Յամեցող ամրան աշուն է: Արմենակ եւ Էլպիս Հայաստանէն նոր վերադարձեր եւ երկրի թարմ շարոց բերեր էին: Ինք կ’ըսէ շարոց, թէեւ Հայաստան կ’ըսեն եւ կը գրեն սուջուխ:
Կեդրոնականցին սուջուխ բերելու համար եկող չէ: Ոմանք իրենք իրենց անպաշտօն դիւանագէտի ուսադիր կը շնորհեն, ինք վաղուց իւրացուցած է անպաշտօն Մեծ Լրագրողի, Grand Reporter-ի տիտղոսը՝ առանց ուսադիրի:
Սուրճին հետ ճաշակեցինք շարոցը, սիթիզըն սուջուխը:
Էլպիս եւ Մակարուհի հաւաքեցին եւ ներս տարին բաժակները: Արմենակ իր խօսքի ազատութիւնը գտաւ:
– Մակա՛ր, ինծի բացատրէ՛, թէ հայը ե՞րբ հայաստանցի է, ե՞րբ սփիւռքահայ եւ ե՞րբ արեւելահայերէն խօսող եւ գրող նոր բելգիացի, ամերիկացի:
– Ի՞նչ պատահած է: Պատմէ,՛ թերեւս պատասխան մը կը ճարեմ:
– Երջանիկ ես: Հայաստան գնա՛ երբեմն, տե՛ս երազ երկիրդ եւ սիրած ժողովուրդդ: Հոն երաժշտական երեկոյի մը ներկայ եղայ: Բելգիացի մը նուագեց: Արտագաղթած աղջիկ մըն էր, ըսին՝ սփիւռքահայ, չըսին հայրենաթող, հայրենահանուածի ժառանգ չէր: Հիացումով ներկայացուցին բելգիացին, Հայաստան ուսանած, որուն համար պետութիւնը ներդրում ըրած էր:
– Արմենա՛կ, այսքան կ’երթաս կու գաս, դեռ չհասկցա՞ր, որ հայրենիք էր ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը, անկախութենէն ետք ամբողջ աշխարհը հայրենիք է: Մենք յառաջադէմ ազգ ենք, համաշխարհայնացման աւանգարդիստներ:
– Հազիւ Բելգիա հասած, հայ աղջիկը արդէն Բելգիացի է եւ հայաստանցիի հիացման առարկայ: Ի դէպ, ուրիշ մըն ալ, իրեն պէս, արտագաղթած է Ֆլորիտա, հայերէնը չմոռնալու համար բանատեղծութիւն գրած է, Հայաստան եկած է եւ բովանդակութիւնը ծածկած գեղատիպ հատոր մը լոյս ընծայած է: Հին եւ նոր ծանօթներ գովերգեցին իր կենսագրութիւնը գրած նախկին հայաստանցիին տողերը: Հայրենիքը լքելէ ետք ինչպէ՞ս կարելի է հայրենիք երգել:
– Արմենա՛կ, ժամանակին վարչապետ մը ըսաւ, որ համաշխարհային ազգ էինք, հիմա նախագահն ալ այդպէս կ’ըսէ: Ալ ինչո՞ւ պայքարիլ արտագաղթի դէմ:
Արմենակ լռած էր: Պահ մը ետք, հառաչեց:
– Գացողները կ’երթան: Բայց հայրենիքի տէր մնացողները ինչո՞ւ այդքա՜ն կը հիանան գացողներուն: Իրե՞նք ալ կը պատրաստեն ճամպրուկները կամ այդ գացողները թե՞ւ կու տան իրենց երազներուն:
– Արմենա՛կ, ըսի, հայրենասիրութիւնը հայրենատիրութիւն չէ: Քիչ մը արդիական եղիր, համաշխարհային ազգ ենք, աշխարհաքաղաքացի ենք: Բայց դեռ չըսինք թէ որո՞ւ պիտի յանձնենք հողակտորը:
– Նոր Բելգիացիները եւ նոր Ֆլորիտացիները հայերէն կ’երգեն, բանաստեղծութիւն կը գրեն, հայրենիքի սիրով մենաթատրոն կը խաղան, մնացողներուն հրաւէր՝ դէպի Մայամի, Ֆլորիտա, Պեվըրլի Հիլզ, Քոթ տ’Ազիւր, Աքափուլքօ, եւ վերջինները չձանձրանալու համար քաղաքապետ, վարչապետ եւ Ազգային Ժողով կ’ընտրեն:
Այսպէս խօսեցաւ անպաշտօն Grand Reporter Արմենակ, ձայն տուաւ Էլպիսին, որպէսզի տուն երթան:
Ինչո՞ւ Հայաստան կ’երթան կու գան նոր Բելգիացին եւ նոր Ֆլորիտացին:
Ամիս մը ետք կրկին հայրենիք կ’երթայ հայ Կեդրոնականցին: Ինչո՞ւ:
Մակար ի Գաղիա, 17 հոկտեմբեր 2018