Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ՀԻՆ ՍԷՐԵՐՈՒՆ

$
0
0

Մակար ի Գաղիա

            Արմենակը կարելի չէ չսիրել, քանի որ ան միշտ հաւատարիմ է իր սէրերուն, ուրկէ ալ փչեն մեզ ոտքի քնացնող նորարարական հովերը:

            Կրկին նստած ենք հայաւանի սրճարանը: Հիմա կարելի է սրճարանի մէջ նստիլ եւ զրուցել, առանց ծուխի-մուխի գոլորշիին: Եթէ մարդիկ քիչ մը նուազ պոռչտան, կարելի կ’ըլլայ ամբողջ օրը հոն մնալ եւ քանի մը անգամ սուրճ վայելել:

            Կեդրոնականցի իմաստունը այսպէս խօսեցաւ.

            – Դպրոցական օրերէս մնացած ֆրանսացի Շարլ Պոտլէրի գրքոյկը գտայ գիրքերուս մէջ: Կարդացի: Յիշատակներ արթնցան: Գաղափարներ արթնցան Ի՜նչ ճառագայթող միտքեր ունին իրաւ բանաստեղծները: Միտք: Ոչ ճպուռի աղմուկ:

            – Այդպէս են ոչ հարկատու մեծերը,-ըսի,- ի՞նչ կարդացիր:

            – Ոչ միայն կարդացի, այլ թարգմանեցի ալ:

            – Լաւ է: Այնքան քիչ թարգմանութիւններ կան գրականութիւնը թարմացնելու համար: Պիտի կարդա՞ս:

            – Կը կարդամ, եթէ շատ պիտի չքննադատես: Ես բանաստեղծ չեմ: Բանաստեծութիւն թարգմանելու համար քիչ մը բանաստեղծ պէտք է ըլլալ:

            Եւ Արմենակ կարդաց Պոտլէրի Albatrosի չորս քառատողերը.

 

ՁԿՆԿՈՒԼԸ

 

Զուարճանալու համար նաւաստիները յաճախ,

Ձկնկուլ կը բռնեն, լայնաթեւ թռչուններ ծովերու,

Ճամբու ընկերներ անփոյթ, որոնք կը հետեւին

Դառնաղի անդունդներու վրայ սահող նաւուն:

 

Հազիւ զանոնք դրած կամրջակի տախտակամածին

Այդ արքաները երկինքի, ձախաւեր եւ ամօթզգած,

Խղճալիօրէն կը ձգեն, որ իրենց սպիտակ մեծ թեւերը

Զերթ թիակներ քաշքշուին իրենց կողքին:

 

Թեւաւոր ճամբորդն այս, որքա՜ն անճարակ է եւ թոյլ,

Ինք պահ մը առաջ այնքա՜ն գեղեցիկ, ծիծաղելի է, տգեղ…

Մին կը գրգռէ իր կտուցը այրող ծխիկով,

Ուրիշ մը կաղալով կը կապկէ զինք, հաշմուածը՝ որ կը թռչէր:

 

Բանաստեղծը նման է ամպերու իշխանին

Որ կը յաճախէ փոթորիկը եւ աղեղնաւորը կը հեգնէ,

Աքսորուած գետնի վրայ մէջտեղն հայհուչներու

Հսկայի իր թեւերը կը խոչընդոտեն որ քալէ:

 

1861

Շարլ Պոտլէր

 

            – Ինչո՞ւ թարգմանեցիր: Որո՞ւ համար:

            – Մեր հայրենակիցներուն համար: Մենք հիմա այդ նաւաստիներուն պէս ենք: Սաւառնելու ունակ եւ ատակ մեծերը մեր սեղաններուն եւ բեմերուն վրայ տեղ չունին, անոնք ընդունելութիւններու ընթացքին չեն կրնար փայլիլ, յայտնի մարդոց ձեռքը թօթուել, հաճոյախօսութիւն չեն ըներ, կը սիրենք ճպուռները եւ կը ծափահարենք: Լոյսերով ողողուած սրահներու մէջ անոնք ձախաւեր են, Պոտլէրի ձկնկուլին պէս, չեն կրնար թրվռալ, պոռչտալ, մէջք ծռել:

            – Արմենակ, չե՞ս կարծեր որ բանաստեղծը կը դարձնես քու միտքերուդ թարգմանը:

            – Աւելին ալ. զայն կը համարեմ մեր անմիջական ժամանակակիցը եւ հայկական ընկերութեան հոգեբոյժը: Ամէն տեղ: Եթէ հիւանդները գիտնան որ հիւանդ են եւ ուզեն բուժուիլ:

            – Ի՞նչ կ’ուզես բուժել:

            – Մեծամտութիւնները եւ թեթեւսոլիկութիւնները:

            – Ի՞նչ պիտի ընես:

            Արմենակ պահ մը լռեց եւ ապա՝

            – Քեզի պիտի վստահիմ: Դուն գրոց-բրոց ես: Ղրկէ՛ ջոջ ծանօթներուդ եւ թերթերուն: Այդքա՛նն ալ դուն ըրէ:

            Սրճարանի բազմալեզուեան աղմուկը բարձրացաւ: Զիրար չէինք լսեր: Եւ բաժնուեցանք:

            Վերջին պահուն Կեդրոնականցին կանք առաւ եւ ըսաւ.

            – Յաւերժական է կռիւը մլուկներու ընդդէմ սաւառնող ձկնկուլներու, Պոտլէրի Albatros-ին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles