Մեղրի Տէր Վարդանեան
Հ․ Ե․ Դ․ Պոսթընի ՛՛Նժդեհ՛՛ մասնաճիւղ
Դերեւս մտորումներս թուղթին չյանձնէի, եթէ ականատես չըլլայի երեւոյթներու որոնք լալու չափ զիս կը յուզեն։ Յաճախ ներկայ կ՚ըլլամ հայկական զանազան առիթներով կազմակերպուած ձեռնարկներու, յանկարծ անհանգստացած քիչ մըն ալ վրդոված դուրս կու գամ սրահէն մտքիս մէջ ունենալով հազարաւոր հարցումներ, որոնք կը մնան անպատասխան։
Մեղայ քեզ Արարատ…
Ինչո’ւ թրքական ոճ ունեցող հայերէն երաժշտութիւն լսենք ու քաջալերենք, երբ ունինք հայկական ճոխ եւ մաքուր երգեր։
Ինչո’ւ հայ երգիչներ ամօթի զգացումը մէկ կողմ դրած, թրքական երգերը հայերէն բառերով կ՝երգեն, տաղանդաւոր երգիչի կոչում ստանալու նպատակով, թէ միայն հաճոյք պատճառելու ունկնդիրներուն։
Այս տարի մենք նշեցինք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հարիւր ամեակը։ Մենք ունեցած ենք եւ կը շարունակենք ունենալ հարուստ պատմութիւն եւ մշակոյթ։ Ունինք Մեծն Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, Խաչատուրեան եւ շատ ու շատ անկրկնելի աշխարհահռչակ երաժիշտներ, բայց տակաւին թրքականը կը լսուի հայու շուրթերէն։
Մեր երաժշտութիւնը ոգի է, տեսակ է, ապրելակերպ է։ Մեր երաժշտութիւնը մերն է, յարգենք օտարինը բայց սիրենք մեր հայկականը եւ գուրգուրանք անոր։
Պահն է զգաստանալու,
Ո’ւր կ՝երթանք հայ ժողովուրդ…
Ինչպէս բանաստեղծ Գէորգ Էմինը ըսած է,
Ո՛չ պարսկական, ո՛չ թրքական,
Հայի հայկականն եմ ուզում։