Խմբագրական
«Գոհաբանութեան Օր»-ն է Նոր Աշխարհ բնակութիւն հաստատած հայորդիիին համար։ Այսպէս, աւելի քան 25 տարիէ ի վեր նաեւ յստակ է, որ «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած դրամահաւաք-թելեթոնի օրն է։
Տարբեր պայմաններ ու իրավիճակներ ստեղծուած են նախորդ դրամահաւաքներուն համեմատութեամբ։ Արդարեւ, թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք կատարուող առաջին դրամահաւաքն է։
Այսուամենայնիւ, հայորդիին համար այս իրադարձութիւններն իսկ երկրորդական են։ Ի վերջոյ, հողն ու հայրենիքը բարձր են․․․ շատ բարձր եւ այնքան մը, որ կը գերադասեն անձն ու անհատը։
Այս սուրբ գաղափարներով պէտք է առաջնորդուի հայորդին, քաջատեղեակ ըլլալով թէ հայրենի հողն է մնայունը, իսկ անհատը (որուն պարտականութիւնն է անաչառ կերպով ծառայել այդ սուրբ հողին) գնայուն է։
Բազմիցս նշուեցաւ, թէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջին ամիսներուն անցաւ դժուար պահերէ։ Անվստահութիւն ստեղծուեցաւ անոր շուրջ։ Կատարուեցան մերթ տեղին եւ մերթ անտեղի կասկածամիտ հարցադրումներ։ Նոյնիսկ, ստեղծուած այս անորոշութեան դիմաց, սոյն հիմնադրամի համաշխարհային կառոյցի հաշիւները մանրակրկիտ քննութիւններու ենթարկուեցան` որեւէ հաւանական չարաշահում, օգտագործում կամ խախտում յայտնաբերելու համար։
Այս առթիւ, գեր-արհեստավարժ հաշուապահական միջազգային ընկերութիւններ գործի լծուեցան եւ կարգ մը հետեւողական ստուգումներէ ետք կարելի եղաւ եզրակացնել, թէ «Հայաստան» հիմնադրամը զերծ է նման չարաշահումներէ, եւ անոր հաշիւները ամբողջական ճշգրտութեամբ եւ բացարձակ թափանցիկութեամբ ներկայացուած են հանրութեան։
Այսպէս, այդ կուտակուած մութ ամպերը հեռացած են, իսկ մասամբ անձնական մութ հաշիւներու արդիւնք՝ ստեղծուած անվստահութեան վէրքը վերջնականապէս դարմանուած է։
Ուստի, ժամանակն է վերստին օժանդակելու ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂին։ Ի վերջոյ, անհասանելի առաջնահերթութիւն են Հայաստանն ու Արցախը։
Այս տարուան կատարուելիք օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին Հայաստանի սահմանային շրջանի գիւղերուն մէջ գիւղատնտեսական ծրագրերու զարգացման եւ Արցախի բնակարաններու, պետական շէնքերու, վարժարաններու, բուժարաններու, արեւային ջերմուժի համակարգերու եւ ջրառաքման ծրագրերու սարքաւորման։
Տարբեր եւ իւրայատուկ բնութիւն մըն է հայրենի հողը, իսկ միաժամանակ նոյնքան տարբեր եւ իւրայատուկ բնաւորութեան տէր է իր արմատներուն կառչած հայորդին։
Բնական է, որ այս ապագայ՝ նոր հայրենիքը կարելի է ստեղծել եւ իրականացնել լայնօրէն բանալով մեր քսակը ու մեր լուման տրամադրելով։
Հուսկ, մեր պարտականութիւնն է պարտաճանաչ ըլլալ յանուն հայրենիքի բարգաւաճման, արդիականացման եւ զարգացման։