Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ մեր գաղութի մամուլէն եւ կամ մեր հայկական բազմազան պատկերասփիւռի գովազդներէն ծանուցուի, որ Երեւանէն կամ Գիւմրիէն այսինչ կամ այնինչ թատերախումբը ելոյթով մը Լոս Անճելըս պիտի գայ, եւ կամ` մէկը «բերած» է, շուտով մէջս տեսակ մը նախանձ կ՛արթննայ: Ինչպէս կ՛ըսեն` բարի նախանձ, եթէ կը հաւատաք: Որովհետեւ, յիշեցնեմ, սփիւռքի ամէնէն հայահոծ գաղութներէն մէկուն մէջ կ՛ապրինք եւ ունինք երգչախումբեր, պարախումբեր, պարային, նկարչական ու երաժշտական բազմաթիւ դպրոցներ, սակայն եւ այնպէս, թատրոնով կամ թատերախումբով աղքատ ենք: Ինծի համար նախանձելի են Մոնրէալն ու Պէյրութը, Նիւ Եորքն ու նոյնիսկ փլատակներու տակ ապրող մեր Հալէպը եւ տակաւին` ուրիշներ:
Միտքս աւելի պարզեմ:
Լսած եւ կարդացած ենք, որ դարերու պատմութիւն ունի հայկական թատրոնը: Դեռեւս երկու հազարէն աւելի տարիներ առաջ Մեծն Տիգրանը եւ Արտաւազդ թագաւորը հասկցած էին, որ թատրոնի ճամբով կարելի էր նաեւ ժողովուրդ դաստիարակել: Ուստի հաստատօրէն կրնանք ըսել, որ հայկական թատրոնը կը դասուի աշխարհի ամէնէն հին թատրոններու շարքին: Պէտք է նաեւ աւելցնել, որ թատրոնը մարդկային մտքի ստեղծած հրաշալիքներէն մէկն ալ է, եւ մեր ժողովուրդը մեկնելով այս վարկածէն` միշտ եւ ամէն առիթով ու ամէն տեղ թատրոնով ապրած է ու նաեւ` ապրեցուցած: Այսպէս, ան ո՛ւր որ հաստատուած է, իր դպրոցին, եկեղեցիին կամ կեդրոնին կողքին կամ մէջը հիմնած կամ կառուցած է նաեւ իր թատրոնն ու իր բեմով սրահը: Վկայ` սփիւռքներու տարածքին ցրուած հայ թատրոնները, ուր տարիներու երկայնքին գէշ-աղէկ հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները արտացոլացուցած են` մեր պատմութիւնը, մեր տարբեր խաւերու կենցաղը, մեր բարքերը, մեր մշակոյթը, մեր հասարակական եւ ընտանեկան կեանքը, մեր փառասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը, առաքինութիւնն ու մեր ազգային եւ ընկերային զանազան բարքերը: Այս բոլորը` արհեստավարժ կամ սիրողական դերասաններու խաղերով, վկայեալ կամ ոչ վկայեալ բեմադրիչներով, բեմական համեստ յարդարանքներով, բեմէն հասնող մեր մայրենի լեզուի զրոյցով, խօսքով, ձայնով, լոյսերու եւ ձայնային զանազան խաղերով եւ ձեւաւորումներով, չարին, բարիին, գեղեցիկին, վատին, ծիծաղին եւ հեգնանքին ձեւակերպումներով: Ու այս ձեւով հանդիսատեսը ներգրաւած է, որովհետեւ իւրաքանչիւր հնչող միտք, շարժում, դէպք, խօսք վերածուած է խորհուրդի եւ շատ յաճախ ալ` խրատի բնոյթ ստացած: Ու ամէն առիթներով, իւրաքանչիւր ներկայացման, հայ հանդիսատեսը, պատիւ իրեն, իր նիւթականով, իր ծիծաղով, իր սիրով ու ակնածանքով, իր քաջալերանքով եւ ջերմ ողջոյններով ծափահարած է հայ բեմի վարպետները, զոհաբերող դերասան-դերասանուհիները, թատերագիրը, բեմադրիչը, կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամները, վարագոյրին ետեւ գործող անանուն կամաւորները եւ այս ձեւով իր ջերմ երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը արտայայտած է:
Իսկ գալով ինծի` անձնապէս միշտ ուրախութեամբ ներկայ ուզած եմ գտնուիլ եւ գտնուած ու միաժամանակ մօտէն հետեւած եմ իւրաքանչիւր թատերական գործին, որովհետեւ, անկեղծօրէն, թատրոնի սիրահարներէն եմ: Ու ի՛նչ մեղքս պահեմ, թատրոնի հետ իւրաքանչիւր հանդիպումս ինծի համար տօն է եղած, որովհետեւ, որոշ չափով, հոն առնչուած եմ հրամցուած ուրախ կամ տխուր անսպասելիին, կեանքի իրականութիւններուն: Եւ երբ տեսած եմ հայ թատրոնի սիրոյն մատուցուած անսակարկ խոնջէնքը, բոլորին նման, ոչ միայն ուրախացած եմ, այլ նաեւ` հպարտացած:
Արդ, այս երկար նախաբանէս ետք ինծի համար հարց մը կը ծագի, թէ մեր գաղութէն ներս ինչպէ՞ս կարելի է շեշտել թատրոն արուեստի կարեւորութիւնը:
Չմոռնանք սակայն, որ Լոս Անճելըսի գաղութը թատերական աւանդոյթներ ունեցող գաղութ մը եղած էր, յատկապէս` անցեալ դարու 70-ականներէն սկսեալ: Ունեցած էր եւ տակաւին ունի մշակութային միութիւններ, որոնք կարծես ներկայիս, թատրոնէն բացի, ուրիշ «բաներով» զբաղած են: Եւ սակայն չենք կրնար ուրանալ, որ շրջանէս ներս Կաղանդի ծառի լոյսերուն նման վառող-մարող խումբեր ալ կան: Բայց նաեւ կայ միայն մէկ միութիւն, որ պահած է իր սեփական թատերախումբը, եւ որ տարին մէկ ելոյթով մը ինքզինք ողջ կը փորձէ պահել մեր այս հսկայ հայահոծ գաղութէն ներս: Թերեւս անոր համար է, որ անհատներ կամ միութիւններ «դուրսէն» խումբեր կը հրաւիրեն: Աւելորդ վերլուծումներու կարիքը չունիմ:
Արդ, յստակ է, որ հո՛ս` մեր մօտ, հայ բեմով լրջօրէն «զբաղող» չկայ: Անոր համար տեսանելի է, որ հոս թատրոնը կ՛ողբայ իր մռայլ նահանջը եւ, աւելի՛ն, իր մեռելութիւնը:
Այստեղ անկեղծօրէն բոլորս ալ ունինք մեղքի մեր բաժինը:
Բայց կ՛ուզեմ յատկապէս շեշտել, որ թատրոն ունենալու կամ պահելու համար, նիւթականի կողքին, նախապայման է ունենալ խումբ, խաղացանկ, բեմադրիչ եւ դերասաններ: Այսինքն պէտք է ունենանք նիւթի դիպուկ ընտրութեամբ ընտիր խաղացանկ, բեմադրական ժամանակակից կողմնորոշում եւ այլն:
Անկասկած գաղութէն ներս թատերական ասպարէզին մէջ վաստակ ունեցող շնորհալի դերասաններ եւ բեմադրիչներ ունինք: Ունինք նաեւ շնորհալի երիտասարդներ, որոնք իրենց նոր շունչով եւ իրենց ստեղծագործ միտքով ու գաղափարներով, իրենց նորութիւններով յագեցած թատրերգութիւններով կրնան աշխուժացնել թատերական մեր կեանքը, ինքնագիր կամ թարգմանական: Տեսնուած է, որ մինչեւ հիմա հրամցուած թարգմանական գործերով աշխարհի օտար հերոսները դարձուցած ենք մեր հերոսները: Այս բոլորը` որովհետեւ մերը չունինք: Մենք մեր սեփականը կ՛ուզենք ունենալ: Գիտենք, որ մեր արդի գրականութիւնը թատրերգութիւններով այնքան ալ հարուստ չէ: Այլ խօսքով, ան թատերական գրուածքներով չքաւոր ալ է: Ուստի լուրջ ուշադրութիւն է պէտք: Հաւաքել, մէկտեղել, քաջալերել նորերը, նոր գրիչները: Եւ որպէսզի մենք ապագային ունենանք զարգացած, նրբաճաշակ հանդիսատես, անհրաժեշտ է սկսիլ հայկական բոլոր վարժարաններուն մէջ թատրոնի դասաւանդումը: Գոնէ հայ աշակերտին հրամցնել թատրոնին նախաճաշակ մը: Չէ՞ որ բոլորս ալ քաջ գիտենք, որ թատրոնը նաեւ հայապահպանման գործին մէջ հսկայական դեր կրնայ խաղալ: Ուրեմն…
Եւ թատրոնը միայն այն ժամանակ կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն, երբ կը դառնայ հանդիսատեսի աշխարհին արդարամիտ արձագանգողը:
Զարկ տալ հայ թատերական մեր գրականութեան ճոխացման: Ահա՛ մեր շրջանի հայ թատրոնի վերընձիւղման դեղատոմսը: Ու այս մէկը կարելի է` համախմբելով գաղութի այն բոլոր մարդիկը, որոնք մտահոգ են այս հարցով: Այլ խօսքով, գրող, դերասան, բեմադրիչ մէկտեղելով` սկսիլ կամ լծուիլ աշխատանքի: Թատրոնը ամէն տեղ կը պահուի իր ժողովուրդի քրտինքով եւ անոր նիւթաբարոյական գնահատանքներով: Գիտակից հանդիսատես հասարակութիւնը անպայման զայն կը պահէ եւ արդէն միշտ պահած է: Բայց անհրաժեշտ է նախ թատրոնը իր զարգացումը ապրի:
Ու այս մէկը կ՛իյնայ շրջանիս բոլոր մշակութային միութիւններու ճիտին` իբրեւ հարազատ պարտք, եթէ…
Հաւատացէ՛ք, մեր թատրոնի զարթնումը իսկապէս հոգեկան գոհունակութիւն պիտի տայ մեզի, եւ անպայման մեր հանդիսատեսը ինքնակոչ, կամաց-կամաց պիտի վերադառնայ թատրոն:
Պարզ հայերէնով, մեր գաղութի հայ թատրոնը իր վերածնունդի կարիքը ունի:
Մնացեալը դո՛ւք գիտէք արդէն: