ԵՐԵՒԱՆ․- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4-ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու «Սուխոյ 25» օդանաւ մը ջախջախուած է Մարալիկի լեռնային շրջանին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով, յայտնեց, թէ մահացած օդաչուներն են փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեանն ու աւագ սպայ Մովսէս Մանուկեանը:
Ամէնօրեայ մարտական պատրաստութեան ծրագիրով ուսումնամարզական թռիչք կատարող «Սուխոյ 25»-ը, առաւօտեան ժամը 10։06-ին, Գիւմրիի օդակայանէն թռիչք առած էր եւ 15 վայրկեան ետք, կորսնցուցած էր կապը կեդրոնին հետ։
Շտապ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայելով, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորապէս կը ցաւակցի փորձառու օդաչուներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
↧
Հայաստանի Օդուժի «Սուխոյ 25» Մը Ջախջախուած Է Մարալիկի Լեռնային Շրջանին Մէջ
↧