Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Նիւ Եորքի Մէջ․- Թեմակալ Առաջնորդներու Հանդիպում

$
0
0


ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի առաջնորդարանին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը նորընտրեալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի եւ Գանատայի Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի միջեւ։
Առաջնորդները խօսեցան Թեմերու համագործակցութեան եւ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն մասին, ինչպէս Նոր Կտակարանի եւ Նարեկ աղօթագիրքի հրատարակման, մանուկներն ու պատանիները հետաքրքրող կրօնական օգտակար ծրագիրներու պատրաստութեան եւ այլ հնարաւորութիւններու մասին։
Բաբգէն Արք, Չարեան պաշտօնապէս շնորհաւորեց Սրբազան Անուշաւան Դանիէլեանի ընտրութիւնը եւ բեղուն գործունէութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր։
Նշենք թէ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի Ազգային Վարչութեան կրօնական եւ վարչական ժողովները որոշած են Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի առաջնորդական ընտրութիւնը նշել յատուկ պատարագով մը, որ պիտի կատարուի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, Դեկտեմբեր 2-ին։ Ապա գեղարուեստական յայտագիրն ու յարգանքի ճաշկերոյթ պիտի կատարուի։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles