Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
20 Դեկտեմբեր 2018
Հայաստանի մէջ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ու արդիւքներուն շուրջ բարձրացած փոթորիկը տակաւին չէ խաղաղած. քաղաքական բեմն ու անոր հետեւող մամուլը ամէն օր նորութիւն կը փնտռեն – եւ կը գտնեն – գնահատելու այս քայլը կամ դատափետելու մէկ այլ որոշում, սկսելով նոր խորհրդարանի դիւանին, յանձնաժողովներւն, նախարարութեանց եւ յարակից հարցերէն, ներքին ու արտաքին ընդդիմադիր ճակատներու ձեւաւորումէն՝ մինչեւ իրաւական հետապնդումներ եւ գողօններու վերադարձ։ Այս բոլորը «ներքին կարգով» քննարկելի եւ լուծելի հարցեր են, կը ստեղծեն իրաւ կամ խոշորացոյցով դիտուող մտահոգութիւններ։
Զուգահեռ գիծի մը վրայ, եւ մասնաւորաբար վերջին շաբաթներուն արձանագրուեցան «արտաքին» շարք մը զարգացումներ, որոնք եթէ իրենց բնոյթով աննախընթաց չեն, սակայն մտահոգիչ վիճակի մը նախանշանները կը բերեն եւ հաւասարապէս պատասխանատութեան, հայաստանակեդրո՛ն պատասխանատու մօտեցումի կը հրաւիրեն բոլորը՝ իշխանութիւն, ընդդիմադիրներ, ինչո՞ւ չէ նաեւ ամբողջ Սփիւռքը, հաւասարապէս։ Պատճառը՝ այդ զարգացումներուն շուրջ ստեղծուած վէճերն ու ըսի-ըսաւներն են։
Թուենք զարգացումներէն մէկ քանին։
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար Պոլթընի յայտարարութիւնները, զորս կանխած էր պաշտօնաւարտ դեսպան Միլզ։
Ատրպէյճանի կողմէ զինարշաւի նոր քայլերը, սահմանային գօտիներու մէջ շարժումներ կատարած ըլլալ-չըլլալու մասին զրոյցները։
Հայաստանի հետ «համախոհութեան նախանշան» տեսնելու Մամետիարովի յայտարարութիւնը, Հայաստանի հակազդեցութիւնը, Ալիեւի ռազմաշունչ յայտարարութիւնները եւ անոնց գտած հակազդեցութիւնները։
Հայաստանի մէջ կենսաբանական գիտաշխանոցներու մէջ օտար զինուորականներու ներկայութեան-բացակայութեան մասին արտայայտութիւնները, որոնք ծայր առին Լաւրովի ծանօթ յայտարարութենէն ետք, ապա նաեւ Քարասինի «հակազդեցութիւնը»։
Այս բոլորէն առաջ, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին շուրջ ստեղծուած վէճերն ու անոնցմէ ծնունդ առած բազմաճիւղ հարցերը։
Ցանկը կարելի է երկարել, յառաջիկային ալ կրնայ երկարիլ։
Այս ու նմանօրինակ զարգացումներու զուգադիպութիւնը որոշ մտահոգութիւն կը պատճառէ. անոնց մէջ կարելի է նախանշաններ տեսնել, թէ փորձ կը կատարուի Հայաստանը վերածելու քաղաքական «ոտնագնդակ»ի, զայն ենթակայ դարձնելով արտաքին այլօրինակ ճնշումներու, որոնցմէ բարիք պէտք չէ սպասել յամենայնդէպս։ Նոյնքան մտահոգիչ է, որ ներքին բեմին վրայ վէճերը երբեմն հրահրում կը ստանան առաւելաբար արտաքին աղբիւրներէ «սպրդած» տեղեկութիւններով։
Առաջին անգամը չէ, որ արտաքին քաղաքական ուժեր կամ լրատու աղբիւրներ կը փորձեն խառնաշփոթ մթնոլորտ ստեղծել Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ, անուղղակիօրէն ներշնչում տալով ներքին հակաճառութեանց ու բանավէճերու։ Ո՛չ նման տեղեկութիւններէ եւ ո՛չ ալ անոնցմով հրահրուած բանավէճերէն բարիք կրնայ ծնիլ Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայութեան դիտանկիւնէն. մանաւանդ պէտք է գերզգուշ ըլլալ՝ չտարուելու ապատեղեկատութեան ու խրամատներ ստեղծելու, ստեղծուածը խորացնելու միտող արշաւներէն։ Իշխանութեան թէ ընդդիմադիրներու համար, ազերիկան յայտարարութիւններն ու «թելադրանքները» չեն կրնար ուղեցոյց դառնալ, այլ զանոնք պէտք է ընկալել իբրեւ մեր շահերու միահամուռ պաշտպանութեան համար ձեռքերը միացնելու հրաւէր, ի՛նչ դիրքերու վրայ ալ որ գտնուինք այսօր կամ վաղը։
Պէտք է գլուխները պահել շինծու մշուշէն վեր, չկորսնցնել յստակատեսութիւնը։