ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Սպիտակ Տան Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութեան դրդապատճառներն ու «թայմինկ»-ը բաւական վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու դուռ կրնայ բանալ։
Առաջին հերթին, քանի մը կարճ տեղեկութիւններ Մարտ 22, 2018-էն ի վեր նախագահ Թրամփի կողմէ նշանակուած Պոլթընի մասին։
Ամերիկայի կարծրատիպ անձնաւորութիւններու դասակարգին կը պատկանի Պոլթըն, որ իր երկրի շահերը ամէն բանէ վեր կը գերադասէ, նոյնիսկ մարդկային ամենադոյզն իրաւունքներէ եւ արդարութենէ։
Բրիտանացի հանրածանօթ բեմադրիչ Սթանլի Քիւպրիքի գլուխ գործոցներէն «Տաքթըր Սթրէյնճլաւ»-ի տիպարը յիշեցնող անձնաւորութիւններէն մէկն է Պոլթըն, որուն համար պարզ ու հեշտ են ռումբն ու աւերը, եւ բոլորովին երկրորդական՝ անոնց ստեղծած մտահոգութիւնները։ Այդ նոյնինքն «Տաքթըր Սթրէյնճլաւ» Պոլթընն էր, որ Սեպտեմբեր 11, 2001-ի ահաբեկչական արարքէն կարճ ժամանակաշրջան ետք, յերիւրածոյ եւ երեւակային եզրակացութիւններով, գործի լծուեցաւ Իրաք ներխուժելու եւ արդէն իսկ անկայուն Միջին Արեւելք մը բռնկեցնելու։
Ապա՝ կարճ ժամանակաշրջան մը, 2005-էն 2006 թուականներուն, Պոլթըն Մ․Ա․Կ․-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօն ստանձնեց։ Պաշտօն մը, որ բոլորովին չէր համընկնէր իր բնաւորութեան, գործելաձեւին եւ անշուշտ անցեալին։
Ահաւասիկ, վերստին գործի վրայ է այս խնդրայարոյց տիպարը, որ այս անգամ շարունակ հարցականի տակ կ՛առնէ Իրանի դերակատարութիւնը միջինարեւելեան թէ կովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ։
Այս այցելութիւնը ինչպիսի՞ պրիսմակով պէտք է դիտել, մանաւանդ երբ մէջբերուին, վարչապետ Փաշինեանի հետ տեսակցելէ ետք, Պոլթընի լափալիսեան խօսքերը, թէ Արցախի հիմնահարցին լուծումը բարդ է, եւ թէ հեշտ ըլլար, արդէն վաղուց կարգաւորուած կ՛ըլլար, աւելցնելով թէ ո՛չ ոք աւելի շատ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, քան իրենք` կողմերը, որոնք պէտք է աշխատին իրարու հետ , եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարենան գտնել լուծումը։
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ յատուկ շնորհաւորած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու խաղաղ հաստատումը, շեշտելով թէ Սպիտակ Տունը կ՛աջակցի նոր կառավարութեան ջանքերուն` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, դատական համակարգի թափանցիկութեան աստիճանի բարձրացման եւ քաղաքացիներու առջեւ կառավարութեան հաշուետուողականութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման։
Վերադառնալով այս այցելութեան դրդապատճառներուն եւ «թայմինկ»-ին, տեղին է նշել, թէ Պոլթընի այցելութենէն քանի մը օր առաջ, հետզհետէ կը բացայայտուէր Սէուտցի այլախոհ լրագրող Խաշոկկիի սպանութիւնը, Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ։ Նաեւ այդ օրերուն, Մոսկուայի հետեւողական աշխատանքի արդիւնք՝ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ ուղղակի կապի գիծ կը հաստատուէր, եւ ի վերջոյ, Երեւանէն հրաժեշտ տուող Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միլզի Արցախը «գրաւեալ հողեր» անուանէր։
«Ես իմ այցով չեմ եկած ազդարարելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութիւն, կամ նոր լուծումներ առաջարկելու այս հարցով», յայտնեց Պոլթըն։ Յոյսով ենք, որ ան տէր պիտի կանգնի այս խօսքին։