Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅ «ԿԱՏԱՍՏՐՈՖ»-Է

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Մակար ի Գաղիա 

Արմենակը երբեք այս վիճակին մէջ չէի տեսած:
– Նոյեմբերի արեւէն օգտուեցայ եւ եկայ, հակառակ ձեզ անհանգիստ չընելու Էլպիսի պնդումներուն: Խօսելու պահանջ ունէի:
– Գիտես որ անհանգիստ չես ըներ: Ի՞նչ է ցաւդ,- հարցուցի:
– Չեմ հասկնար, թէ ո՞ւր կ’երթայ Հայաստանը, ո՞ւր կը տանին ժողովուրդը: Ի՞նչ կը նշանակէ իշխանութիւնը վերադարձնել ժողովուրդին: Քէն եւ կիրք հրահրելով կը ստեղծենք կարգախօսներու արձագանգող վրիժառու չմտաող ամբոխ,- ըսաւ Կեդրոնականցին:
– Արմենա՛կ, հաւասարութեան սկզբունքով եւ ժողովրդավարական կարգով իշ-խանութիւնը պէ՛տք է վերադարձնել ժողովուրդին:
– Բայց ո՞վ է ժողովուրդը, ի՞նչ կ’ըսէ, ինչպէ՞ս լսել զինք, Մակա՛ր, ներկանե՞րը, բացականե՞րը, հեռուն գտնուողնե՞րը, գրողնե՞րը, ոսկեհանքի աշխատաւորնե՞րը, թո-շակառունե՞րը, ակադեմիկոսնե՞րը: Ամէնքը ժողովուրդ են, հաւասար են: Թէեւ ֆրանսացիները կ’ըսեն՝ որ ոմանք քիչ մը աւելի հաւասար են: Որոշ չէ, թէ ո՞ր իշխանութիւնը ո՞ր ժողովուրդին պիտի վերադարձուի: Խօսքի աճպարա-րութիւն կայ, իշխանութիւնը խօսքո՞վ ժողովուրդին պիտի վերադարձուի, որ անհատի՞ տրուի, ժողովուրդը խցկելով «այո՛»ի եւ «աղաղակ-ծափ»ի մէջ:
– Ինչե՜ր կը մտածես, Արմենակ:
– Կը մտածեմ եւ կը վախնամ: Ֆրանսայի թագաւորը կ’ըսէր՝ «ես եմ պետութիւնը», նոյն բեմադրութի՞ւն է, կ’ըսուի՝ իշխանութիւնը ժողովուրդին, կը հասկցուի՝ ես եմ ժողովուրդը: Նափոլէոն քահանայապետը կանչեց իր թագադրութեան, բայց ինք իր գլխուն դրաւ կայսերական թագը: Ոչ ոք ձայն ծպտուն հանեց: Ոչ ոքի հաշուետու:
– Յոռետես ես: Հիմա քահանայապետ, Նափոլէոն չկան: Ժողովուրդին կ’ըսուի, թէ ինք է իր ճակատագին տէրը, ինք է որոշողը, ան ալ գոհ է, բաժակաճառ լսելու պէս:
– Ճիշդ, Մակա՛ր: Եթէ յանկարծ ժողովուրդը տեսնէ, ֆրանսացի ղեկավարի մը ըսածին պէս, որ կը խաղցուի «ճերմակ գլխարկ-գլխարկ ճերմակ»ի թատրոն, յուսախաբ կ’ունենայ կ’ըլլայ եւ… «կատաստրոֆ»:
– Արմենակ, ընտրութիւն պիտի ըլլայ, ժողովուրդը պիտի մտածէ, ժողովուրդը որ չծափահարող եւ ծափահարող ժողովուրդը:
– Եթէ չծափահարողները յանկարծ կէսէն մէկ աւելի ըլլան, ժողովուրդի մէկ կէսը պիտի կանգնի միւս կէսին դէմ եւ Հայաստան կրկին սուղ հարկ պիտի վճարէ: Կրկին «կատաստրոֆ» կ’ըլլայ: Ինչո՞ւ սփիւռքի մէջ հանգիստ եւ կուշտ նստածներ կրակին վրայ իւղ կը լեցնեն:
– Արմենա՛կ, բազմաթիւ «կատաստրոֆ»-ներէ անցած ենք, մէկ աւելի մէկ պակաս շատ բան չի փոխեր: Ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, «կը դիմանանք էլի»:
Արմենակ գլուխը օրօրելով, եզրակացուց.
-Կը դիմանանք, կամ մնացողներն ալ կ’երթան դէպի «լաւ ապրելու իրաւունք շնորհող» աշխարհներ:
Մակարուհին սուրճ բերաւ փուռէն նոր ելած կարկանդակով, Արմենակ դադրեցաւ խօսելէ:
Իմաստուն Կեդրոնականցին ինչո՞ւ Հայաստանի հեռատեսիլէն խօսելու չեն հրաւիրեր:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles