Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՄՈԼԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆ Է

$
0
0

 

 Յ. Պալեան

Մոլեռանդութիւնը կոյր է, ան կը խլացնէ եւ

կը կուրացնէ: Մոլեռանդը ինքնիրեն հարցումներ

չ’ուղղեր,  չի գիտեր կասկածը. ան կը խորհի որ գիտէ:

Էլի Վեզէլ

 

            Ինչո՞ւ հայեւթուրք յարաբերութիւնները եւ փոխհասկացողութիւնը կը մնան սառած կէտի վրայ: Այս մասին պէտք է մտածեն ե՛ւ հայերը ե՛ւ թուրքերը: Երբ կ’ըսեմ թուրքերը, կը հասկնամ պաշտօնական Թուրքիան, պետութիւնը, որ տէրն է հանրային կարծիքին, գիտցած է եւ գիտէ հրահրել ազգայնական մոլեռանդութիւնը, միշտ նաեւ կրօնական ենթահողի վրայ, կան նաեւ թուրքերը՝ անկախաբար պետութենէն, ժողովուրդը՝ որ գործիք է իշխանութեան ձեռքին, որուն կը ներշնչուի մոլեռանդութեան կիրքը:

            Ի հարկէ կան յարգելի բացառութիւններ, մտաւորականներ, գրողներ, լրագրողներ, որոնք չեն հետեւիր թուրք պետութեան ազգայնամոլական վարքագիծին, կ’ուզեն գիտնալ ճշմարտութիւնը, առարկայական ընթերցումը կ’ընեն պատմութեան, բայց անոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին թուրք հանրային կարծիքին վրայ, կը մնան սահմանափակուած շրջանակի մը մէջ: Եւ մոլեռանդութիւնը կը տեւէ՝ կռթնած կատարուած իրողութեան ուժին վրայ:

            Հայ հանրային կարծիքը, իր կարգին, պիտի հասկնայ, որ հայեւթուրք յարաբերութիւնները եւ փոխհասկացողութիւնը, վաղ թէ ուշ, պիտի կայանան աշխարհագրական այդ շրջանին մէջ, երկու ժողովուրդներու միջեւ: Ոչ Ամերիկան, ոչ Ֆրանսան, ոչ ալ մէկ այլ պետութիւն, պիտի չկայացնեն այդ փոխհասկացողութիւնը, անոնք միայն միջնորդի դեր կրնան կատարել, այդքանն ալ՝ յաճախ մեկնելով իրենց շահերէն:

            Կարեւորը թուրք հանրային կարծիքին լուսաբանումն է: Մինչեւ այն ատեն, որ թուրք հանրային կարծիքը կը մնայ խարսխուած թելադրուած եւ իւրացուած ըմբռնումներու վրայ, փոխհասկացողութեան կարելի չէ յանգիլ: Ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի քաղաքական վարքագիծ դարձած ազգայնամոլութիւնը, որ ուրացումներու եւ անգիտացման դրամագլուխն է, իր քարացումէն դուրս գայ: Նոպէլեան դափնեկիր Էլի Վէզէլի մտածումը, ըստ որուն «Մոլեռանդութիւնը կոյր է, ան կը խլացնէ եւ կը կուրացնէ: Մոլեռանդը ինքնիրեն հարցումներ  չուղղեր,  չի գիտեր կասկածը. ան կը խորհի որ գիտէ», ինչպէ՞ս կարելի է հասցնել թուրք ժողովուրդին, ոչ միայն մտաւորական շրջանակներու, եւ պետական գործիչներու:

            Մեր խօսքը ինչ կը վերաբերի հայկական հարցին, ան կամ կը մնայ ներհայկական շրջանակի մէջ, կամ, բախտաւոր պարագային, կը հասնի մեր «բարեկամներ»ուն: Այս վերջինները, աւանդութիւն է, Թուրքիան չեն ուզեր վշտացնել, նկատի ունենալով, որ ան «դաշնակից» էր եւ մանաւանդ՝ շուրջ հարիւր միլիոննոց շուկայ է: Իսկ Թուրքիոյ վարիչները, երէկ եւ այսօր, միշտ ալ գիտցած են, եւ գիտեն, իրենց քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ օգտագործել այդ տուեալները: Ներհայկական եւ մեր բարեկամներուն մօտ տարուելիք լուսաբանական աշխատանքը կը կատարուի, կատարուած է, բայց ան լուծման դռներ չի բանար: Հարցը կը պահէ որպէս չլուծուած օրակարգ:

            Ոչ մէկ պետութիւն, որքան որ ալ համոզուած ըլլայ, որ հայկական հարցը արդար է, «շրթներու ծառայութենէ» (lip service) անդին պիտի չերթայ: Ցեղասպանութեան ճանաչումները «շրթներու ծառայութիւն» են: Ոչ մէկ պետութիւն իր յարաբերութիւնները պիտի չխզէ Թուրքիոյ հետ, ոչ ալ բանակ պիտի ղրկէ: Ցեղասպանութեան «ճանաչումները» բարոյական յաջողութիւններ, քաղաքական չեն:

            Իսկ մենք, գումարած մեր գիտնականները եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած ցեղասպանագէտները, ինչ որ փաստենք եւ փաստեն, հարցի լուծման ոչ մէկ նպաստ պիտի բերեն, եթէ Թուրքիան ինք չլուսաբանուի եւ չհամոզուի, որ հայկական հարցի լուծումը, իր մասնակցութեամբ, բարիք պիտի ըլլայ իրեն եւ խնդրոյ առարկայ բոլոր ժողովուրդներուն, մանաւանդ որ մոլորակը կը գտնուի զանազան բնոյթի մարտահրաւէրներու դիմաց, զորս դիմակալելու համար անհրաժեշտ է առանց սահմաններու ետին մնալու՝ համագործակցութիւն:

            Թուրք հանրային կարծիքին հասնելու համար Եւրոպայի կամ Ամերիկայի բեմերէն խօսուած ճառերը, յօդուածները, անբաւարար են: Ի՞նչ պէտք է ընել հասնելու համար թուրք քաղաքացիներուն եւ Թուրքիոյ վարիչներուն՝ իրենց յարկին տակ: Պոլսոյ մէջ հրատարակուող այլապէս հետաքրքրական հայերէն լրատուամիջոցները հերոսական ճիգեր են, բայց կը ծառայեն ներքին սպառման, քիչ մըն ալ կը խանդավառեն Հայաստանցիները եւ սփիւռքները: Այդքա՛ն:

            Հայ քաղաքական միտքը, ինչ կը վերաբերի իր պահանջներուն եւ կարելիութիւններուն, հանդէս պէտք է գայ, առանց հիմնականը անտեսելու, իրապաշտական առաջարկներով, որոնք նաեւ կրնան հիմք ծառայել այսօր անկարելի թուացող բանակցութիւններու: Կրնա՞նք Թուրքիան համոզել, որ հայկական հարցի լուծումը շահաւէտ է իրեն համար նաեւ: Երբ կ’ըսեմ Թուրքիա, նկատի չունիմ միայն կարծրացած դիրքի վրայ մնացող պետութիւնը, այլ նաեւ Թուրքիոյ ժողովուրդը, որ միատարր չէ:

            Հրանտ Տինքի նախաձեռնութիւնը, որ կը միտէր Թուրքիոյ մէջ լսելի դարձնել տարբեր տեսակէտ, պէտք է ընդլայնել եւ շարունակել: Ինչպէ՞ս: Այս է հարցը: Մինչեւ այն ատեն, որ մոլեռանդութիւնը չէ դարմանուած, հայեւթուրք երկխօսութիւնը անկարելի կ’ըլլայ: Ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ Թուրքիան, պետութիւն եւ ժողովուրդ, որ մոլեռանդութիւնը «կը խլացնէ եւ կը կուրցնէ»: Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի հայերը եւ թուրքերը ապրին ճշմարտութեան պահը, պատասխանեն հարցումներու, ընդունին, որ կատարուած իրողութիւնները ոչ ճշմարտութիւն են եւ ոչ ալ արդարութիւն: Սովորաբար կը գործածուի պատմութեան հետ առերեսուիլ բառը: Ոչ ոք այնքան միամիտ է խորհելու, որ պատմութիւնը կարելի է վերսկսիլ այն կէտէն, երբ անհասկացողութիւն, խզում, չարիք, անարդարութիւն, պատահած էին: Բայց հարկ է խօսիլ, գիտակցիլ, ընդունիլ որ ինչ որ եղած է մարդկային եւ միջազգային յարաբերութիւններու սխալ է, ծանրակշիռ սխալ, եւ ապա, որպէս քաղաքակիրթ մարդիկ, խորհիլ, թէ ի՞նչ կարելի ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի հայրերու սխալի հետեւանքները չկրեն որդիները:

            Նա՛խ խօսիլ:

            Խօսելու համար առնուազն երկու պէտք է ըլլալ: Խօսելու համար լսող պէտք է ունենալ:

            Լսող եւ խօսող պէտք է մեկնին այն պարզ վարկածէն, որ միւսն ալ կրնայ իրաւունք ունենալ: Մոլեռանդութիւնը կը փակէ պահ մը կասկածելու եւ ինքզինք հարցականի ենթարկելու ազնիւ մտածման դռները: Ինքզինք հարցականի ենթարկել անպայման չի նշանակեր սխալած ըլլալ, այլ քայլ մը առաջ նետել խորհելու համար, որ միւսն ալ կրնայ ճիշդ ըլլալ:

            Հայեւթուրք յարաբերութիւններուն համար այս դաստիարակչական աշխատանքը կարեւոր է եւ ապագայակերտ:

            Ի՞նչ  պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս, որ Թուրքիոյ տարածքին չլսուի միայն պետական տրամաբանութեան եւ ճշմարտութեան խօսքը, այլ լսուի նաեւ մարդկային առողջ յարաբերութիւններու եւ ճշմարտութեան խօսքը:

            Ցայսօր, կը լսուի միայն պետութեան խօսքը, խարսխուած անարդարութեան եւ զայն ապրեցնող մոլեռանդութեան վրայ:

            Հաղորդակցութեան անսահմանափակ կարելիութիւններու դարուն, ոչ միայն հայը, եւրոպացին, ամերիկացին եւ ուրիշները պէտք է լուսաբանել եւ լուսաւորել, այլ նաեւ մանաւանդ՝ թուրքը, ուր ալ գտնուի ան, ուղղակիօրէն, իր յարկին տակ, իր առօրեայի ընթացքին: Այս աշխատանքը ոչ հայերէն պիտի ըլլայ, ոչ անգլերէն, ոչ ֆրանսերէն, ոչ գերմաներէն, ոչ ռուսերէն, այլ թրքերէն, որպէսզի Գոնիայի, Մէրսինի, Անգարայի, Պոլսոյ եւ այլ վայրերու միայն թրքերէն խօսող զանգուածները իմանան:

            Հաղորդակցիլ եւ լուսաբանել, առանց կիրքի եւ թշնամութեան, առանց մէկ մոլեռանդութեան հակադրելու ուրիշ մոլեռանդութիւն մը:

            Օր մըն ալ, լաւատեսութեամբ, յանգելու համար իմաստուններու երկխօսութեան:

            Եւ կրկնել. որ պէտք է լուսաբանել իւրաքանչիւր թուրքը իր յարկին տակ:

            Որպէսզի յաղթահարուի մոլեռանդութիւնը: Այդ է գինը դրական արդիւնքներու հասնելու միտում ունեցող հաւանական երկխօսութեան:

            Եւ դուրս գալ բանգիտական ինքնագոհութիւններու կոխուած ուղիներէն:

            Այս կամ այն մեծանունի ձեռքը թօթուելով կամ անոր հետ ճաշելով հայկական հարց լուծելու քաղքենիական միամտութեամբ (մեծամտութեամբ) իրարանցումներէ:

            Ինչպէ՞ս լուսաբանել թուրք զանգուածը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles