Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Մահեր կան, որոնք իրենց սուգի սահմանած ամպհովանիէն դուրս կ՛ելլեն եւ հսկայական, բազմերես դաշտ մը կը բանան, ուր մեր անհատական եւ յատկապէս հասարակական կեանքը յուզող խորհրդակցութիւններու ծնունդ կու տան:

Այդպիսին է Ընկհ. Պերճուհիի պարագան, ուր իր անձնականը եւ հասարակական գործունէութիւնը ընդելուզուած էին ամբողջութեան մը մէջ:

Ընկհ. Պերճուհի Մարգարեան, մկրտութեան անունով Զարուհի, ծնած էր Պասրայի (Իրաք), Մարկիլ արուարձանը, 1936 թուականին:

Երրորդ դուստրն էր Վասպուրականի Շուշանցի Մանուկի եւ Տօնեցի Նունուֆարի:

Պերճուհին ծնած մեծցած եւ դաստիարակուած էր հայկական հարազատ եւ տոհմական ընտանիքի մէջ: Յաճախած էր Մարկիլի Ազգային Վարժարանը, որմէ ետք պետական երկրորդական վարժարանը:

Հօրը անժամանցելի մահէն ետք, Պերճուհին իր քոյրերուն՝ Հրանդուհիի եւ Զմրուխտի հետ իր ուսումը կիսատ ձգեց եւ նուիրուեցաւ տան ապրուստը հոգալու ծանր աշխատանքին:

Կարճ ժամանակի մէջ, տիրապետեց երկրաչափական գծագրական արհեստին:

Ապրուստի պարտադրանքներուն զուգահեռ, միացաւ ՀՕՄի պարմանուհիներուն եւ արտասանութեամբ յաճախ մասնակցեցաւ Մարկիլի համայնքի գեղարուեստական ձեռնարկներուն:

Պերճուհիի նուիրումը ազգային թափ առաւ երբ փոխադրուեցաւ Պաղտատ:

Ամուսնացաւ Յովհաննէս Եսայեանի հետ, որ հիմնական սիւնն էր Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի: Բախտաւորուեցան երեք զաւակներով՝ Մարօ, Անի եւ Պետրոս:

Ան անդամ էր Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան երգչախումբին, յաճախ մենակատարի դերով:

Տարիներով Պերճուհին Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քարտուղարութիւնը վարեց, գլխաւոր անդամն ու դերակատարն էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի թատերախումբին:

Ընտանիքով փոխադրուեցան Նիւ Եորք:

Այստեղ նոր թափ առաւ Պերճուհիին կեանքը: Ան նոր միջավայր գտաւ, ուր իր կարողականութիւնները ի սպաս դրաւ ազգային մեր կառոյցներուն:

Անդամ էր Համազգայինի թէ՛ թատերախումբին, թէ՛ գրական յանձնախումբին, թէ՛ երգչախումբին: Պերճուհիին կը պարտինք վերակազմութիւնը, դասաւորումը միութեան գրադարանի հազարաւոր  գիրքերուն: Աւելի քան քսան տարի վարեց միութեան քարտուղարութեան պաշտօնը: Բացառիկ բծախնդրութեամբ դասակարգեց միութեան արխիւները:

Պերճուհին անդամ էր նաեւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ ուր բծախնդրութեամբ ամէն կիրակի իր մասնակցութիւնը բերաւ դպրաց դասին:

Հեզահամբոյր, նուիրեալ, պատրաստակամ, ամբողջական գիտակից հայուհի էր, ամբոջական նուիրումով: Ոչ մէկ տատամսում ազգօգուտ գործի նկատմամբ:

Ափսոս Պերճուիի նման նուիրեալները կանուխ կը հեռանան կեանքէն եւ դժբախտաբար անոնց տեղերը թափուր կը մնան:

Պերճուհին նուիրեալներու սքանչելի սերունդի ամենէն պայծառ ներկայացուցիչն էր:

Հողը հանգիստ սիրելի քոյր, սիրելի ընկերուհի, սիրելի Հայուհի:

Յիշատակդ պայծառ պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:

 

Սգակիր եղբայրդ՝

Հրանդ Մարգարեան

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles