Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻԱ ՎՏԱՆԳԻՆ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Ա.Ա.

Ռուսաստանի կողմէ ստեղծուած՝ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ծիրին մէջ հիմնադրուեցաւ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը, որուն հարթակը այս օրերուն վերածուած է Ատրպէյճանի մէկ մրցադաշտին, որպէսզի դիւանագիտական ճնշումներու ենթարկէ Հայաստանը։
Ատրպէյճան անդամ չէ կազմակերպութեան, որուն ծննդոցն իսկ կը վկայէ, որ Պաքու զայն բնաւ լուրջի չէ առած։ Առաջին հերթին Մայիս 15, 1992-ի,ն նախկին խորհրդային վեց պետութիւններ՝ Ռուսաստան, Հայաստան, Ղազախստան, Խըրխըզիստան, Տաճիկիստան եւ Ուզպեքիստան կնքեցին Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագիրը, կամ Թաշքէնտի համաձայնագիրը։ Յաջորդ տարի նախկին խորհրդային երեք պետութիւններ ալ՝ Ատրպէյճան, Պիելոռուսիա եւ Վրաստան, միացան համաձայնագրին եւ որ օրինական ուժ ստացաւ 1994-ին։ Հինգ տարի ետք՝ 1999ին, բացի Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ Ուզպեքիստանէն, մնացեալ երկիրները համամիտ գտնուեցան՝ համաձայնագրին վերանորոգման հինգ տարուան համար, իսկ 2002-ին ստեղծուեցաւ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը, առանց Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Ուզպեքիստանի։ Այս վերջինը կազմակերպութեան միացաւ 2006-ին, սակայն հեռացաւ անկէ 2012-ին։
Հ․Ա․Պ․Կ․-ի ծիրին մէջ Ռուսաստան եւ Հայաստան 2015-ին համաձայնեցան օդային միացեալ պաշտպանական համակարգի մը ստեղծման շուրջ եւ մէկ տարի ետք՝ 2016-ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովը վաւերացուց համաձայնագիրը։ Իսկ նոյն տարուան Դեկտեմբերին Ռուսաստանի Դաշնակցային Խորհուրդը վաւերացուց համաձայնագիրը եւ օրինական ուժ ստացաւ Ռուսաստան – Հայաստան օդային միացեալ պաշտպանական համակարգը։ Սկզբունքով՝ ռուսական օդուժը պիտի պաշտպանէ Հայկական հողերը, որեւէ յարձակման պարագային։ Այս սկզբունքով, Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն յարձակումները բացառուած չեն։
Հիմա հարցը կը կայանայ այն կացութեան մէջ, որ ստեղծուած է Հ․Ա․Պ․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին մէկ տարի առաջ նշանակուած՝ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եուրի Խաչատուրովի պաշտօնազրկումէն ետք։ Խաչատուրով Հայաստանի մէջ ենթակայ է դատական գործի, որովհետեւ մեղադրեալ մըն է Մարտ մէկեան դէպքերուն շուրջ բացուած յետաքննութիւններուն մէջ։ Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը մինչեւ 2020 Հայաստանի իրաւունքն է եւ Խաչատուրովի տեղ Հայաստանի նոր ներկայացուցիչի նշանակման հոլովոյթ չկայ, պարզապէս որովհետեւ կազմակերպութեան ղեկավար շրջանակներուն մէջ համախոհութիւն չկայ՝ մինչեւ օրինական ժամանակաշրջանի աւարտը ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօնը Հայաստանի վստահելու հարցին շուրջ։
Հոս է Ատրպէյճանի ուղղակի միջամտութեան դրոյթները։ Նախ՝ կազմակերպութեան անդամ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, բացէն ի բաց Ատրպէյճանի դեսպանին զեկուցեց Խաչատուրովի յաջորդին նշանակման շուրջ ծաւալած քննարկումներուն մասին եւ յստակացուց, թէ Մինսք համաձայն չէ Հայաստանի ներկայացուցիչին նշանակման։ Պիելոռուսիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան ԼաթիՖ Ղանտիլովի տրուած այս զեկուցումէն քանի մը օր ետք՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Պիելոռուսիոյ դեսպանը, որուն հետ հանդիպման մասին ատրպէյճանական լրատու աղբիւրներուն հաղորդումները բաւական էին համոզուելու, թէ կայ յստակ համակարգում՝ Ատրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ, որպէսզի արգելակուի Խաչատուրովի փոխարէն Հայաստանի նոր ներկայացուցիչին նշանակումը։
Ատրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ այս ճիգերուն անուղղակի մասնակից մըն է նաեւ Ղազախստան, որուն նախագահը՝ Նուրսուլթան Նազարպաեւ, համամիտ է Լուքաշենքոյի, թէ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչը պէտք է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին նշանակուի։
Մինսք – Պաքու բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններու գործընթացին վրայ է, որ Լուքաշենքօ՝ զանց առնելով Հ․Ա․Պ․Կ․-ի մէջ իր դաշնակից Հայաստանը, լծուած է Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան աջակից մը դառնալու աշխատանքին եւ առիթ չի փախցներ, յայտարարելու, որ Իլհամ Ալիեւի հետ իր բոլոր համաձայնութիւնները «սրբութիւն» իրեն համար։
Թէ ինչ բնոյթ ունին Լուքաշենքօ – Ալիեւ համաձայնութիւնները, հետեւութիւններ կատարելը այնքան ալ անկարելի բան մը չէ, որովհետեւ Մինսքի մէջ Ղանտիլովի հետ իր հանդիպման ընթացքին արտայայտած կեցուածքներով Լուքաշենքօ յստակացուց, թէ գործակից մըն է Ալիեւի, որպէսզի Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ոչ մէկ պարագայի Հայաստանի նոր ներկայացուցիչին վստահուի։
Ատրպէյճան ռազմաշունչ յայտարարութիւններու իր կշռոյթը մերթ ընդ մերթ կը մեղմացնէ կամ կը շեշտէ՝ սահմանագիծին երկայնքին լարուածութիւնն ալ նոյն հետեւողութեամբ մեղմացնելով կամ սրելով։ Ասոր զուգահեռ՝ ահա Հ․Ա․Պ․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վերաբերեալ քննարկումներուն ընդհանուր ծիրին մէջ ատրպէյճանական գործօնին յստակ ազդեցութիւնը կու գայ առաւել շեշտադրելու վտանգը։ Ստեղծուած կացութիւնը բնաւ ի նպաստ Հայաստանի չէ։ Երեւան – Պաքու առճակատումը Հ․Ա․Պ․Կ․-ի շրջանակներուն մէջ ունի իր դերակատարը՝ յանձինս Պիելոռուսիոյ նախագահին։ Ասիկա համապատասխան մօտեցում եւ մարտավարութիւն կը պահանջէ։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles