
ՓԱՐԻԶ (Համազգայինի Կայքէջ եւ «Նոր Յառաջ»)․- Կիրակի, Հոկտեմբեր 28-ի յետմիջօրէին Իսի լէ Մուլինոյի Հայ մշակոյթի տան մէջ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Հօ տը Սէնի կորիզին։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ աւելի քան 50 հիւրերու։ Բարի եկաքի խօսքը փոխանցեց Հայ Մշակոյթի Տան տնօրէն եւ Համազգայինի նորաստեղծ կորիզի հիմնադիր անդամներէն Տիգրան Գարաօղլանեան։ Ան անդրադառնալով Համազգայինի 90 տարիներու գործունէութեան եւ առաքելութեան ըսաւ. «Համազգային ընկերակցութիւնը իր գոյութեան 90 տարիներուն ընթացքին իր կրթական եւ մշակութային հիմնարկներուն ճամբով գործած է ի նպաստ հայերէնի եւ հայ մշակոյթի աւանդումին ու յառաջմղումին։ Համազգայինը միջազգային ցանց մըն է մշակութային ստեղծագործութեան եւ հարստացման յանձնառու անձերու, որոնք ունին հայ ինքնութեան հասարակաց դրական եւ լայնամիտ տեսլական մը։ Ինքնութիւն մը, որ կը սնանի մշակութային ժառանգութեամբ եւ վճռակամ ուղղուած է դէպի ապագայ»։
Ապա ցուցադրուեցաւ Համազգայինի գործունէութիւնը պարփակող կարճ ժապաւէն մը։
Հերթաբար խօսք առին՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Սելլա Թնճուկեան, նորակազմ կորիզի անդամ՝ Յասմիկ Շահինեան եւ Համազգայինի Փարիզի մեկուսի կազմի ատենապետուհի Հուրիկ Պաղտասարեան։

Առաջին խօսք առնողը մանկական գիրքերու հեղինակ Յասմիկ Շահինեանն էր։ Անդրադառնալով Հօ տը Սէնի մասնաճիւղի ստեղծումին, յայտնեց թէ նպատակը նախ եւ առաջ գործե՛լ է ի նպաստ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին թէ՛ անոր պատերէն ներս եւ թէ անոր շրջափակէն դուրս՝ ճոխացնելով պզտիկներուն եւ մեծերուն հրամցուող հարուստ եւ այլազան մշակոյթը, բան մը, որ առիթ պիտի տայ մշակոյթի տարբեր երեսակները ծանօթացնելու լայն հասարակութեան։ Ան շարունակեց, ըսելով՝ թէ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ վերամուտին բացուած է «Շաբաթօրեայ դպրոց» մը, ուր Շաբաթ օրերը ժամը 10-էն 16 հայերէնի դասեր եւ զանազան աշխատանքներ կ՚առաջարկուին։ Խօսելով յառաջիկայ ծրագրերուն մասին, Շահինեան նշեց, թէ կը խորհին այցեր կազմակերպել օրինակ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը՝ ծանօթանալու հաստատութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայկական հաւաքածոներուն։ Իրենց նորակազմ խումբին ծրագրին համընթաց պիտի ջանան քայլ պահել առօրեային հետ եւ հրաւիրել օրինակ նոր գիրք հրատարակած հեղինակներ, կամ ներգրաւուելով Հօ-տը-Սէնի մշակութային կեանքին մէջ՝ կազմակերպել ցուցահանդէսներու խմբային այցելութիւններ եւ այլն։
Համազգային Թարգմանչաց վարժարանի նախկին եւ ներկայ աշակերտներէն ոմանք Թումանեանի հէքեաթներէն ներշնչուած թատերախաղ մը ներկայացուցին:
Ներկաները ուսումնասիրեցին Համազգայինի Հօ տը Սէնի առաջին միաւորի (գործած 30-ականներէն մինչեւ 50-ականները) արխիւները, որոնք ցուցադրուած էին սեղաններու վրայ:

Համազգային-Փարիզի վարչութեան ատենապետուհի Հուրիկ Պաղտասարեանն էր։ Ան շնորհաւորեց նոր մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը, նշելով՝ թէ «Փարիզի մասնաճիւղը ամենէն հինն է եւ Հօ տը Սէնինը՝ ամենէն նորը, իսկ այս երկու սերունդներուն միջեւ տեղի ունեցած է հսկայական յեղաշրջում մը՝ թուայնացումը։ Բայց մեր փորձառութիւնը եւ ձեր կորովը քով-քովի բերելով պիտի կարողանանք նոր յաղթանակներ արձանագրել»։ Տիկին Պաղտասարեան տեղեկացուց, թէ Իսիի քաղաքապետ Սանթինին՝ փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի միջոցաւ կը յայտնէ իր շնորհաւորանքները։ «Ան միշտ Հայերու կողքին եղած է եւ ատոր վառ օրինակը Թարգմանչաց դպրոցն է, որու հողին հայթայթումը եւ շէնքին կառուցումը քաղաքապետարանը ստանձնած է», ընդգծեց Պաղտասարեան։
Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Սելլա Թնճուկեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ․-
Համազգայինի 90-ամեակն է այս տարի։ 1918-2018 Պէյրութ, Հալէպ, Երեւան, Ստեփանակերտ, Թեհրան, Նիկոսիա, Գահիրէ, Աթէնք, Փարիզ, Շուէտ, Գանատա` Մոնրէալ եւ Թորոնթօ, իսկ ԱՄՆ-ու զանազան նահանգներու մէջ մինչեւ Աւստրալիա՝ Սիտնի, կը տօնենք Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան երկարամեայ ծառայութեան 90-ամեայ յոբելեանը։
Կ՚ուզեմ, միութեան գործունէութեան պատկերը ներկայացնելէ առաջ, շատ ամփոփ անդրադառնալ Համազգայինի հիմնադրութեան պատմականին:
1918-ի Հայաստանի պետականութեան փլուզումէն ետք հայ մտաւորականութիւնը եւ քաղաքական աւագանին՝ «élite»-ը, յայտնուեցան իրենց կարգին գաղթական վիճակի մէջ, ինչպէս քանի մը տարի առաջ, 1915-ին՝ Արեւմտահայութեան ամբողջ զանգուածը։
Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան հասած էին Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը եւ ստանձնած ուսուցչական ասպարէզը։
Ցեղասպանութենէն բախտով փրկուած ցիրուցան, անկազմակերպ հայ ամբոխներու ականատես՝ այս մտաւորականներու խումբը, խորհրդակցելով Ստեփան Խաչատուրեանի, Պալըգճեան եղբայրներու, Մինաս Խաչատուրեանի եւ Գասպար Իփէկեանի հետ, կ’որոշեն անկարելին կարելի դարձնել։ Ի՞նչ պէտք էր ընել մեծամասնութեամբ թրքախօս ժողովուրդին, որ անջատուած էր իր օրրանէն, դատապարտուած ձուլուելու, եթէ ոչ ազգային, հոգեմտաւոր աւիշ ներարկել։
Գրող, պատմաբան, քննադատ, թատերագիր, մանկավարժ, դերասան համախմբուած՝ կ՚որոշեն հիմնել փրկարար լաստ մը, մշակութային ապաստան մը, ուր արեւմտահայ լեզուն, գիրը, մշակոյթը կրնային ուսուցանուիլ եւ գոյատեւել:
Այս տեսլականով անոնք 1928-ին Գահիրէի մէջ կը հիմնեն «Հայ կրթական եւ հրատարակչական ընկերութիւն»-ը, որ քանի մը տարի գործելէ ետք, 1930-ին կը փոխադրուի Պէյրութ, Լիբանան, ուր կը հիմնուի միութեան հիմնական կռուանը՝ Հայ ճեմարանը, եւ միութիւնը պաշտօնապէս կ՚արձանագրուի հետեւեալ անուան տակ՝ «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային ընկերակցութիւն»։
Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք եւ այդ դժուարին հոգեկան, նիւթական պայմանները երեւակայենք, հաւանաբար մտածէինք, որ հայ մշակոյթով տագնապող այդ անձինք խիզախ խենթեր էին։ Այդ խումբը ամէն տեսակի ցցուած պատնէշներ ու դժուարութիւններ դիմագրաւեց եւ յուսահատութեան փոխարէն՝ պայծառամտութեամբ յայտնաբերեց գաղափարը հիմնելու Համազգային մշակութային միութիւնը՝ փրկելու համար ազգի ողնայարը: Եւ իսկապէս Համազգայինի ճեմարանը, որ կը գործէ մինչեւ այսօր, հանդիսացաւ շարունակական շտեմարան Արեւմտահայ գրողներու եւ գործիչներու։
90 տարիներէ ի վեր, հայրենիքէն հեռու, այդ առաքելութեան ռահվիրան կը մնայ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որ ուսուցման կողքին բարգաւաճած է իր այլազան ու լայնատարած գործունէութեամբ, որուն մէկ մասնիկն էք դո՛ւք, ձեր դպրոցով եւ այսօր ձեր մասնաճիւղով։ Ի՜նչ ուրախ զուգադիպութիւն է, որ դուք 90-ամեակի տարին կը հիմնէք նոր մասնաճիւղ մը Իսի-լէ-Մուլինոյի մէջ։ Տեսնելով այս խանդավառ եւ նախաձեռնող երիտասարդներէ կազմուած անդամները՝ կ՚ուզեմ ձեզի յիշեցնել, որ դուք պիտի ունենաք երկկողմանի պարտականութիւն. ձեր գործունէութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ինչպէս գաղութի, այնպէս ալ Համազգային-Թարգմանչաց դպրոցի մշակութային կեանքը եռանդուն պահել։
Անոնք, որոնք Սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան կը հաւատան, այլ միջոց չունին՝ բացի նոր սերունդին փոխանցելէ հայ լեզու, գիր եւ մշակոյթ՝ հիմնելով նոր դպրոցներ։
Այսօր Համազգայինը կը գործէ 12 երկիրներու մէջ իր 28 մասնաճիւղերով, ունի հայ լեզու դասաւանդող չորս ճեմարաններ՝ Պէյրութի, Մարսիլիոյ, Աւստրալիոյ մէջ, որոնց վերջերս միացաք դուք՝ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանով։
Այս ուսումնական հաստատութիւններուն կողքին, ինչպէս գիտէք, ան ունի բազմաթիւ մշակութային հաստատութիւններ. խնդրեմ հետեւեցէք https://www.hamazkayin.com կայքէջին։ Հոն պիտի տեղեկանաք միութեան այլազան գործունէութեանց, ուր Կեդրոնական վարչութիւնը եւ բոլոր մասնաճիւղերը կը տեղադրեն իրենց զանազան մշակութային գործունէութիւնները եւ յայտարարութիւնները։ Պիտի տեսնէք պարախումբեր, երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտանոց, կերպարուեստի դպրոց, հրատարակչատուն, տպարան, գրախանութ, ցուցասրահ, «Բագին» գրական եւ մշակութային հանդէս եւ այլն։ Կ՚ուզեմ նշել որ միութիւնը կը ջանայ նաեւ քայլ պահել իր գրախանութով, ուր կարելի է գնել եւ կարդալ զանազան գիրքեր։ Այս ծրագիրը իր նախնական քայլերուն մէջ է, որը շուտով աւելի մեծ գիրքերու ծաւալ մը պիտի ընդգրկէ։
Գործեցէ՛ք եւ ձեր գործունէութիւնները Համազգայինի կայքէջին անցուցէք։
Օգտուեցէ՛ք նաեւ չորս լեզուով «Նայիրի» բառարաններէն՝ թիւով 120 հատ, որու նախաձեռնողները եղան երկու համազգայնական երիտասարդներ։ Հաստատուած ծրագրերու կողքին սկսած են իրարու յաջորդել երիտասարդական նախաձեռնութիւններ. Ֆորում (Երիտասարդական հաւաքը), որ երիտասարդական ծրագրերու առաջիններէն է. ան կը կայանայ ամառները Հայաստանի մէջ: Արդէն իսկ գալ տարուան թուական ճշդուած է Յուլիս 15–29։ Մանրամասնութիւնները շուտով կը յայտարարուին։ Այս ծրագիրը կրնայ հետաքրքրել մանաւանդ զանոնք, որոնք հայկական դպրոց չեն յաճախած։ Կ՚ուզեմ շեշտել, որ այս տարի կը նախատեսուի մեծ շուքով նշել Ֆորումի 25-ամեակը։ Միացէ՛ք այս տօնակատարութեան՝ դարձեալ մանրամասնութիւնները պիտի տրամադրուին բոլոր մասնաճիւղերուն։
Վերջերս Ֆորումին յաջորդեցին երիտասարդական «Art Link» եւ «Youth Link» ծրագրերը, որոնք աւելի կարճ հաւաքներ են. առաջինը տեղի կ’ունենայ ԱՄՆ-ու կամ Գանատայի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Եւրոպայի։ Քաջալերեցէ՛ք ձեր երիտասարդ շրջապատը, նոյնիսկ չափահասները մասնակցելու այս օգտաշատ ձեռնարկներուն, որոնք լաւագոյն առիթներ են երկխօսութեան, լսելու դասախօսներ, ծանօթանալու մշակութային այլազան նիւթերու եւ միմեանց։
Վերջին ծրագրերէն են՝ Լալան ու Արայի մանկական համակարգչային խաղերը, որոնք բոլորովին անվճար տրամադրուած են հանրութեան։ Այս խաղերու միտքէն ծնաւ փոքրերը հետաքրքրող առարկաներու վաճառք, որոնցմէ ամենահետաքրքրականը եւ ժողովրդականութիւն վայելողը հայերէն երգող պուպրիկն է։
Վերջին համարձակ ծրագիրը, որուն նախաձեռնած է Կեդրոնական վարչութիւնը, որ ուսումնասիրութեան ընթացքէն անցած է նախնական փորձի, կը կոչուի Հ-Բեմ։ Ասիկա, համացանցային ծրագրերու ծիրին մէջ պիտի հանդիսանայ անսահման բեմ մը` տեղեկութեան, հայկական նորութիւններու, կարծիքներու փոխանակման եւ այլ գաղափարներու, որոնք կրնան գալ եւ միանալ մայր էջին՝ բանալով նոր հորիզոններ։
Այս բոլորը ընդհանուր պատկեր մըն էր Համազգայինի ընտանիքի գործունէութեան. կապուեցէք Կեդրոնական վարչութեան, գործակցեցէք Փարիզի, Մարսիլիոյ, Լոնտոնի եւ Շուէտի մասնաճիւղերուն հետ։
Աշխատինք իբրեւ մէկ ընտանիք՝ փոխանցելով գիտելիքներ եւ կազմակերպելով միասնական ծրագրեր։
Սիրելի՛ համազգայնականներ եւ Թարգմանչաց դպրոցի անձնակազմ, խօսքս կ՚ուզեմ աւարտել շնորհաւորելով ձեր նախաձեռնութիւնը։ Ներկայիս ջահը ձեր ձեռքն է՝ ընդարձակելու ձեր մշակութային գործունէութիւնը, որ այսօր անսահման կարելիութիւններ ունի։
Կեդրոնական վարչութիւնը կը մաղթէ ձեզի ամենայն յաջողութիւն։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները, որոնք Յովհաննէս Թումանեանի «Սուտասանը» երկի հիման վրայ թատերական պատկեր մը ներկայացուցին։
Ձեռնարկի աւարտին հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ: