Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Վայելող Լորիկ Չարխուտեան եւ Մարի Մանուկեան Յաղթական Դուրս Եկան

$
0
0


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 6-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մեծամասնութիւնը յիշատակելի յաղթանակներ կրցաւ արձանագրել։
Մելիլէնտի 20-րդ շրջանի Դեմոկրատական ներկայացուցիչ Լորիկ Չարխուտեան (ծնած՝ Նիւթըն, Մասաչուսէց) եղաւ ընտրուած երեք ներկայացուցիչներէն մէկը։ ՛՛Սրտանց կը շնորհաւորենք Լորիկ։ Պիտի գործենք միասնաբար եըւ յաւելեալ յաջողութիւններ արձանագրենք՛՛, ըսաւ Հայ Դատի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի պատասխանատու՝ Սթիւ Մեսրոպեան։
Տնտեսագիտութիւն ուսանած եւ ՛՛Ճոն Հոփքինզ՛՛ համալսարանէն ստացած իր տոքթորականը՝ Լորիկ Չարխուտեան յայտնեց․ ՛՛Մերիլէնտի բարեկարգման համար է, որ կը գործենք եւ յոյսով ենք, որ պիտի յաջողինք՛՛։
Իսկ Միշիկընի 40-րդ շրջանին մէջ, Դեմոկրատական ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեան (ծնած՝ Պըրմինկհեմ, Մասաչուսէց), իր կարգին յաղթական դուրս եկաւ, ստանալով քուէներու 57 առ հարիւրէն եւ գերազանցելով Հանրապետական Տէյվիտ Ուոլքինսընը։
Շրրանի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Լարա Ներսէսեան նշեց, թէ կարելի եղած է յաղթական դուրս գալ, շնորհիւ հետեւողական պայքարի եւ անաչառ աշխատանքի։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles