Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի Տօնակատարութիւն՝ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջաններուն Մէջ

$
0
0

 

Նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 23-29-ին:
Այս առթիւ, Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով շրջան այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:
100-մեակի տօնակատարութեան շարքը կ՛ընդգրկէր հետեւեալները.-
Պաշտօնական այցելութիւններ:
Մասնաճիւղերու անդամներու եւ համակիրներու հետ հանդիպումներ:
Մարզական մրցաշարք:
Սկաուտ խմբապետներու համագումար:
100-ամեակի ճաշկերոյթ-պարահանդէս:
Պատմական նկարներու եւ սկաուտական ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշի օրհնենք, հոգեհանգիստեան արարողութեան:
Սկաուտական տողանցք:
100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւն:

Պաշտօնական այցելութիւններ


Երեքշաբթի Հոկտեմոեր 23-ին, Գառնիկ Մկրտիչեան այցելեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը` Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անդամ Շանթ Ժամկոչեանի, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Ուաշինկթընի մասնաճիւղի Վարչութեան անդամ Հուրի Քէօրքիւնեանի, եւ 100-ամեակի Յանձնախումբի անդամ Վահէ Թանաշեանի ընկերակցութեամբ։ Հանդիպման ներկայ էին Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, եւ գրասենեակի հաղորդակցութեան տնօրէն ընկերուհի Եղիսաբեթ Ջուլճեան:
Նոյն օրը, Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ դեսպան Արա Մարգարեանի հետ:
Օրուան վերջին այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ներկայացուցչական գրասենեակն էր, ուր հանդիպեցան Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի հետ:
Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 24-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ անդամ Հրաչ Մեսրոպեան այցելեցին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 100-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Թանաշեանի ընկերակցութեամբ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանին մէջ:
Վերոյշեալ հանդիպումներուն Գառնիկ Մկրտիչեան հակիրճ զեկոյցներով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համաշխարհային կառոյցը, Կեդրոնական Վարչութեան կազմը եւ միւթեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէ, անցեալ Յուլիս 20-29-ին: Բոլոր հանդիպումներու ընթացքին տեղի ունեցաւ 100-ամեակի յատուկ յուշանուէրներու տուուչութիւն:

Մասաչուսէց նահանգի Ներկայացուցիչներու Տուն


Յատկանշական էր Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տուն այցելութիւնը եւ հանդիպումը Նահանգի Հայ երեսփոխան Դաւիթ Մուրատեանի հետ։
Ուրբաթ Հոկտեմբեր 26-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ու անդամ Հրաչ Մեսրոպեան` ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Արամ Գայսէրեան եւ անդամ Վիգէն Խաչատուրեան, Պոսթոնի մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան, եւ 100-ամեակի յանձնախումբի անդամ եղբայր Վահէ Թանաշեան, այցելեցին Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսէց նահանգի Ներկայացուցիչներու տուն ու հանդիպում ունեցան Նահանգի հայ երեսփոխան Դաւիթ Մուրատեանի հետ։
Հանդիպումի աւարտին երեսփոխան Մուրատեան պատուիրակութեան յանձնեց Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տան հռչակագիրը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի առիթով:
Հռչակագիրը կը յայտնէ Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու անկեղծ շնորհաւորութիւնները Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, ճանչնալով անոր 100 տարիներու նուիրումը ղեկաւարելու ու կազմաւորելու հայ երիտասարդութեան նկարագիրը, դինագրաւելով մեր հայ համայնքներու կարիքները: Ներկայացուցիչներու տան ամբողջ անդամները կը փոխանցեն իրենց բարեմաղթութիւնները եւ յոյս կը յայտնեն ապագայի լաւ բախտ եւ շարունակելու յաջող երթի բոլոր ջանքերը:
Հանդիպման աւարտին՝ հայ երեսփոխանին յանձնուեցաւ 100 ամեակի յատուկ յուշանուէրը:

Մասնաճիւղերու անդամներու եւ համակիրներո հետ հանդիպումներ


Երեքշաբթի Հոկտեմբեր 23-ի երեկոյեան, Գառնիկ Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Ուաշինկթըն մասնաճիւղի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ: Հանդիպումին բացումի կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան փոխ ատենապետ եղբայր Յովիկ Աբգարեան, ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկաները հրաւիրեց մէկ վարկայն յոյտնկայս յարգելու յիշատակը վերջերս մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ծառայութեան շքանշանակիրներ եղբաերներ Լեւոն Պալեանի եւ Համօ Սարտարպէկեանցի: Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբայր Շանթ Ժամկոչեան զեկուցեց Շրջանի գործունէութեանց եւ յաջորդ օրերուն տեղի ունենալիք 100 ամեակի նուիրուած ձեռնարկներուն մասին: Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքի աւարտին յատուք յուշանուէրով Կեդրոնական Վարչութեան անունով պատւեց՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրէն Տիգրան քահանայ Խոյեանի դուստր Սեդա Կելլէնեանը: Նոյնպէս Շանթ Ժամկոչեան Սեդային յանձնեց Շրջանային Վարչութեան յուշանուէրը:

Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 24-ի երեկոյեան, Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հրաչ Մեսրոպեան հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորք մասնաճիւղի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ: Հանդիպումին բացումի կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբայր Յովհաննէս Մաշէվէճեան, ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, կարգ մը տեղեկութիւններ փոխանձեց մասնաճիւղի անցեալ եւ յառաջիկայ գործունէութեանց շուրջ: Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբայր Սիմոն Պարտիզպանեան զեկուցեց Շրջանի գործունէութեանց եւ յաջորդ օրերուն տեղի ունենալիք 100 ամեակի նուիրուած ձեռնարկներուն մասին: Սրտի խօսք փոխանցեց Նիւ Եորքի հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լաքիսեան: Եղբայր Գառնիկ իր խօսքի աւարտին պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 25-ի երեկոյեան, Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հրաչ Մեսրոպեան հանդիպում մը ունեցան Նիւ Ճըրզի մասնաճիւղի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ: Հանդիպումին բացումի կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Մարք Թորոսեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, կարգ մը տեղեկութիւններ փոխանձեց մասնաճիւղի անցեալ եւ յառաջիկայ գործունէութեանց շուրջ: Սրտի խօսք փոխանցեց Նիւ Ճըրզիի հոգեւոր հովիւ Տէր Յովնան քահանայ Պոզոյեան: Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքի աւարտին պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Ուրբաթ Հոկտեմբեր 26-ի երեկոյեան, Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հրաչ Մեսրոպեան հանդիպում մը ունեցան Պոսթընի մասնաճիւղի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ: Հանդիպումին բացումի կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբայր Սեւակ Խաչատուրեան, ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, կարգ մը տեղեկութիւններ փոխանձեց մասնաճիւղի անցեալ եւ յառաջիկայ գործունէութեանց շուրջ: Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Արամ Գայսերեան զեկուցեց Շրջանի գործունէութեանց եւ յաջորդ օրերուն տեղի ունենալիք 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներուն մասին: Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքի աւարտին պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Վերոյշեալ հանդիպումներուն եղբայր Գառնիկ հակիրճ զեկոյցներով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համաշխարհային կառոյցը, Կեդրոնական Վարչութեան Կազմը եւ Միւթեան 100 Ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքը որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ Յուլիս 20-29-ին:

Ճաշկերոյթ – Պարահանդէս

Շաբաթ Հոկտեմբեր 27-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ 100 ամեակի պարահանդէս ճաշկերոյթը, Պըրլինկթըն Մարիոթ պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ 300 Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու եւ համակիրներու: Բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ՝ այս առթիւ պատրաստուած 100 ամեակի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վահանի կրցկանշաններ, եռագոյն վզնոցներ եւ յուշամատեան-ծանուցման գրքոյկներ:
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ Սկաուտ դրօշակիրներու եւ պատուոյ հիւրերու մուտքով, Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգներու կատարողութեամբ քոյր Մեղրի Տէր Վարդանեանի եւ Անի Զարքարեանի:
Օրուան յայտագրի պաշտօնական բաժինով, հանդիսավար եղբայր Վահէ Թանաշեան երեկոն բացաւ բարիգալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն։ Ապա ան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրերը, որոնց կարգին յատկապէս հոգեշնորհ Տէր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեան, Հոգեւոր Հովիւ Ուսթըրի Սուրբ Երրորդութեան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, որ կը ներկայացնէ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեան։,
Պաշտօնական յայտագրի ընթացքին խօսք առին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբայր Արամ Գայսէրեան, եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեան: Եղբայրները շնորհաւորեցին ներկաները Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի պանծալի առիթով, բարձր գնահատեցին 100-ամեայ միութեան դերը՝ ազգանուէր սերունդներու պատրաստութեան աշխարհի 26 երկիրներու մէջ տարածուած 110 մասնաճիւղերով, եւ 28 հազար անդամներով:
Յայտագրի յաջորդ օրակարգով, Շրջանային Վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ծառայութեան» շքանշանով պատուեց երկար տարիներու ծառայութեան վաստակ կերտած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ.-
– Հայտի Կիւլէսէրեան Ալպընի
– Յարութ Արապեան Պոսթըն
– Աւօ Պարմաքեան Պոսթըն
– Արա Պարսումեան Պոսթըն
– Աւօ Պետրոսեան Պոսթըն
– Պետիկ Տէր Վարդանեան Պոսթըն
– Զեփիւռ Գահվէճեան Պոսթըն
– Մարսէլ Գարեան Պոսթըն
– Լեւոն Խաչատուրեան Պոսթըն
– Հեղիկ Մարկոսեան Պոսթըն
– Լինտա Մարսուպեան Պոսթըն
– Միսաք Ուրֆալեան Պոսթըն
– Սարգիս Ուրֆալեան Պոսթըն
– Սարգիս Ոսպիկեան Պոսթըն
– Թորոս Ոսպիկեան Պոսթըն
– Վարուժան Գուգուզեան Շիքակօ
– Էլիզապէթ Դրամկոչեան Ֆիլատելֆիա
– Յովիկ Աբգարեան Ուաշինկթըն
Ծրագրի պաշտօնական բաժինը շարունակուեցաւ, բեմ հրաւիրելով՝ պատւոյ հիւրերը, շքանշանակիրները, ձեռնարկի իշխանները, նախկին շքանշանկիր եւ պատւոյ նախագահնները որոնք եղբայր Գառնիկի ընկերակցութեամբ գնահատեցին 100-ամեակի կարկանդակը։
Նախկին շքանշանկիրներէն ներկայ էին Օհան Օհանեան, Սարգիս Ստեփանեան, Ռազմիկ Փանոսեան, Ճան Ճերիքեան, Սարգիս Կիւլէսէրեան, Յակոբ Խաչատուրեան եւ Ռիթա Օհանեան: Նախկին պատւոյ նախագահներէն ներկայ էին Օհան եւ Ռիթա Օհանեաններ, Սամիկ եւ Վարդենի Ճարեաններ, Տէր եւ Տիկին Ժան Ժագ Հաճճար եւ Նիքոլ Հաժժար-Պապիկեան: Ձեռնարկի իշխաններն էին եղբայրներ Պետիկ Տէր Վարդանեան, Թորոս Ոսպիկեան, Արա Պարսումեան եւ Զարեհ Գարակիւլլէեան:
Յայտագրի պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները Թորոնթոյէն ժամանած երգիչ՝ Գօգօ Ասայեանի եւ իր նուագախումբի ճոխ երգերով ու պարերով խանդավառ պահեր ապրեցան մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր, մանաւանդ երբ յեղափոխական երգերը թնդացուցին սրահը:

Դրօշի Օրհնենք եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն


Կիրակի Հոկտեմբեր 27-ի առաւօտեան, Ուըթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշակի օրհնութեան արարողութին, ձեռամբ Տէր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեանի եւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Անդրանիկ Աւագ Քահանայ Պալճեանի: Յաւարտ Սուրբ Պատարագի հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքի հիմնադիրներուն եւ ննջեցեալներուն:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները եւ համակիրները, Պոսթըն մասնաճիւղի սկաուտներուն եւ փողերախումբին առաջնորդութեամբ տողանցեցին դէպի Ուըթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը: Տողանցքի շքեղ երթը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Ուըաթըրթաունի հայութեան եւ օտար զանգուածներու սրտերուն մէջ, որոնք ծափողջոյններով քաջալերեցին տողանցողները:
Պաշտօնական Հանդիսութեան սրահները զարդարուած էին սկաուտական ձեռային աշխատանքներով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմութիւնը ներկայացնող նկարներու ցուցադրութեամբ:
Սկաուտական ձեռային աշխատանքները պատրաստուած էին Պոսթոն մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ, իսկ պատմական նկարները խնամքով պատրաստուած էին 100-ամեակի Շրջանային Յանձնախումբի անդամներումժն կողմէ:

100-ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Աւելի քան հարիւր հայորդիներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Սկաուտական կազմը դրօշակներով մուտք գործեց Ուըթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոն։ Անոնց կը հետեւէին շքանշան ստացող անդամները։ Օրուան հանդիսավարն էր Յակոբ Խաչատուրեան, որ ներկայացուց հիւրերը եւ բեմ հրաւիրեց Անի Զարքարեանը, որպէսզի մեներգէ Ա․Մ․Ն․-ի եւ Հայաստանի քայլերգները։
Հանդիսավար Խաչատուրեան նաեւ ներկայացուց շրջանի 12 մասնաճիւղերը։ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Ստեփանեան ստացաւ «Արժանեաց» Շքանշանը, ձեռամբ Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ Հրաչ Մեսրոպեանի։
Գեղարուեստական յայտագրին ելոյթ ունեցաւ ՛՛Սայաթ Նովա՛՛ պարախումբը, նաեւ փունչ մը տոհմիկ երգեր ներկայացուցին Մեղրի Տէր Վարդանեան եւ Յովիկ Խաչերեան։
Առաջին խօսք առնողն էր Պոսթընի մասնաճիւղի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեանը, որ շեշտեց, թէ նոր սերունդին պարտականութիւնն է աշխատանքը շարունակել, եւ միշտ ՛՛բարձրացուր, բարձրացի՛ր՛՛-ի ետին կանգնելով կերտել ապագայ։
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութեան ատենապետ Արամ Քայսերեան բեմ բարձրանալով, նշեց, թէ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ է Հ․Մ․Ը․Մ․-ը եւ այս գծով երիտասարդութեան պարտականութիւն տրուած է աշխատանքը շարունակելով, պայքարելով անյարիր սովորութիւններու դէմ։
Հ․Յ․Դ․ արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կ․Կ․-ի ներկայացուցիչ Ժան Աւետիսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այսօր,հարիւր տարի ետք, այդ կամաւոր բանակը, որուն դուք նաեւ մաս կը կազմէք, կը գործէ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, կառչած մնալով հիմնադիրներու հաստատած սկզբունքներուն, պատրաստելով՝ առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ։
Ան աւելցուց, թէ ազգային եւ գաղափարական դաստիարակութիւնը Հ․Մ․Ը․Մ․-ականին համար ո՛չ թէ առաջնահերթ, այլ նաեւ սուրբ է, փաստ՝ Արցախի ազատագրութեան համար պայքարած նահատակները, որոնք այսօր անմահացած են Եռաբլուրի մէջ:
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ներկայացուց օրուան պատգամը։ Ան յայտնեց, թէ հարիւրամ»ակի յոբ»լ»անն է այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ։ Շրջան մը, որուն մասնաճիւղերը աշխարհագրական հեռաւորութեամբ կը գործեն տարբեր նահանգներու մէջ, սակայն մի՛շտ Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական նուիրումով։ ՛՛Շրջան մը, որ մեր միութեան տուած է զանազան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, հաւատաւոր ու նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ ու տակաւին կը շարունակէ գործել նոյն հաւատքով եւ նոյն պատրաստակամութեամբ։ Շնորհաւորութ»ան խօսք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին ու միութ»ան 26 հազար անդամն»րուն, որոնք առիթն ու բախտը ուն»ցան միութ»ան 100-ամ»ակին ժամանակակիցն»րը ըլլալու, տօնակատարութիւնն»րուն մասնակից դառնալու։
Տէր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեան իր կարգին բեմ բարձրացաւ պատգամով մը։ Ան շեշտեց, թէ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի երթը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք` անտէր ու անտիրական որբեր խնամելու եւ հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքներով: Ան եղաւ կևթական հաստատութիւն մը՝ դպրոց մը, ուր սերունդէ սերունդ փոխանցուեցան ազգային գաղափարախօսութիւն եւ պատուի զգացողութիւն:
Ան եզրակացուց, թէ շնորհիւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ին, հայապահպանման առաքելութիւնը կը շարունակուի եւ այդ ալ հաստատ քայլերով: Ապա կատարուեցաւ փակման աղօթք եւ Անի Զարքարեան մեներգեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի քայլերգը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles