր փողոցները մտաւորականի անուններ են։

– Ամէնը չէ, բայց պատճառ մը կայ- հաւաքական յիշողութիւն։ Անշուշտ կը զարմանաս, երբ փողոցը կը փոխուի բայց անունը՝ ո՚չ, ինչպէս՝ «Ցախ» փողոցը։ Ժամանակին հոն եղեր է Ցախի հրապարակը, ուր հաւաքուեր է ցախը, այսինքն վառելափայտը եւ ապա կոյտերով վաճառուեր է։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles