Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱԳԻՒՏ ԲԱՆԱԿ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ

$
0
0
Diplomacy for Grantland.com

 

            Կեդրոնականցի Արմենակ Հայաստան գտնուած էր ժողովի համար: Աշխարհատարած սփիւռքներէն կա՞յ հայ, ծագումով, տիտղոսակիր եւ հաստ քսակատէր, որ Հայաստան երթայ առանց ժողովի մասնակցելու նպատակի եւ հրաւէրի:

            Ինչո՞ւ ինք ալ յանկարծ ժողովախտ ունեցած էր, ո՞վ այդ սրսկած էր իրեն:

            Նոր Տարին մօտ էր, ընկերացանք Էլպիսին եւ Մակարուհիին, որպէսզի հայկական վաճառատունէն գնումներ ընեն, թրքական անուններով Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ եկած հայկական համարուող ուտեստներ: Կիները մտան խճողումին մէջ, մենք ալ իջեւանեցանք փողոցի վրայի նոր սրճարանը: Կահաւորումը՝ նոր, աղմուկը եւ մարդիկը՝ նոյն:

            Արմենակ քանի մը օր առաջ վերադարձած էր Հայաստանէն:

            – Ի՞նչ ժողով էր այդ, որուն դուն ալ գացիր,- հարցուցի:

            – Ժողով էր եւ չէր: Դպրոցներու համար համակարգիչներ գնուած էին եւ տարինք յանձնելու:

            – Քանի՞ հոգի էիք:

            – Պատուիրակութեամբ. տասներկու:

            – Արմենա՛կ,- ըսի, այդ համակարգիչները մէկ երկու հոգիով տեղ չէին հասնիր:

            – Կը հասնէին: Բայց դժուար է տասներկուքէն տասնին ըսել որ իրենք յարմար չեն: Ե՞րբ եւ ո՞ւր լսուած է, որ իր հոգիին մէկ անկիւնը ջոջութիւն պահած հայուն կարելի ըլլայ այդ ըսել: Նայի՛ր շուրջդ: Ընդունելութիւններ եղան մայրաքաղաքին եւ տասնէ աւելի քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Նոյն շաքարոտ խօսքերը ըսուեցան, որոնց որպէս պատասխան մեր տասներկուքէն տասնըմէկը, այսինքն բացի ինձմէ, խօսեցան: Ինչե՜ր ըսին: Չեմ գիտեր թէ հիւրընկալները բան մը հասկցա՞ն անոնց էսփերանթօ հայերէնէն:

            – Երկրաշարժէն ի վեր, երեսուն տարի, թերթ չկարդացողն անգամ վարժուեցաւ ճառ խօսելու,- ըսի:

            – Ճիշդ այդպէս: Բարձրութիւն ցատկող մարզիկը միշտ քիչ մը աւելի կը բարձրացնէ ձողը: Այդպէս ալ՝ մենք: Զօրակցութեան, զոհողութեան, միութեան, հայրենասիրութեան, հերոսութեան մասին թութակային խօսքերէ ետք, մեր խումբէն ինծի անծանօթ մը, հայերէնը ջարդելով եւ տաղելով ըսաւ. «Մենք, տիասփորայի հայերս, նոյնիսկ եթէ հայերէն չենք գիտեր եւ չենք կարդար, մեր ապրած երկիրներուն մէջ Հայաստանի բանակ ենք, Հայաստանի պետութիւն եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներն ենք: Եւ ծափահարութիւններ:

            – Առաջարկող չեղա՞ւ, որ Հայաստանի դեսպանատուները եւ հիւպատոսարանները փակուին, եւ  պետական այրերը այլեւս չյոգնին եւ չճամբորդեն, պետական պիւտճէին ալ կը խնայուի,- հարցուցի:

            – Մակա՛ր, խօսողները երջանիկ էին, լսողները՝ գոհ, համակարգիչներ եկած էին: Մնացեալը կիներու ամրան հովահարի օդի հոսանքէն աւելի չէր: Բայց թատրոնը կը կրկնուի երեսուն տարիներէ ի վեր, ոչ ոք դժգոհ է, ոչ ստացողը, ոչ փքուողը:

            – Դուն ինչո՞ւ երկու խօսք չըսիր:

            – Խօսէի՞, որպէսզի մեր վերադարձէն ետք զիս ալ մանրապատումի նիւթ դարձնէին, զիս ալ վիրթուալ նախարար կամ դեսպան կոչէին: Եթէ անդենականի կեանք մը կայ, այս բոլորին ի տես եւ ի լուր ի՞նչ պիտի ըսէր Յակոբ Պարոնեան: Քանի որ մեծ գիտուններ ունինք, ձեւ մը չկա՞յ Յակոբ Պարոնեանի քլոնաժը ընելու, վասն փրկութեան մեր հոգիներուն…

            Էլպիսը եւ Մակարուհին հասան, մեզ մեր պարտականութեան հրաւիրեցին եւ տոպրակները տուին որ շալկենք…

  Մակար ի Գաղիա, 17 նոյեմբեր 2018

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles