Ֆրանսայի մէջ ծաւալած «դեղին բաճկոնակներ»ու (gilets jaunes) ցոյցերը ուշագրաւ եւ ուսանելի են բազմաթիւ պատճառներով, ժամանակակից անհատներուն են ընկերութիւններուն համար, թերեւս նաեւ վաղուան, կարեւոր հանգրուան են յաւելեալ եւ իրաւ ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ:
Անցեալին եւ այսօր ժողովրդավարական համարուող եւ եղած ընտրական եւ ձեւական համակարգեր, երբ քուէարկելու եւ ընտրելու իրաւունք ունէին ընտանիքի պետերը (հին Յունաստանի ժողովրդավարութիւնը), կամ անոնք որոնք որոշուած չափով կամ աւելի տուրք կու տային, այսինքն կը քուէարկէին ունեւորները, այլեւս ժամանակավրէպ են, երբ տեղեկութիւնները արագօրէն կը շրջին, առանց մտաւորականութեան կամ ղեկավարութեան մաղէն անցնելու:
Ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները, սկզբունքով, նման սահմանափակում չունին. ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը համընդհանուր է: Բայց ի՞նչ կ’ըսէ իրականութիւնը: Եթէ ընտրելու իրաւունքը համընդհանուր է, նոյնը կարելի՞ ըսել ընտրուելու իրաւունքի մասին: Ընտրուելու իրաւունքը եւ ղեկավար դիրքի վրայ գտնուելու իրաւունքը կը պայմանաւորուին զանազան ազդակներով. ընտանիք, կրօնք, գոյն, ուսում, դրամ եւ խմբակային համագործակցութիւն: Երբեմն լրջօրէն պէտք է մտածել այն մասին, որ իրաւ ժողովրդավարութիւնը գեղեցիկ երազ մը չէ՞, երբ կը դիտենք հանգամանքներու չարաշահումը, ընկերութիւններու բոլոր մակարդակներուն: Նախագահի կամ նախարարի եղբայր, քոյր, զաւակ կը յաջորդեն իրենց, կամ կը նշանակուին պաշտօններու, նոյնիսկ քաղաքակիրթ եւ բարձր մշակոյթ ունեցող երկիրներու մէջ: Կամ պարզապէս, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, կը գործէ ԽԾԲի դրութիիւնը (խնամի-ծանօթ-բարեկամ):
Այսպէս է, որ յեղափոխութիւնները եւ ժողովրդական շարժումները ինկած են անհատներու կամ խմբակներու ազդեցութեան տակ, իւրացուած են, ճամբայ բացած անոնց փառասիրութիւններուն եւ շահերուն առջեւ, որոնք շարունակած են անցեալի փորձը, մենք ու մերոնքով, պաշտօններ բաժնելով եւ իւրացնելով, ինչպէս այդ կը պատահէր Աստուածաշնորհ թագաւորներու իշխանութեան օրերուն, որոնք կ’ըսէին՝ «ԵՍ ԵՄ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ»: Կարծէք հինը կը շարունակուի նոր շապիկով:
Այսօրուան տուեալներով, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող «դեղին բաճկոնակներ»ու բողոքի ցուցական շարժումը, որ կը հակառակի պետութեան տուրքի քաղաքականութեան, գլխիվայր շրջած է ցարդ ընդունուած մերժումի, հակառակելու, ընդդիմանալու դասական ոճը, առաջնորդելու եւ առաջնորդուելու կանոնները: Մարդիկ իրաւ կամ ինքնակոչ պետ կամ առաջնորդ չեն ուզեր, հաւանօրէն եզրակացուցած ըլլալով, որ վերնախաւի բանակցութիւնները իրենց չեն վերաբերիր, միշտ իրենք կ’ըլլան անիրաւուողը եւ անտեսուողը:
Ընտրութենէ մը առաջ շոյուող քաղաքացին ընտրութենէն ետք կ’անտեսուի:
Զանգուածը այլեւս վերէն չի սպասեր լուսաբանութիւնը, այլ համացանցէն: Տեղեկութիւնները եւ կարծիքները առանց մաղէ անցնելու կը հասնին մարդոց եւ անոնք ըստ այնմ կը դիրքորոշուին, առանց պատգամներու սպասելու:
«Դեղին բաճկոնակաւոր»ներու շարժումը ժողովրդական չկազմակերպուած եւ հրահանգներու չսպասող-չենթարկուող ալիք է, որ ինքզինք չէ կոչած անհատի մը կամ կազմակեպութեան մը ծառայելու: Թերեւս վաղուան ուղղակի ժողովրդավարութիւնը, որ վերնախաւէն կ’իջնէ իր իրաւունքները պաշտպանող զանգուածի մակարդակին, մերժելով դասակարգ դարձած ղեկավարութիւնները, էսթէպլիշմընթ կամ նոմանքլաթուրա, որ փոխարինած էր անցեալի իշխանները, դուքսերը, կոմսերը, նոյն վերաբերումով բայց նոր անուններով:
Փակագիծ մը. Հայաստանի մէջ նոյն ձեւով տեղի ունեցած «թաւշեայ» կոչուած յեղափոխութիւն, ինքզինք դրաւ հին դասական կաղապարին մէջ, անհատականացաւ:
Ֆրանսայի իշխանութիւնները շփոթի մատնուած են, որովհետեւ իրենց դէմ խօսակից-բանակցող չունին:
Ցարդ, աւանդական կերպով, ժողովրդական շարժումներն անգամ կը պահանջէին կազմակերպութիւն եւ նիւթական միջոցներ: Ֆրանսայի «դեղին բաճկոնակներ» շարժումը սկսած է եւ կը շարունակուի «դիմատետր»ային (ֆէյսպուքեան) աճող եւ անծրագիր կազմակերպութեամբ, պետութիւն եւ աւանդական կուսակցութիւններ ոչ մէկ միջոց ունին, գէթ այսօր, ազդելու կամ առաջնորդելու «ըմբոստացում»ը, նոյնիսկ եթէ այդ փափաքը ունին:
Առ այժմ ոչ ոք կրնայ նախատեսել, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ այս շարժման ապագան: Բայց մէկ բան կարելի է ըսել. լսուելու եւ տիրողներու դէմ ճակատ յարդարելու, անհամաձայնութիւն յայտնելու եւ քննադատական դիրք ճշդելու համար դժգոհներ, անիրաւուածներ, քննադատողներ, կանգ պիտի չառնեն զանազան բնոյթի իշխանութիւններու դասական եւ հակակշռուած հաղորդակցական միջոցներու պատնէշին առջեւ:
Այսինքն, որոշումներու կայացման եւ ղեկավարման նոր մայրուղի բացուած է եւ քաղաքական-ղեկավարական խաղը այլեւս կարելի պիտի չըլլայ շարունակել քուլիսներու ստուերին մէջ կրկնուող «քոմպինացիա»ներով: Հրահանգներ եւ օրէնքի պարտադրանքներ փոխարինուած են անշպար տեղեկութեամբ եւ քաղաքացիին մասնակցութեան ընտրութեան ձգուած հրաւէրով:
Թերեւս վաղուան նոր եւ իրաւ ժողովրդավարութիւնը սկսած է ինքզինք կրկնող եւ ինքնիրեն անփոխարինելիութեան իրաւունք շնորհած իրարու յաջորդող ղեկավարման ձեւերուն դէմ: Դժգոհութիւն, տարբերութիւն, պահանջներ, ստիպուած չեն դասական անցարգելներու առջեւ կանգնելու: Շարժումը «վեր»էն չ’իջներ, ուղղաձիգ չէ, չի կազմակերպուիր «մեծաւոր»ի մը վարդապետական տեսակէտներուն շուրջ, այլ «ժողովրդական» է, հորիզոնական ձեւով կը տարածուի: Հին յոյներու «սոփեստ» (sophiste)ներու ճառը այլեւս կը թուի ժամանակավրէպ ըլլալ, գաղափարախօսական, վարդապետական եւ կարգախօսային ճապկումները չեն դիմանար այս նոր ալիքին: Համացանցային-դիմատետրային այս յեղափոխութիւնը քաղաքական եւ կազմակերպական նոր ուղի բացած է, որուն պիտի հետեւի պետական եւ քաղաքական կազմակեպութիւնը, պիտի վերանորոգուի, կամ պիտի անհետանայ: Այս յեղափոխութիւնը ժողովրդային կամքի իւրացման եւ անտեսման դէմ տարերային շարժում է:
Օրէնքի տառին կառչելով եւ «վարդապետն ասաց»ով (magister dixit) գոհացող էսթէպլիշմընթային ղեկավարումը ժամանակավրէպ պիտի ըլլայ, համակարգչային յեղափոխութեամբ մարդկային բարոյականացման նոր հորիզոն կը բացուի եւ ճառային-զգացական շահագործումները, «աստուածաշնորհ իրաւունքներ»ը եւ «նախախնամական անփոխարինելիութիւն»ները տեղի պիտի տան:
Ի՞նչ ձեւ կ’առնէ վաղուան նորը: Այսօր առնուազն կը կատարուի մարդու արժանաւորութեան վերականգնումի փորձը:
Իմաստուն յանձնառութիւն է հետեւիլ մարդկայնական այս շարժման, ընկերութեան կեանքի եւ կազմակերպութեան բոլոր մակարդակներուն, որպէսզի մարդը դառնայ առանցք եւ ոչ սոսկ քուէ կամ թուանշան:
Միշտ պէտք է յիշել, որ բոլոր բարդութիւնները զսպանակուած են եւ կը շարունակուին զսպանակուիլ առկայ ուժ-կազմակեպութեամբ մը, զոր Հռոմի սրբազան քահանայապետներէն մին, Պիոս ԺԱ, բնորոշած էր, որպէս «դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւն», որ իր կարգին կը դառնա՞յ ժամանակավրէպ:
Որպէս փորձութիւններէ անցած փոքրիկ ժողովուրդ, մեր պետութիւնը եւ կազմակերպութիւնները, կրնա՞ն իրենք իրենց թոյլ տալ, որ նոր յեղափոխութեան գնացքը անցնի եւ մենք մնանք քարափին, չես գիտեր ի՞նչ սպասելով:
Քաղաքական իսկական առաքինութիւն է, հոգեկան ուժ, virtus, հեռանկար ունենալ եւ անոր առանցքին դնել ոչ թէ անձը, այլ գլխագրուած Մարդը, կրկնենք, ՄԻՒՍԸ, որուն իրաւունքը մեր պարտականութիւնն է, ինչպէս ըսած էր Ի դարու իմաստուն մը: