Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ․- Կիրակի, Դեկտեմբեր 9-ին, կատարուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները։
Հետեւեալ Հերթականութեամբ Յառաջատար Են «Իմ Քայլը» Դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» Եւ «Լուսաւոր Հայաստան» Կուսակցութիւնները։ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան  յայտարարելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն աւարտը, շեշտեց, թէ ընտրութիւններուն մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 48,63 առ հարիւրը: Ան աւելցուց թէ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները ընթացած են բնականոն հունով։

Արդիւնքներուն համաձայն, «Իմ քայլը» դաշինքը ապահոված է քուէներուն 70,26 առ հարիւրը, (630.952 ձայն), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` 8,46 առ հարիւրը (75.985 ձայն), «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը` 6,34 առ հարիւրը (56.909 ձայն), Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը 4,55 առ հարիւր (40.835 ձայն), Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը 4,02 առ հարիւր (36.068 ձայն):

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles