Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Երեսուն Տարիներ Ետք…

$
0
0

Քսաներորդ դարու անհամար աղէտներուն մութ շարքը փակող Սպիտակի մահասփիւռ երկրաշարժէն ասդին, երեք խռովայոյզ տասնամեակներ իրենց ետին թողած են դարաշրջանային ընդհարումներու փլուզումներու եւ վերականգնումներու, տարապայման շրջան մը, որուն անհաստատ սեմին այսօր կանգնած կը մնայ Հայաշխարհն ու ամբողջ մարդկութիւնը։

Սպիտակի ընդերքէն ժայթքող ու տարածուող օրհասական կործանումին առաջին օրէն իսկ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր համատարած բոլո՛ր միաւորներով, հաւատարիմ իր կոչումին ու մարդասիրական երկարամեայ հունձքին, գործի անցաւ -համայն հայութեան ու քաղաքակիրթ մարդկութեան կողքին հասնելու եւ ամոքելու իր հազարամեայ ժողովուրդին յանկարծահաս ու կսկծալի կորուստներուն ջլատիչ ցաւը։

Շուրջ ութը տասնամեակներու բացակայութենէ ետք — որուն ընթացքին տարագիր Հայ Կարմիր Խաչը, Սփիւռքի տարածքին իր ցուցաբերած աննկուն ու նուիրեալ մարդասիրական գործունէութեան ճամբով, իրաւամբ դարձեր էր հայ կիներու ամենատարածուն ու գործունեայ կազմակերպութիւն –՝ կը վերադառնար մայր հայրենիք որպէս Հայ Օգնութեան Միութիւն։

Աւերեալ Շիրակի մարզի անպատսպար ժողովուրդին անմիջական կարիքները ստիպեր էին, որ օտարածին բռնատիրութեան մը վարիչները ի խնդիր արտաքին անհրաժեշտ օգնութեան ու գործակցութեան, մօտ եօթը տասնամեակներէ ետք, վերցնէին երկաթէ վարագոյրը բանալով իրենց դռները օգնութեան ձեռք պարզած քաղաքակիրթ աշխարհին…:

Երկրաշարժի յաջորդող ամիսներուն ընթացքին, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոններուն մէջ ընկերուհիները տիւ եւ գիշեր ծառայեցին յօժարակամ եւ անշահախնդիր, փառք դաւանելով անաղմուկ բարիքը եւ անտրտունջ յոգնութիւնը:   Երկրաշարժի աղէտեալներու աշխատանքներուն ընթացքին, Հ.Օ.Մ.-ը մասնակցեցաւ ապահովելով տասնեակ բեռնատար օդանաւեր, որոնք կ’ընդգրկէին դեղորայք, հագուստեղէն, ճաշ, բժշկական գործիքներ եւ այլ պէտքեր,աշխարհի չորս կողմերէն, մաս կազմեց շինարարութեան եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, բացաւ շարժուն դարմանատուներ եւ հոգեբանական կեդրոն, գործուղեց բժշկական մասնագէտներ եւ կամաւորներ դէպի Հայաստան, եւ սատարեց ուսումնասիրութեան ծրագիրներ: Հ.Օ.Մ.-ը նաեւ հիմը դրաւ «Որբախնամ» եւ «Որբերու» Ուսման Ծրագիրը, որ հազարաւոր ծնողազուրկ պատանիներ կը շարունակէ խնամատարել: Ըստ պատշաճի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Միացեալ Նահանգներու, Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի պատկան մարմիններուն հետ հանդիպումներ ունեցան: 1998 թուականին Հ.Օ.Մ.-ը նաեւ իր դռները բացաւ Հ.Օ.Մ.-ի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Կեդրոնին, եւ 2005 թուականին Ծննդատան, եւ այսօր կը հանդիսանայ Շիրակի մարզի լաւագոյն հիւանդանոցներէն:

Երէկ՝ դարմանումի կարօտ խորունկ վէրքեր ունէր Հայութիւնը. այսօր հայրենակերտումի աշխատանքները կը շարունակուին: Սպիտակի երկրաշարժէն 30 տարիներ անց, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կառչած կը մնայ իր գաղափարական սկզբունքներուն եւ իր բարեսիրական առաքելութեան զուգընթաց կը շարունակէ իր ազգանպաստ ծառայութիւնը հայրենիքի մէջ: Կեանքն ու մահը տեսած մեր Հ.Օ.Մ.-ուհիները, այժմ աւելի գօտեպնդուած իրենց ծառայասիրական սկզբունքներուն մէջ, ամենօրեայ ներկայութիւն են հայ կեանքէ ներս: Եւ երբ կը կարծուէր թէ անհնար է վերակառուցել Հայրենիքը, կնոջական այս վիթխարի կազմակերպութիւնը փաստեց, որ կարելի յաղթել խնամելով ու դարմանելով, սիրելով եւ մահուան յաղթելու վճռակամութեամբ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles