Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Երեւանի Մէջ Սկսան Ֆրանսախօսութեան Ձեռնարկները

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ․- Հոկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցած Ֆրանսախօսութեան Մնայուն խորհուրդի նիստին՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարուհի Միքայէլ Ժան պաշտօնապէս կատարած է ձեռնարկներու սկիզբը:
Հոկտեմբեր 8-9-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 35-րդ նախարարական համաժողովը: Հոկտեմբեր 9-ին Ազատութեան հրապարակին վրայ կատարուեցաւ Ֆրանսախօսութեան աւանին պաշտօնական բացումը:
Ֆրանսախօս մամուլի միջազգային միութեան 47-րդ նստաշրջանը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբեր 9-էն 12, Ծաղկաձորի մէջ։ Իսկ Հոկտեմբեր 11-12-ին տեղի կ՚ունենայ Ֆրանսախօսութեան 17-րդ վեհաժողովը, որուն առանձնանշան ընտրուած է նուռը, խորհրդանիշ՝ ֆրանսախօս ամբողջ տարածքի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման։ Բնաբանն է «Ապրիլ միասին` յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս տարածաշրջանին մէջ»:
Վեհաժողովի մասնակից երկիրները, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գործընկերներն ու գործակալութիւնները կարելիութիւնը կ՚ունենան ցուցադրելու իրենց երկիրներու մշակութային եւ լեզուական ամբողջ բազմազանութիւնը: Կը ներկայացուին արհեստագործական իրեր, մասնակից պետութիւններու զբօսաշրջային կարելիութիւնները, արուեստի, մշակոյթի գործեր, ինչպէս նաեւ ազգային խոհանոցը: Բացման արարողութեան եղած են ելոյթներ, երաժշտական կատարումներ, որոնցմէ ետք այցելուները շրջած են զանազան տաղաւարներու մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles