Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Փարիզի «Թումօ» Ստեղծարար Արհեստագիտութիւններու Կեդրոնի Պաշտօնական Բացում

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ»)․- Հոկտեմբեր 16-ին, “Forum des Images” համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Թումօ Փարիզ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն՝ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի կողքին ներկայ եղան նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան եւ Հ․Հ․ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան։

«Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնը արտադպրոցական ուսումնական միջավայր է, ուր 12-18 տարեկան պատանիները կ՚ուսանին անձնական յանձնառութեամբ:
Առաջին «Թումօ» կեդրոնը («Թումօ Երեւան»-ը) ստեղծուած է Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեանի նախաձեռնութեամբ՝ Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի կողմէ եւ աշակերտներուն առջեւ իր դռները բացած է Օգոստոս 14, 2011-ին:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց Ֆրանսայի սրտին՝ Փարիզի մէջ այս կեդրոնի բացման կարեւորութիւնը, նշելով՝ որ «Թումօ»-ի «արտածումը» Հայաստանէն, լաւագոյն ցուցանիշերէն եւ լաւագոյն արդիւնքներէն մէկն է կրթական համակարգին մէջ: “Հայերը ունին ծեծուած նախադասութիւն մը, որ «մենք չունինք բնական պաշարներ եւ մեր գլխաւոր պաշարը մարդկային ուղեղներն են։ Երկար ատեն մենք միջոցներ փնտռեցինք այդ պաշարը արտածելու համար եւ «Թումօ»-ն կրթական ոլորտին մէջ ապահովեց այդ ճեղքումը”, նշեց նախարարը՝ աւելցնելով, որ շուտով «Թումօ» կեդրոններ պիտի բացուին եւրոպական այլ մայրաքաղաքներու մէջ եւս:Image may be NSFW.
Clik here to view.

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան ալ իր կարգին յիշեցուց, որ անցեալ շաբաթ Երեւան կը հիւրընկալէր Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովը եւ քաղաքը կը խօսէր, կը լսէր եւ կ՚ապրէր ֆրանսերէնով: “Ես ուրախ եմ, որ այսօր ալ Երեւա՛նը, հայկակա՛նն են ներկայ Փարիզի մէջ։ Ներկայ են «Թումօ»-ի շնորհիւ եւ միջոցով”, նշեց քաղաքապետը, աւելցնելով՝ որ «Թումօ Փարիզ»-ը Երեւանի, հայկական ստեղծագործ միտքի ու ապրանքանիշի ներկայացումն է Փարիզի մէջ:Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հուսկ, Փարիզի քաղաքապետուհին իր ելոյթը սկսաւ ողջունելով Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Հայկ Մարութեանի ներկայութիւնը եւ շնորհաւորելով վերջինս՝ Երեւանի քաղաքապետ ընտրութեան առթիւ: Ապա, Հիտալկօ դրուատալից խօսքերով արտայայտուեցաւ «Թումօ»-ի մասին, նշելով որ Երեւան այցելութեան օրերուն, ժամանակի սղութեան պատճառով քիչ մնացեր էր, որ չայցելէ այդ կեդրոնը, ինչ որ մեծ կորուստ մը եղած պիտի ըլլար եւ այս ամբողջը պիտի չիրականանար: Բացատրեց, թէ որքան սրտին խօսած է այդ կեդրոնը եւ ինչպիսի՜ պայքար մղած է ինք, որպէսզի Եւրոպական Միութեան Փարիզի յատկացուցած կրթական նպաստը այս նպատակին տրամադրուի: Նշեց նաեւ թէ շուրջ 4.000 պատանիներ պիտի օգտուին արդիական այս «անհաւատալի» կեդրոնէն, աւելցնելով՝ որ որոշած է տեղերու 30%-ը վերապահել Փարիզ քաղաքէն դուրս ապրող՝ արուարձաններու պատանիներուն: Եւ իր խօսքը եզրափակեց կոչ ընելով այս նորաստեղծ կեդրոնի ապագայ աշակերտութեան. “Զարմացուցէք մեզ. ապագան մտածեցէք գլելով այն սահմանները, որոնք ընդհանրապէս կը պարտադրուին ձեզի, բայց միշտ մնալով՝ մարդկայինի սահմաններուն մէջ”։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles