Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- «Նամակներ Ժագ Ս. Յակոբեանէն սիրելի եղբայր Միքայէլին»

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վերջերս լոյս տեսած այս հատորին վերնագիրը շատ բան կը բացատրէ, սակայն միայն բովանդակութեան բնոյթին մասին։ Լոյս տեսած է «Եղբայր Միքայէլ»ի նախաձեռնութեամբ, իսկ ան Միքայէլ Եուսուֆեանն է, բանաստեղծ Ժաք Ս. Յակոբեանի մտերիմներէն, որ պահած է 1965էն մինչեւ 1975՝ գրողին կողմէ իրեն ուղղուած նամակներէն փունջ մը եւ լոյս ընծայած է, ներփակելով իր մէկ քանի պատասխանները, նաեւ բանաստեղծին անունին հետ աղերս ունեցող քանի մը գրութիւն։ Ըսինք «իրեն ուղղուած կարգ մը նամակներ», որովհետեւ նամակներուն ընթերցումէն կրնանք հետեւցնել, որ եղած են նաեւ ուրիշներ, որոնց հպանցիկ ակնարկութիւն ըրած է նամակագիրը, թէեւ նաեւ ըսած է, որ գրած է նամակներ, զորս չէ յղած հասցէատիրոջ, կան նաեւ… չգրուած նամակներ։
Հատորը կը բաղկանաը 222 էջէ. կողքին՝ երկու մտերիմներուն լուսանկարները. էջերն ալ ճոխացած են բանաստեղծին կեանքի տարբեր հանգրուաններէն քաղուած լուսանկարներով։ Հատորը կը բացուի Միքայէլ Եուսուֆեանի մէկ բացատրականով, որուն կը յաջորդէ Եուսուֆեանի կողմէ բանաստեղծին ձօնուած չափածոյ գրութիւն մը՝ ներբողականի շունչով։
Փոխանակուած նամակները կը գրաւեն 154 էջ, տեղադրուած՝ «Սիրտէ Սիրտ» ընդհանուր խորագիրին տակ։ Յաջորդ բաժինը խորագրուած է «Վկայութիւններ, կարծիքներ» եւ կը գրաւէ հատորին գրեթէ մնացեալ էջերը, իր կարգին ընդգրկելով վկայութիւններու եւ կարծիքներու ենթաբաժանումներ։ Վերջին էջերուն, կայ բանաստեղծին կեանքի հակիրճ պատմութիւնը։ Գին չէ ճշդուած, կþընդունուին սրտաբուխ նուէրներ։
Սա՝ հատիրին ընդհանուր նկարագրականը։
Ինչպէս ոեւէ գրողի պարագային, մեր գրականութեան անդաստանը աւելի քան 80 տարի մշակած այս բանաստեղծին համար ալ, նամակներու այս փունջին լոյս ընծայումը կը ծառայէ քանի մը նպատակի, բոլորն ալ ի շահ մեր գրականութեան ու Ժագ Ս. Յակոբեան ուսումնասիրողին։
Մեր նպատակը այստեղ լոյս տեսած հատորին մասին հատոր մը արձանագրել չէ, թէեւ նման փորձ անյաջող չþանցնիր, այլ լուսարձակի տակ բերել քանի մը արժանիք, հրաւիրելով այս բանաստեղծին գիրին հետւողները ծանօթանալու հոն տեղ գտած բաբախումներուն։
Թէեւ արձակով հիւսուած՝ այս հատորն ալ բանաստեղծական շունչ ունի եւ կը հանդիսանայ Ժագ Ս. Յակոբեանի գրական ժառանգութեան մէկ անքակտելի մասնիկը։ Բանաստեղծին վերջին աւելի քան կէս դարու գրականութկեան ծանօթ ընթերցողը ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ երկու հիմնական գիծի, որոնք կը կազմեն հեղինակին գրականութեան հիմնական առանցները. առաջինը՝ հայկական արժէքներու հանդէպ սէր, գուրգուրանք եւ հաւատարմութիւն, իսկ երկորդը՝ քրիստոնէական իր հաւատքին մասին անընդհատ վկայութիւն։
Այս արձակ էջերը չեն գրուած լոյս ընծայուելու հեռանկարով, հետեւաբար, բնականաբար կþարտացոլացնեն մտերմութեան եւ անմիջական հաղորդակցութեան էութիւն, որ մերթ կը համեմուի թեթեւ զուարթախոհութեամբ, ազատ արտայայտչաձեւերով, որոնք այլապէս տեղ պիտի չգտնէին այս բանաստեղծին էջերուն։ Մտերմիկ արտայայտութիւնները, յամենայնդէպս, ոչ մէկ ատեն կը շրջանցեն այն սահմանները, որոնք կը պարուրեն Յակոբեան գրողին էութիւնն ու նկարագիրը։
Մտերինի մը եւ խորհրդակիցի մը ուղղուած նամակներու այս շարքը անուղղակի կենսագրութիւնն է անձին ու գրողին-գիրքերուն, հիմնականօրէն տարածուելով տասնամեակի մը վրայ։ Առաջին նամակները գրուած են Աւստրալիայն, ուր հեղինակը հատստաուած էր Պէյրութէն մեկնելէ ետք, իսկ աւլի ուշ, մեկնակէտը Լոս Անճելըսի շրջանն է՝ Փասատինա, Նորթ Հոլիվուտ, Սանլէնտ…։ Ընթերցողը կը ծանօթանայ բանաստեղծին դիմագրաւած նոր կացութիւններուն ու անոնց առթած բազմաբնոյթ ազդեցութիւններուն։ Կարմիր թելի պէս, գրութիւններուն մէջէն կþանցնի հայահոծ ու հայութեամբ բաբախող գաղութներէ՝ ծննդավայր Երուսաղէմէն, Եգիպտոսէն ու Լիբանանէն հեռու ինկած ըլլալու տագնապները, սրտակից մտերիմներէ զրկուած ըլլալու եւ հեւքոտ աշխատանքին խլած տուրքին ստեղծած անդոհանքը, ընտանիքի ու զաւակներու հոգը տանելու այլապէս հաճելի պարտաւորութիւնները, սակայն այս ընթացքիկ հարցերէն անդին, լայն տեղ ունին համամարդկային ու համահայկական մտորումներ, խորհրդածութիւններ ու փիլիսոփայական սեղմ վերլուծումներ։ Տեղ մը կը գանգատի, որ «դուրսը օդը տաք է, սակայն սիրտս՝ պաղ», ակնարկելով ձուլումի ընթացքին ստեղծած վիշտին։ Ուրիշ տեղ մը կþարձանագրէ, որ տառապանքնեը մարդոց համար փորձաքար են, իսկ «դուռը»՝ տոկալն է։ Ան հաւատարիմ է իր թելադրած սկզբունքին. հակառակ ապրած բազմերես տառապանգներուն, միշտ ալ եղած է յոյսով լեցուն, լաւատես, աշխատած է ապագան փայլուն տեսնել, իսկ իրեն համար՝ ապագան միայն այս աշխարհին չէ կապուած, այլ մանաւանդ հանդերձեալ կեանքին։
Իր անձին ու ընտանիքին մասին հպանցիկ տեղեկութիւններու կողքին, հատորին մէջ ակնարկութիւններ կան նաեւ կարգ մը հատորներուն արարման ու լոյս ընծայման պայմաններուն մասին, այլ խոսքով՝ գիրքերու «կենսագրական»։
Լեզուն ու ոճը «յակոբեանական» է, այսինքն՝ իր բոլոր հատորներուն նման, այս նամակներն ալ արձանագրուած են սքանչելի հայերէնով մը, պատկերներով ու, ինչպէս նշեցինք՝ մանր ու մտերմիկ զուարթախոհութիւններով։ Տեղ մը գաղտնապահ է եւ բարեկամին կը գրէ, թէ չþուզեր «սիրտին գրպանը դուրս դարձնել», ուրիշ տեղ մը՝ առօրեայի հեքին մէջ «անմեղ թուղթ մը կը ձերբակալէ ու արջեւը կը նստեցնէ» նամակ գրելու համար։ Խոստովանութիւններ ալ ունի իր գրականութեան ատեղծագործական ընթացքին մասին. կը յայտնէ, թէ բանաստեղծութիւնները բծախնդիր վերամշակումի կþենթարկը, մինչեւ կէտադրութիւնները (ի վերջոյ, Վահան Թէքէեանի մտերմութիւնն ու բարի ազդեցութիւնը վայելած է երիտասարդութեան), սակայն նաեւ կþունենայ այն զգացումը, թէ լիովին չէ կրցած արտայայտուիլ (հոս ալ արձագանգ մը՝ Զապէլ Եսայեանի նման հոգեխոյզի մը ինքնադերսեւորման անբաւարարութեան զգացումին)։ Խոնարհ է ու կը մերժէ «բանաստեղծել» բառը, այլ կը նախընտրէ «բանագործել» եւ «արուեստագործել» եզրերը։ Կþափսոսայ, որ հայագիտական ուսում չունի, որովհետեւ եթէ ունենա՜ր… Կը մոռնայ, որ ոչ միայն հմուտ է մեր լեզուին ու բառապաշարին, այլ իր բանաստեղութիւններուն ճամբով նոր եզրերու յարգելի ժառանգութիւն մը ստեղծած է պատանութեան օրերէն ի վեր։ (Իսկ եթէ ընթերցողը հանդիպի ուղղագրական կամ շարուածքի թերիներւ, անոնք բանաստեղծինը չեն վստահաբար)։
Հատորին երկրորդ բաժինը՝ կարծիքներու եւ վկայութիւններու մասը առաջին հերթին տեղ կու տայ բանավէճի մը, որ ծագած է 60-ական տարիներուն, «Նայիրի»ի խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի կողմէ բանաստեղծին ու անոր պաշտօնավարած դպրոցին մասին քննադատական յօդուածի մը պատճառով։ Ժագ Ս. Յակոբեանի մտերիմները պատասխանած են Ծառուկեանի, եւ կþարձանագրուի, թէ ան ետդարձ ըրած է իր աննպաստ վարմունքէն։ Յաջորդ էջերը կազմուած են բանաստեղծին 50-ամեակի օրերուն կազմակերպուած հանդիսութեան մը առիթով գրութիւններէ, որոնք վեր կþառնեն Ժագ Ս. Յակոբեան գրողին արժանիքներուն տարբեր երեսները։ Առաջին գրութիւնը օրուան կաթողիկոսէ՝ Խորէն Ա.էն է։ Մուշեղ Իշխան կը ներկայացնէ հայրենաբաղձ Յակոբեանը, Ծառուկեան՝ սիրոյ երգիչը, Տոքթ. Ռոբովթ Չօրպաճեան՝ հաւատքի երգիչը, իսկ հեղինակը կազմակերպողներուն ուղղած է ողջոյնի գիր մը։ Այս շարքը կþաւարտի Ա. Կեսարենցի ստորագրութեամբ եւ օրուան Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի վարիչ Վարդգէս Համազասպեանին ուղղուած նամակ մը, ուր բանաստեղծին ու արժանիքներուն ներկայացումը կը կատարուի, նաեւ գանագատ՝ ծանօթ հրապարակագիր Շաքէ Վարսեանի կողմէ բանաստեղծին նկատմամբ անբարեխիղճ արձագանգի մը։ Նամակին կը յաջորդէ Հռութ Աճէմեանի ստորագրութեամբ գրախօսական մը՝ «Հայատրոփ» հատորին մասին։
«Նամակներ…»ը ուշադրութեան արժանի հատոր մըն է եւ իր յատուկ անկիւնը կը գրաւէ բանաստեղծ Ժ.Ս. Յակոբեանի գրական ստեղծագորութիւններու վաստակին մէջ, առիթ կը ստեղխէ ընթերցողին զայն անգամ մը եւս տեսնելու մտերմութեան մէջ, ինչպէս եղած էր օրագրական բնոյթով իր մէկ նախորդ հատորին մէջ։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles