Հինգշաբթի, 1 նոյեմբեր: Ֆրանսան կը յարգէ իր մեռեալները. Ամենայն Սրբոց: Ոմանք գերեզմանատուն կ’երթան, յարգելու համար սիրելիներու յիշատակը ծաղիկ կը տանին, գերեզմանաքարերուն շուրջը կը մաքրեն: Ոմանք ալ արձակ օրէն կ’օգտուին ընկեր-բարեկամ տեսնելու համար:
Կեդրոնականցին գերեզմանատան մէջ հանգչող սիրելի մը չունենալուն պատճառով, հակառակ քամիին եւ ցուրտին, առաւօտ կանուխ թէյ խմելու եկաւ: Գիտէ, որ Մակարուհին, հետեւելով արդիականութեան, բազմագոյն եւ բազմաբոյր թէյ կ’ունենայ: Զրուցեցինք գերեզմաններու մասին, ուր կը պահուի սերունդներու նիւթականացած յիշատակը:
Արմենակ հառաչեց.
– Գերեզմանը նախանձելի բան մը չէ, բայց ես կը նախանձիմ, որ ապուպապ չունիմ հոս, որուն շիրիմին ծաղիկ տանիմ: Մեր ժողովուրդը զրկուած է նաեւ այս յիշո-ղութեան իրաւունքէն: Իսկ ես կը նախանձիմ ծաղիկներ շալկած մարդոց եւ կիներուն, ծեր եւ երիտասարդ, որոնք ուխտի կ’երթան, եկեղեցիի շրջափակի տապանաքարի մը վրայ կարդալու համար հին արձանագրութիւններ, երբեմն եկեղեցիին չափ հին, դար ու դարեր:
Ի՞նչ կրնայի ըսել միշտ ինքզինք չարչարելու հետամուտ Կեդրոնականցիին:
Ինք շարունակեց.
– Մակա՛ր, յիշատակ քրքրելու համար գերեզման չունիմ: Բայց ամէն օր թաղման հանդէսի ականատես եւ ականջալուր կ’ըլլամ:
Հասկցայ որ Արմենակ իր սիրտը խոցող բան տեսած կամ լսած էր:
Շարունակեց:
– Երէկ հայատառ էջերով թերթ մը ստացայ: Լեզուի լապորաթորիա է այդ թերթը: Գրած էր, որ «պայմանաւորուածութեան համաձայն հիւրերը ծաղիկ խոնարհեցին»: Բացի «հիւրեր»ը բառէն, մնացեալ բառերը վարձու եւ թափծու բառեր էին: Ոստիկան չունինք որ տուգանէ:
– Այդ գրուածը հայերէն է, Արմենա՛կ, լաւ է որ ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն կամ թրքերէն չէ:
– Դուն ո՞ւր լսեր ես սա «պայմանաւորուածութիւն»ը: Պայման բառը երեք անգամ կոսմեդիկ վիրահատութեան ենթարկուած է, դարձած է ածական, ածականը՝ բայ եւ բայը՝ կրկին գոյական: Բառարաններ թղթատեցի. չգտայ նման բառ: Իսկ սա դժբախտ համաձայնը, անգլերէնէ փոխ առնուելով հայերէնի սիթիզըն է, եւ արտաքսած է մեր գեղեցիկ եւ աւանդական ըստը: Իսկ մարդիկ այնքա՜ն հպարտ դարձած են, որ իրենք դադրած են խոնարհելէ, եւ ծաղիկ կը խոնարհեն: Չի՞ բաւեր ծաղիկ ընծայել, ծաղիկ նուիրել, եւ գերեզմանի վրայ ծաղիկ զետեղել:
– Արմենակ, բանն ասանկ է, դիտողութիւն մի՛ ըներ, կը խրտչեցնես:
– Չե՞ս կարծեր, որ լուռ մնալով հայերէնը խրտնի, վախցած ձիու պէս, եւ կը փախչի: Ինչ որ թերթին մէջ կարդացի, կրնայի նաեւ հանգամանք ունեցողներէ լսել, «պայմանաւորուածութեան համաձայն հիւրերը ծաղիկ խոնարհեցին», մսաղացէ անցած հայերէն է: Աւելի լաւ է հասկցուելու համար ծանօթ-անծանօթ լեզուով գրել եւ մասնակից-մեղսակից չըլլալ- ցեղասպանութենէ ետք հայերէնասպանութեան:
Երբ Կեդրոնականցին կը մեկնէր, զինք դիտեցի: Իր սրտի ցաւը ինծի ալ ցաւ պատճառեց, իրեն եւ իր ցաւին համար:
Օր մը պիտի հասկնա՞յ, որ ժամանակները փոխուած են եւ հարկ քայլ յարմարցնել: Պրագմատիզմ:
Այսօր Ամենայն Սրբոց է:
Յիշատակ մեռելոց: Նաեւ ապրողա՞ց…
Մակար ի Գաղիա, 1 նոյեմբեր 2018