Վերջին անգամ ամերիկեան ծովուժին պատկանող Եու Էս Էս Մաունթ Ուիթնի ռազմանաւը Սեւ Ծովի ջուրերը հասաւ այս տարուան Յուլիսին՝ ծովային ռազմափորձերու համար, որոնք կազմակերպուած էին ՆԱԹՕի կողմէ։
Երէկ սակայն ամերիկեան լրատու աղբիւրներուն կողմէ հաղորդուած լուրը կը նշէր,որ ամերիկացիք կը պատրաստուին ռազմանաւ մը ուղարկել Սեւ Ծով, այս անգամ իբրեւ հակազդեցութիւն Կերչի նեղուցին մէջ ուքրանական ռազմանաւերու դէմ ռուսական գործողութիւններուն, որոնք խիստ դատապարտանքի արժանացան թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ՆԱԹՕ-ի եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան կողմէ։
Նման քայլ անշուշտ Սեւ Ծովու շրջանին մէջ լարուածութիւնը մակարդակ մը աւելի կը բարձրացնէ եւ կրնայ նոր զարգացումներու առիթ մը ըլլալ, հակառակ անոր որ յստակ է,թէ ամերիկեան ռազմանաւու մը Սեւ Ծով ուղարկումը աւելի ուժի ցուցադրութիւն մըն է, քան ռուսական ռազմանաւերու հետ բախման միտող քայլ մը։
Հոս արդէն դարձեալ մրցադաշտ կը մտնէ Թուրքիա, Տարտանէլի եւ Վոսփորի նեղուցներուն միջոցով։
Թուրքիա, որ Միացեալ Նահանգներու ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցն է, իր բազմաթիւ արարքներուն եւ քայլերուն պատճառով բաւական կորսնցուցած է ամերիկացիներուն վստահութիւնը, եւ այս պարագային, երբ ամերիկեան ռազմանաւու դէպի Սեւ Ծով նաւարկելու ուղին անխուսափելիօրէն Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներէն կ՛անցնի, օրակարգի վրայ կը դրուի Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։
Գաղտնիք մը չէ, որ Միացեալ Նահանգներ- Թուրքիա յարաբերութիւնները եթէ ոչ թշնամանական, գէթ այնքան ալ բարեկամական չեն՝ Սուրիոյ տագնապին, Ռուսաստան – Թուրքիա գործակցութեան եւ յատկապէս Իրանի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան կապուած հարցերու պատճառով։Բոլոր պարագաներուն ալ թուրքերը բնաւ ռազմավարական դաշնակիցի դրսեւորումներ չեն ցուցաբերեր, այլ ընդհակառակը, առիթ չեն փախցներ յայտարարելու, թէ Թուրքիա ինքնիշխան պետութիւն է եւ ոչ ոքէ արտօնութիւն խնդրելու հարկադրանքին տակ կը գտնուի, օրինակի համար՝ Ռուսաստանէն Էս- 400 տիպի հրթիռային համակարգ գնելու, կամ իրանի հետ առեւտրական կապերը շարունակելու, հակառակ ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցներուն, եւ կամ նոյնիսկ ասպարէզ կարդալու ամերիկացիներուն, որոնք Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ կը գործակցին Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներ համարուող քրտական ինքնապաշտպանական ջոկատներուն հետ։
Յստակ է, որ այլ պատճառ մըն ալ գոյութիւն ունի՝ թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն լարուածութեան։ Ռեճէպ Էրտողանի երբեմնի գործակից, իսկ ներկայիս ալ թունդ թշնամի, կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլա Կիւլէնի Թուրքիոյ արտայանձնման խնդրով՝ Անգարա- Ուաշինկթըն լարուածութիւնը կը յամենայ եւ մինչեւ իսկ լրատու հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, հարցը հասած է հոն, ուր Սպիտակ Տան եւ ամերիկեան արդարադատութեան համակարգին միջեւ որոշ տարակարծութիւններու դուռ բացած է, որովհետեւ ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու, վարչակարգը թելադրած է քննել Կիւլէնի արտայանձնման կարելիութիւնները։ Թելադրանք մը, որ անընդունելի համարուած է արդարադատութեան համակարգի պաշտօնատարներու կողմէ։
Այս պատճառներով՝ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու համար ռազմավարական վստահելի դաշնակից մը չէ, հակառակ անոր որ ամերիկեան վարչակարգը կը շարունակէ Թուրքիան համարել ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան համար կարեւոր առանցք մը, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ է, կայուն է եւ կրնայ օդային պաշտպանութեան եւ հետախուզութեան մարզերուն մէջ համագործակից մը ըլլալ։
Երեւութական այս տեսքը սակայն այնքան ալ համոզիչ չի թուիր ամերիկեան քաղաքական թէ ուսումնասիրական բազմաթիւ շրջանակներու, որոնց շարքին է հեղինակաւոր Արտաքին Գործերու Խորհուրդի արեւելագէտներէն՝ Սթիվըն Քուք։
Հիմա որ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին ամերիկեան ռազմանաւ մը Սեւ Ծով ուղարկել, անպայման կարիքը ունին Թուրքիոյ արտօնութեան, որովհետեւ ամերիկեան ոչ մէկ նաւ Սեւ Ծով կը հասնի՝ Տարտանելէն եւ Վոսփորէն այլ ուղիով մը։Արդէն իսկ պաշտպանութեան նախարարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկած է Անգարայի իշխանութիւնները տեղեակ պահել ամերիկեան այս մտադրութեան մասին եւ պէտք է սպասել թուրքերուն հակազդեցութեան՝ ամերիկեան ռազմանաւուն դիմաց Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներուն անցքերը բանալու վերաբերեալ։
Շատ հաւանական է, որ արտօնութիւնը տրուի, սակայն նժարի մէջ է ահա դարձեալ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի գործակցութեան խնդիրը, թէ Անգարա որքան պատրաստ պիտի ըլլայ վերջին օրերու իր գործակիցը բարկացնել՝ ամերիկեան պահանջին ընդառաջելով։Ամենայնդէպս՝ Միացեալ Նահանգներու համար ոչ այնքան վստահելի Թուրքիա դարձեալ կը վերածուի բանալի առանցքի մը եւ հոս է, որ բաւական խաղաքարտեր կրնան խառնուիլ։
↧
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՎՍՏԱՀԵԼԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՉԷ
↧